Միջազգային մամուլին համաձայն, շատ հաւանական է, որ մեքսիքացի ֆութպոլիստ Ռաֆայէլ Մարքեզ, որ նախապէս մաս կազմած է Պարսելոնայի, վերադառնայ եւրոպական ֆութպոլ:
35 տարեկան Մարքեզ, որ այժմ մաս կը կազմէ մեքսիքական Լէոն խումբին, հաւանական է, որ միանայ Վերոնայի` նկատի ունենալով, որ վերջինս կեդրոնի յետսապահ մը կը փնտռէ:
Սակայն ասոնք պարզապէս տարաձայնութիւններ կրնան ըլլալ` նկատի ունենալով, որ Մարքեզ վերջերս իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսած էր, որ կը մտադրէ լքել ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:


