Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արդեօ՞ք Էրտողանը Հայաստան- Թուրքիա Սահմանը Պիտի Բանայ

July 22, 2014
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

22-07border«Հետք» լրատուական կայքէջի աշխատակից Արմէն Առաքելեան հետեւեալ ձեւով կը վերլուծէ Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացման մասին վերջերս թրքական մամուլին կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած լուրը:

Թրքական «Թարաֆ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յանձնարարած է այս տարուան սեպտեմբերին բանալ Հայաստանի հետ սահմանը: Թերթը այս որոշումը կը կապէ հայ-թրքական հաշտեցման ուղղուած Էրտողանի նախաձեռնութիւններուն հետ` գրելով, թէ ատիկա պիտի ըլլայ այդ հարցին մէջ անոր երկրորդ քայլը` այս տարուան ապրիլի 24-ի նախօրեակին հայերուն ցաւը կիսելու հետ կապուած յայտնի ուղերձէն ետք:

Այն, որ տեւական ժամանակ թրքական կողմէ սահմանի բացման ուղղուած նախապատրաստական աշխատանքներ իսկապէս կատարուած են` սահմանին յարակից ճանապարհի 7 քիլոմեթր հատուածի կուպրապատման, մաքսատան կառուցման, սարքաւորումներ տեղակայելու տեսքով, քանի մը անգամ արձանագրած է նաեւ հայկական մամուլը: Սակայն արդեօք այդ ամէնը կրնա՞յ նշանակել, որ Թուրքիա կը պատրաստուի բանալ հայկական սահմանը:

Տեղեկատուութեան իսկականութիւնը յստակացնելու նպատակով ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը արդէն դիմած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, ուր հաւաստած են, որ թերթին մէջ հրապարակուածը չի համապատասխաներ իրականութեան: Հետաքրքրականն այն է սակայն, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը սահմանի բացման հնարաւորութիւնը հերքելու ուղղութեամբ որեւէ քայլ տակաւին չէ ձեռնարկած: Ասիկա առնուազն կը յուշէ այն մասին, որ թրքական կառավարութիւնը դէմ չէ այդ թեմայի զարգացման, հասարակական եւ նոյնիսկ միջազգային հնչողութեան ձեռքբերման եւ կը ստեղծէ ատոր համար անհրաժեշտ բոլոր պայմանները: Սակայն ատոր ելակէտը ոչ թէ սահմաններու բացումն է, այլ` այդ հարցին մէջ Էրտողանի հայեացքներու փոփոխութեան միտումնաւոր ընդգծումը, որ տուեալ պարագային բացառապէս շահագործման նշանակութիւն ունի:

Տեղեկատուութիւնը թերթի միջոցով հրապարակ նետելով` Էրտողանը ըստ էութեան կը փորձէ լուծել մէկ անգամէն քանի մը խնդիր: Նախ,  արտաքին օրինականութիւն կը հաղորդէ նախագահական իր նկրտումներուն` հանդէս գալով աւելի հանդուրժողական, Թուրքիոյ հետ կապուած ամէնէն սուր հիմնահարցերը կարգաւորելու պատրաստ ղեկավարի դիրքերէն:

Ասիկա աւելի շատ միջազգային հեղինակութիւնը վերականգնելու ուղղուած ժեսթ կարելի է համարել: Երկրորդ` թերեւս պատահական պէտք չէ համարել սահմանի բացման հնարաւորութեան շրջանառումը ճիշդ այն փուլին մէջ, երբ աշխուժօրէն կը քննարկուի Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալու եւ այդ ծիրին մէջ ղարաբաղեան հիմնահարցը կարգաւորելու խնդիրը:

Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ ընթացող աշխուժ բանակցութիւններու առանցքը թերեւս Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ ազրպէյճանական ակնկալիքներն են, որոնց ենթահողին վրայ արդէն իսկ կը շրջանառուին նախկին ԼՂԻՄ-ին յարակից, Ազրպէյճանի նախկին վարչական առնուազն երեք շրջանները Պաքուին յանձնելու գաղափարը: Կարելի չէ բացառել այն, որ Անգարան այդպիսով կը փորձէ ակնարկել, թէ ի՛նչ «մրցանակ» կը սպասուի Հայաստանին, եթէ վերջինս համաձայնի այս տարբերակին: Պատահական չէ թերեւս, որ ռուս-ազրպէյճանական բանակցութիւնները աշխուժացան յատկապէս նախորդ ամիս Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի` Մոսկուա կատարած այցելութենէն եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ հանդիպումէն ետք, որ տարածաշրջանին մէջ արտաքուստ տեղական բնոյթ ունեցող եւրասիական համարկման հետ կապուած հոլովոյթները շատ աւելի ընդգրկուն են: Ատով Թուրքիան կը մտնէ տարածաշրջանային ընդհանրական խաղին մէջ,  եւ որ այս ամէնը կրնայ ռուս-ազրպէյճանա-թրքական եռանկիւնին լարած թակարդը ըլլալ Հայաստանի համար:

Սակայն սահմանը բանալու թեման շրջանառութեան մէջ դնելու առաւել տեսանելի պատճառը թերեւս Ցեղասպանութեան

100-ամեակի ծիրին մէջ Թուրքիոյ կանխարգելիչ քաղաքականութիւնն է: Պատահական չէ, որ ճիշդ այդ ենթահողին վրայ ամէն թերթը կը մատուցէ Էրտողանի տուած յանձնարարութիւնը: Ասիկա նախ իւրայատուկ պատասխան կարելի է համարել Թուրքիոյ գործող նախագահ Ապտիւլլա Կիւլին 2015-ին ապրիլի 24-ին Երեւան այցելելու եւ միասին Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգելու` նախագահ Սերժ Սագսեանի առաջարկին, որ ըստ էութեան ոչ միայն Սարգսեանին մերժելու քաղաքակիրթ, դիւանագիտական հնարաւոր ժեսթ է, այլ նաեւ` երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորմամբ այդ ցաւոտ հարցը պատմութեան գիրկը ուղարկելուն ուղղուած այլընտրանքային մօտեցում ցուցաբերելու յաւակնութիւն:

Այս բոլորը ցոյց կու տան, որ իրականութեան մէջ սահմանը բանալու առարկայական հիմք այս պահուս գոյութիւն չունի, կամ աւելի ճիշդ` ատոր հաւանականութիւնը չափազանց փոքր է: Էրտողանը այս յայտարարութիւնը կ՛ընէ իբրեւ հեռացող, այսինքն` իրական իշխանութիւնը, վարչական ու քաղաքական լծակները ձգող վարչապետ: Սեպտեմբերին արդէն Էրտողանը ամենայն հաւանականութեամբ ընտրուած պիտի ըլլայ Թուրքիոյ նախագահ, որ այլեւս հնարաւորութիւն ու լծակ պիտի չունենայ, նոյնիսկ մեծագոյն ցանկութեան պարագային, լուծելու սահմաններու բացման հարցը, որովհետեւ, ինչպէս յայտնի է, այդ երկրին մէջ նախագահի իշխանութիւնը եւ ազդեցութիւնը խորհրդանշական բնոյթ ունին: Ոչ ոք կրնայ երաշխաւորել, որ եկող վարչապետը պիտի դիմէ սահմանը բանալու քայլին:

Բացի այդ, անպատասխան կը մնայ այն հարցումը, թէ ինչո՛ւ յանկարծ Թուրքիան ճիշդ այսպէս, Հայաստանի «գեղեցիկ աչքերուն» համար պէտք է բանայ Հայաստանի հետ սահմանը եւ ատով խնդիրներ ստեղծէ Ազրպէյճանի հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ: Մինչեւ այսօր Անգարան կը յայտարարէր, որ սահմաններու բացումը կարելի է միայն այն պարագային, երբ հայկական կողմի յաւելեալ զիջումները` կապուած Ցեղասպանութեան հարցով պատմաբաններու յանձնախումբով լուծելու, Կարսի եւ Մոսկուայի համաձայնագրերը, այսինքն` ներկայիս սահմանները ճանչնալու հետ, ու ճիշդ այնպէս, լաւութեան կարգով, բանալ Հայաստանի հետ սահմանները:

Որոշ տեսակէտներ կան այն մասին, որ այդ քայլին Անգարան կրնար դիմել Միացեալ Նահանգներու ճնշման տակ, որպէսզի թուլանայ Հայաստանի վրայ Ռուսիոյ ազդեցութիւնը, եւ վերջինս հեռու պահէ Ազրպէյճանին Եւրասիական տնտեսական միութիւն մտնելու հարցին մէջ շահագրգռելու նպատակով Երեւանին Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ զիջումներ պարտադրելու մտքէն: Բայց այս «փաստարկը» շատ թոյլ է: Մինչեւ այսօր Միացեալ Նահանգները եւ առհասարակ Արեւմուտքը Անգարայէն ոչ թէ ուղղակի կերպով, այլ այդ արձանագրութիւնները վաւերացնելու միջոցով սահմանները բանալու պահանջ ներկայացուցած են: Եւ Թուրքիան կրնայ ատկէ օգտուիլ` թէկուզ իրավիճակէն նուազագոյն կորուստներով դուրս գալու մղումներէն ելլելով, եւ իբրեւ սահմանը բանալու միջոց, արձանագրութիւնները դնէր վաւերացման ու նոյնը պահանջէր նաեւ Հայաստանէն, որ այլընտրանք պարզապէս պիտի չունենար: Ատով Անգարան առարկայաբար ցոյց պիտի տար Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու տրամադրուածութեան լրջութիւնը:

Այս իմաստով թերթի հրապարակումն ընդամէնը ոչ այնքան յաջող մշակուած տեղեկատուական խայծ է, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հակազդեցութիւնը ստուգելու եւ ամէնէն կարեւորը` Ցեղասպանութեան 100-ամեակի քաղաքական ազդեցութիւնը թուլցնելու նպատակով:

 

Նախորդը

Տարածաշրջանի Նոր Մարտահրաւէրները

Յաջորդը

Գործի Ժամն Է

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.