Պորուսիա Տորթմունտ, որուն մաս կը կազմէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին ճակատեցաւ գերմանական Գ. դասակարգի կազմերէն Օսնապրիուքի դէմ:
Մրցումը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով:
Մխիթարեանի նշանակած կոլը (65-րդ) իր կազմը փրկեց պարտութենէ մը` նկատի ունենալով, որ մրցակից կազմը Ա. կիսախաղին 1-0 արդիւնքով կը յառաջանար` շնորհիւ Ֆելտհանի նշանակած կոլին (34-րդ` փենալթիով):
Տորթմունտի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Ռոտ Վայս Էսէն (27 յուլիսին):


