Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Տը Վինթէյճ Շափ»-ը Կը Մասնակցի Ստեղծագործութեան Եւ Վերարտադրութեան Նուիրուած Ցուցահանդէսի

July 18, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1707vintageՊատմական քաղաքները վերակենդանացնելու, հոն արուեստ, ստեղծագործութիւն եւ գեղագիտութիւն ներմուծելու, նաեւ վերարտադրութիւնը խթանելու ու անոր կարեւորութիւնը հանրութեան ներկայացնելու նպատակով «ԿԱՅԱ հերիթէյճ» կազմակերպութիւնը, որ կը կրէ Եւրոպական Միութեան հովանաւորութիւնը, երէկ` 17 յուլիսին կազմակերպած էր միօրեայ ծրագիր մը:

Մար Մխայէլ շրջանին վրայ շեշտը դրած այս ծրագիրը տեղի ունեցաւ «Ալմազա»-ի լքեալ գործարանին մէջ. վայրի ընտրութիւնը արդէն իսկ լաւապէս կը համընկնէր նպատակին: Օրուան ընթացքին տեղի ունեցաւ կլոր սեղան¬քննարկում, որուն նիւթն էր «Ստեղծագործութիւնն ու վերարտադրութիւնը Մար Մխայէլի մէջ»:

Այս ծրագիրին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժի եւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան գործակցութեան բաժանմունքի ներկայացուցիչը` Ալեքսիս Լէոպեր:

Լքեալ եւ կիսաքանդ գործարանի առաջին յարկին վրայ ցուցադրութեան դրուած էին տարբեր տեսակի իրեր, սարքեր, կազմածներ, հագուստներ, զարդեղէններ, կահոյք, որոնք վերագործածութեան արդիւնք են:

Ցուցահանդէսին հայկական ներկայութիւն ու մասնակցութիւն բերած էր Պուրճ Համուտի մէջ գործող Աւետիս եւ Գրիգոր Տէր Պօղոսեաններու «Տը վինթէյճ շափ»-ը, որ իրեն յատկացուած անկիւնը  ցուցադրած էր վերամշակման եւ վերաօգտագործման ընդմէջէն ծնունդ առած այնպիսի իրեր, որոնք օգտագործելի են եւ ունին իրենց ուրոյն գեղեցկութիւնը: Անոնց նպատակն է անգործածելի իրերէն, գրեթէ ոչինչէն օգտակար ու գեղեցիկ այլ իր մը ստեղծել, նոյնիսկ եթէ իսկական գործածութեան ուրիշ տարբերակ մը ներմուծուած է վերաշինուած սարքին մէջ: Յատկանշականը այն է նաեւ, որ Աւետիս եւ Գրիգոր Տէր Պօղոսեանները իրե՛նք անձամբ կը կատարեն պրպտումի, տարբեր անպէտք իրեր քով քովի բերելով ստեղծագործութեան մը ծնունդ տալու աշխատանքին բոլոր հանգրուանները: Անոնք իրենց աշխատանքին կը սկսին հոնկէ, ուր ամէն բանի աւարտն է` նպատակ ունենալով նոր սկիզբի մը հիմը դնել` իբրեւ գերագոյն թիրախ ունենալով կենսոլորտի պահպանումն ու ուժանիւթի խնայողութիւն:

«Տը վինթէյճ շափ»-ի յատուկ բաժինը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց ներկաներուն մօտ:

 

 

 

Նախորդը

Ճատրակ. Ղարամեան Եւ Յովհաննիսեան Հանդիսացան Երկրորդ

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։