Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սերոբ Գալայճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

July 19, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

19-07-SEROP-KALAYDJIAN1Յետեղեռնեան սերունդի ներկայացուցիչներ լուռ ու անշշուկ կը հեռանան մեր շրջապատէն: Հակառակ անոր որ անոնք չէին տեսած թուրքի եաթաղանը, չէին ապրած մահուան ու սարսափի արհաւիրքը, չէին զգացած տեղահանութեան ու աքսորի ահաւորութիւնը, այդուհանդերձ, անոնք անմասն չմնացին կեանքի դաժան ու անհոգի պարտադրանքներէն, կառչելով վերապրելու հրամայական պահանջին:

Եւ տարիներու կուտակումով այս սերունդը սորվեցաւ, թէ պէտք չէ կեանքէն յուսահատիլ, այլ դէպի կեանք երթալու հաստատ համոզումով մը` յանձն առնել պայքարը, կամք ու միտք կռանել` գոյատեւելու եւ քաջաբար դիմագրաւելու հայու ճակատագիրին վերապահուած անասելի դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները:

Իրօք, այդ սերունդի արժանաւոր մէկ զաւակն ու ներկայացուցիչն էր Սերոբ Գալայճեան, որուն կենսագրութիւնը մօտէն կ՛առնչուի սփիւռքահայ մեր իրականութեան, գաղութներու կազմաւորման գնահատելի աշխատանքներուն, սերունդներու դաստիարակութեան եւ ծնողական գիտակցական պարտաւորութիւններու:

Այո՛, ընկերոջ մահով կրկնակի տխրութիւն կ՛ապրինք: Նախ անոր համար, որ իննսունամեայ մեր ընկերոջ կեանքը ապրուած երկար ու դժուարին տարիներու ամբողջութիւն մըն է`  սկսելով երբեմնի հայահոծ Տիգրանակերտ քաղաքէն իբրեւ ծննդավայր (1922թ.), ապա իբրեւ սան` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դպրեվանքի (1939թ.), եւ յաջորդաբար աւելի քան քառասուն տարիներ ուսուցչական ասպարէզին իր ծառայութեամբ Գամշլիի Ազգային վարժարանի (1943 ¬ 1950թ.), Հալէպի Հայկազեան վարժարանի (1950 ¬ 1953թ.) եւ Լիբանանի Ազգային Արամեան վարժարանի (1953 ¬ 1983թ.) մէջ:

Ի զուր չէ, որ 23 մայիս 1993¬ին, Ազգային իշխանութիւնը ողջունելի նախաձեռնութեամբ մը Սերոբ Գալայճեանը կը պարգեւատրէր իբրեւ վաստակաւոր ուսուցիչ ու ազգային գործիչ, ձեռամբ Լիբանանի Հայոց թեմի օրուան առաջնորդ Արամ արք. Քէշիշեանի (այժմ կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ):

Ընկերոջ մահով մեր դիմաց կը վերակենդանանայ պատմութիւնը սերունդի մը, որուն ազգային ծառայութեան առընթեր, նոյնքա՛ն մեծ է եղած կուսակցական կեանքի նուիրումը:

Պէտք չէ մտահան ընել ճշմարտութիւն մը պայծառ, որ մեր ընկերն ու իրեն սերնդակիցները, 1950¬ական թուականներէն սկսեալ մինչեւ 1990, Հալէպի օրերէն, հասնելով Լիբանանի երկնակամար, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան դրօշին տակ հաւատարմօրէն ու առանց տրտունջքներու գործեցին, յամառօրէն ու առանց տատանումի նուիրաբերեցին` յանուն թաղամասերու բարգաւաճման, ժողովուրդի բարօրութեան, ակումբներու շէնացման, բայց մանաւա՛նդ` սերունդներու դաստիարակութեան:

Փաստօրէն, Սերոբ Գալայճեանի կուսակցականի երկարամեայ գործունէութիւնն ու ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէի անդամակցութիւնը դեռ 1963 թուականէն մինչեւ 1982թ., արդէն ցուցանիշ է անոր տիպար գաղափարական կազմաւորումին եւ դաշնակցականի հաւատամքին:

Այլապէս ալ, ինչպէ՛ս չյինշել ընկերոջ երկար տարիներու այսպէս ասած կոմիտէի «պատուոյ  անդամ»¬ի կոչումը, իբրեւ քարտուղար, արխիւ ու գրականութիւն պահող անխոնջ նուիրեալ, առանց տուեալ մարմինին անդամ ըլլալու: Եւ այսպէս ամբողջ տարիներ, իրերայաջորդ կոմիտէներ առանց վարանումի եւ յարգալիր վերաբերումով` ընկերոջ կը վստահէին կատարելու դաշնակցական մտաւորականի տարողութեամբ այդ պարտականութիւնը:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի բռնկումով արդէն կը ստեղծուէր աշխատանքի եւ նուիրումի տարբեր ոլորտ, մթնոլորտ ու գիտակցական ծառայութիւն: Հոս եւս, մեծ է եղած Սերոբ Գալայճեանի ներդրումը:

Բաւարար է յիշատակել քաջութեան եւ հաւատամքի պերճախօս ու կենդանի օրինակ մը, թէեւ պատմութեան յանձնուած, սակայն արձանագրուած է դաշնակցական ընկերներու արեամբ եւ անձնազոհութեամբ, եւ որուն դերակատար է եղած մեր ընկերը` Սերոբ Գալայճեան:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի թէժ օրերուն` 1976 յուլիսին, Պուրճ Համուտի հայահոծ թաղամասերէն Սիսի շրջանի ՀՅԴ «Ազիրեան» ակումբը կը պաշարուի  պաղեստինեան ջոկատներուն կողմէ, որոնք կ՛ուզեն մուտք գործել ակումբ: Հո՛ս է, որ դաշնակցական բուռ մը կտրիճներ ցոյց կու տան դիմադրութեան ամէնէն վաւերական օրինակը եւ թոյլ չեն տար, որ այդ օրերու խուլիկաններ գրաւեն ժողովուրդին ու Դաշնակցութեան տունը:

Ընկեր Սերոբ ներկայ ըլլալով ակումբին մէջ` իր կարգին կը վիրաւորուէր` թեւ եւ թիկունք ըլլալով այդ բուռ մը տղոց սխրանքին:

Միւս կողմէ, ինչպէս չանդրադառնալ ընկերոջ ծնողական պարտաւորութիւններուն` իբրեւ հեզահամբոյր ու ներողամիտ հայր, ընկեր ու սրամիտ բարեկամ, նոյնի՛նքն իր ընտանիքի անդամներուն նկատմամբ: Անոր արուեստագէտի բարեմասնութիւններէն ընդգծելի էին ջութակահարի եւ գծագրիչի կազմաւորումը:

Մեր յիշողութենէն ինչպէ՛ս կրնայ ջնջուիլ այն գեղեցիկ ու վաւերական պատկերը, երբ ընկեր Սերոբ նստած կ՛ըլլար իր խանութին դրան սեմին, իր ձեռքին օրուան «Ազդակ»¬ը կամ գիրք մը, որոնց խոր ընթերցումով ան կը հետեւէր քաղաքական, ընկերային թէ ազգային իրադարձութիւններու, կը վայելէր հայ գրողի մը հոգիին ու մտքին արգասիք ստեղծագործութիւնը, եւ այդ յառաջացեալ տարիքին անգամ` մտերմիկ զրոյցներու ատեն կը փոխանցէր իր տեսակէտն ու մտաւորականի պաշարը: Այո՛, հաճելի էր ընկերոջ հետ զրոյցը եւ բարի ժպիտին ընկերական վայելումը:

Կեանքի թաւալքին ու ճակատագիրին դէմ ոչ ոք կրնայ այսպէս ասած թումբ կանգնեցնել, պատնէշ կառուցել եւ կամ ընթացքը փոխել: Սակայն գոյութիւն ունեցած են անհատներ, որոնք իրենց մտաւորականի ներկայութեամբ, մարդկայնական ազնիւ ու գիտակից մօտեցումով, բայց մանաւանդ` դաշնակցականի հաւատարմութեամբ եզակի տիպար հանդիսացած են, յարգած ու յարգուած, գնահատած ու մեծարուած  են իրենց շրջապատին կողմէ:

Յայտնապէս Սերոբ Գալայճեանի մարդկային ու դաշնակցականի վաստակը կ՛ընդգրկեն նմանատիպ արժանիքներ, որոնց հանդէպ մենք միայն կրնանք երախտապարտ ըլլալ` որպէս յետնորդ սերունդի ժառանգորդներ:

Յիշատակդ անթառամ, սիրելի՛ ընկեր:

 

 

 

Նախորդը

Խոհեր Անմեռ Յիշատակիդ, Կարօտալի՛ Հայրիկ

Յաջորդը

Պօղոս Սնապեանի Քառասունքին Առիթով. Մեծ Արժէքին Նուիրուած Յաւելուած

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.