Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աչքերդ Գոց Քալէ Հալէպի Փողոցներէն…

July 12, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

_GM1EA3C069G01_RTRMADP_3_SYRIA-CRISIS-UNԱչքերդ գոց քալէ Հալէպի փողոցներէն…

Աչքերդ գոց քալէ Հալէպի փողոցներէն, որպէսզի կարենաս ինքզինքդ խաբել, որ տակաւին մարդ ես:

Հալէպի մէջ բժիշկ չփնտռես. բոլորը գացած են, այն ալ` առաջին գացողներէն եղած են… մոռնալով կամ մոռացութեան տալով Հիփոքրաթի երդումը… եւ կը խնդրեմ իրենցմէ, որ չըսեն. «Մեր գացած տեղը մարդիկ կը բուժենք… մենք մարդու բժիշկներ ենք…»:

Այս բառերը թող չարտասանեն, որպէսզի խեղճ հալէպցին չկարկամի: Թերեւս իրաւունք ունէին, չէ՞ որ Հալէպի մէջ մարդ չէ մնացած, մենք` հոս մնացողներս պարզապէս մարդակերպ էակներ ենք, եւ մե՛նք ամենաշատը կը գիտակցինք այս իրականութիւնը… Վկայ` Հալէպի փողոցները…

Աչքերդ գոց քալէ Հալէպի փողոցներէն, որպէսզի չտեսնես կիսաքանդ կամ ամբողջութեամբ քանդուած տուներ, չտեսնես Հալէպի աղտոտ փողոցները, որպէսզի ամէն վայրկեան չզգաս նուաստացումդ, որպէսզի չտեսնես ջուր կրող մեծն ու փոքրը, կինն ու այրը, որոնք երբեմն ժամերով հերթի կանգնելէ ետք ամէն օր, ջուր կրելու աւելի հեշտ միջոց մը կը հնարեն, փայտէ եւ կերպընկալէ տուփ-սնտուկներու մէջ կը տեղադրեն դոյլերն ու շիշերը, որպէսզի տան երկար ճանապարհը կարենան անցնիլ, իսկ այս փոքր հազիւ տասը տարեկան աղջիկը կը տեսնե՞ս… Աստուծոյ սիրոյն, աչքերդ փակէ, որպէսզի չտեսնես, ան ջուրով լի դոյլերը սնտուկին մէջ տեղադրած է, բայց զառիվերը աւելի դիւրին ելլելու համար կապը մէջքին անցուցած է… ի՞նչ անուն տաս այս աղջնակին. եւ դեռ կ՛ուզէիր, որ մարդաբուժ բժիշկները այս կենդանաբանական պարտէզին մէջ մնա՞ն… ամօթ չէ՞…

302960-syria-civil-warԿ՛ըսեն, թէ ջուրի տագնապը պիտի թեթեւնայ, իսկ կարգ մը թաղերու մէջ ջուր կայ արդէն, միայն շէնքի յարկերը չի բարձրանար, եւ երբ ելեկտրականութիւն կայ եւ դուն ջուր վեր բարձրացնող գործիք ունիս, ջուր կ՛ունենաս, ապա թէ ոչ, ընդամէնը քանի մը յարկ պիտի կրես ծանր դոյլերը, վնաս չունի, անոր ալ կը վարժուիս… Եւ օր մը կրնաս զարմանալ, երբ տանդ ծորակներէն ջուր վերհոսի, թերեւս ալ գոցես ծորակները եւ շարունակես ջուր կրել… Կը յիշե՛ս, երբ առաջին անգամ, ամիս մը սպասելէ ետք, ելեկտրական հոսանք եկաւ, չես գիտեր` գիշերուան ժամը քանիի՞ն. ի՞նչ ըրիր. ելար եւ լոյսը… անջատեցիր… ու սարսափեցար, որովհետեւ մութին վարժուած էիր, ինչպէս որ հիմա սերունդները կը վարժուին «անդպրոցութեան», ծուլութեան, գողութեան, սպանութեան, մութին, ջուր կրելուն, փամփուշտներու սուլոցին, պայթող ռումբերուն եւ ռազմական օդանաւերէ մարդաբնակ վայրեր նետուող պայթուցիկ նիւթերով լի տակառներու ձայներուն…

Այս ամէնը չլսելու եւ անոնց չվարժուելու համար ականջներդ ալ խցանէ…

Այսօրուան հալէպցին, վաղը երբ այս ամէնը վերջ գտնեն (եթէ վերջ գտնեն), պիտի փնտռէ այս ամէնը եւ չգտնելու պարագային` ինք պիտի ջանայ վերստեղծել զանոնք…

Աչքերդ գոց քալէ Հալէպի փողոցներէն, որպէսզի չտեսնես երէկուան առեւտրականներն ու արհեստաւորները, որոնք փողոցի անկիւնները կանաչեղէն կը ծախեն, սիկարեթ կը ծախեն, խորոված կ՛եփեն… Աչքերդ գոց քալէ, որպէսզի չտեսնես անթիւ մուրացկանները, աղբակոյտերու մէջ չես գիտեր ի՞նչ փնտռողները… որպէսզի չտեսնես անօթի շուներու վոհմակները, որպէսզի չտեսնես, մարդոց հետ քալող եւ օրէցօր բազմացող կուշտ շուները… ուրկէ՛ ալ կը բերեն այս ազնուացեղ շուները…

Աչքերդ գոցէ, որովհետեւ փողոցներու մէջ պիտի տեսնես ջուր կրելու պատճառով կորաքամակ դարձած էակներ, տխուր-խոժոր, ժպիտը մոռցած դէմքեր, յոյսը կորսնցուցած, բայց զայն կարօտով սպասող դէմքեր…

Եւ բժիշկները թող չվերադառնան` անգործ պիտի մնան, որովհետեւ ոչ թէ հիւանդ չէ մնացած Հալէպի մէջ, (փա՜ռք Աստուծոյ, բոլորս հիւանդ ենք), այլ որովհետեւ կորսնցուցած ենք մեր վճարունակութիւնը…

Աւետաբեր լուր մըն ալ տամ. վերջերս Հալէպ այցելեց երկրին վարչապետը, ան կառավարութեան անունով խոստացաւ ութսուն նոր հորեր փորել, որպէսզի Հալէպի բոլոր թաղերը հորեր ունենան…

Հալէպցիները ուրախացան, անոնց ուրախութիւնը կ՛ամբողջանայ, եթէ պարոն վարչապետը ութսուն հատ ալ ոսկրաբուժ, թէկուզ անասնաբուժ, բժիշկ ղրկէ` բուժելու հալէպցիներու կռացած ողնաշարերը…

Եւ գիտե՞ս, թէ սխալը ո՛րն է…

Ամենամեծ սխալը այս բոլորին չվարժուիլն է, եւ` մարդ մնալը, որովհետեւ կը պատկերացնե՞ս, թէ ինչպէ՛ս պիտի կարենաս ապրիլ փոխուած եւ այլակերպուած շրջապատիդ մէջ, երբ այս բոլորին վերջակէտ դրուի եւ դուն դեռ մարդ մնացած ես…

1 յուլիս 2014
Հալէպ

Նախորդը

Հայ Եկեղեցւոյ Մասնակցութիւնը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական Յանձնախումբի Ժողովին

Յաջորդը

Ժրաջան Հայորդիի Մը Մահուան Առիթով

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.