ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Նորայր Ասլանեան փոխ տրուեցաւ Հոլանտայի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող Ալմեր Սիթիին:
Նախորդ տարեշրջանին ան հանդէս կու գար Ուիլեմ Բ. խումբին հետ, որ Հոլանտայի ախոյեանութեան մասնակցելու իրաւունք ստացած էր:
Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանին Ալմեր Սիթի գրաւեց դասաւորման 18-րդ դիրքը:


