Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արուեստի Աշխարհէն. Աշխարհի Հնագոյն Երգը

July 18, 2014
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԴԻՄԱՆԱ՞Յ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ԱՒԵՐԻՆ. ՅԱՅՏՆԱՊԷՍ` ԱՅՈ՛: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԵԱՆՔԻ ԿԸ ԿՈՉԷ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ ՎԵՐԾԱՆՈՒԱԾ ՍՈՒՄԵՐԱԿԱՆ 3400 ՏԱՐՈՒԱՆ ԾԻՍԱԿԱՆ ԵՐԳ ՄԸ, ՈՐ ԻՐՕՔ, ՇԱՏ ԳԵՂԵՑԻԿ ԵՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԿԸ ՀՆՉԷ… ՄԻՆՉԵՒ ԱՅՍՕՐ:

985hymn2985hymn1Հնագէտներ 1950-ական տարիներու սկիզբը ի յայտ բերած են Ն. Ք. 14-րդ դարու կաւէ սալիկներ ասորական Ուկարիթ հնադարեան քաղաքէն: Անոնք կը պարունակեն խուրիներու լեզուով գրուած սեպագիր արձանագրութիւններ, որոնց վերծանումէն ի յայտ եկած է, թէ կը պարունակեն երբեւիցէ յայտնաբերուած հնագոյն երգը` 3400 տարուան ծիսական երգ մը: Քալիֆորնիայի համալսարանէն ասորական գիտութիւններու մասնագէտ Էնն Տրաֆքոռն Քիլմըր իր վերծանումը կատարած է 1972-ին: Սումերական սալիկներուն եւ անոնց բովանդակութեան մաս կազմող երաժշտական տեսութիւններուն վրայ հիմնուած անոր խազագրութիւնը հրատարակուած է 1960-ական տարիներուն: Այնուհետեւ հնադարեան աշխարհի այլ մասնագէտներ հրատարակած են իրենց սեփական տարբերակները:

«Արքոլոճիա Միւզիքալիս» թերթին մէջ 1988-ին լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ Ռիչըրտ Ֆինք հաստատած է այն տեսութիւնը, թէ «5 հիմնական ձայնաստիճաններ եւ 2 կէս հիմնական ձայնաստիճաններ ընդգրկող երաժշտական խազագրութեան, ինչպէս նաեւ երաժշտական ներդաշնակութեան սկզբունքները գոյութիւն ունէին 3400 տարի առաջ»: «Ասիկա կը ժխտէ բազմաթիւ երաժշտագէտներու այն տեսակէտը, թէ հնադարեան երաժշտութիւնը զուրկ էր ներդաշնակութենէ, թէ` իրականութեան մէջ անկարելի էր, որ ներդաշնակութեան որեւէ յատկանիշով օժտուած ըլլար անիկա, եւ թէ` ձայնաստիճանի հասկացողութիւնը ծնունդ առած էր շատ աւելի ուշ` հնադարեան յոյներուն քով»: Քիլմըրի պաշտօնակից Ռիչըրտ Քրոքըր կը հաստատէ, թէ յայտնաբերումը «յեղաշրջած է արեւմտեան երաժշտութեան ծնունդին ամբողջ գաղափարը»: Հետեւաբար` ակադեմական վէճերէն անդին, եթէ կ՛ուզենք գիտնալ, թէ աշխարհի ամէնէն հին երգը ինչպէ՛ս պիտի հնչէր, կրնանք լսել ելեկտրոնային գործիքով ձայնագրուած տարբերակ մը: Անշուշտ նման գործիք մը սումերներուն լաւագոյն ընտրանքը պիտի չըլլար, սակայն բաւարար է գաղափար մը տալու համար երաժշտական այս արտասովոր կտորին մասին, թէեւ անոր կշռոյթը պարզապէս ենթադրութեան ծնունդ է: Զայն կարելի է լսել` այցելելով http://www.openculture.com/2014/07/the-oldest-song-in-the-world.html կայքը:

Քիլմըր եւ Քրոքըր հրապարակած են երաժշտական գիրք մը` «Սաունտծ ֆրամ սայլընս» (լռութեան մէջէն ձայներ), որ կը պատմէ հնադարեան Մերձաւոր Արեւելքի երաժշտութեան պատմութիւնը: Գիրքը կը բովանդակէ լուսանկարներ եւ սալիկներու վրայ արձանագրուած երգին թարգմանութիւնները: Հեղինակները նաեւ երգը կը վերլուծեն իբրեւ «խուրիներու մէկ աստուածութեան երգը` հնադարեան Ուկարիթէն», որ կը կատարուէր քնարի ընկերակցութեամբ: Մայքըլ Լեւի քնարի վրայ նուագած է այս երգը: Զայն կարելի է լսել` այցելելով http://www.openculture.com/2014/07/the-oldest-song-in-the-world.html կայքը:

Նախորդը

Արուեստի Աշխարհէն. Կաւիճով Գծուած Գլուխ Գործոցներ

Յաջորդը

Արուեստի Աշխարհէն. Մոնա Լիզա Կրնա՞յ Հանգիստ Ննջել

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.