Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ . «Խաչիկ Պապիկեան» Միջդպրոցական Մրցանքներու Եւ «Արեւմտահայերէնի Եւ Հայ Մշակոյթի Երկամեայ Խտացեալ Դասընթացք»-Ի Վկայականներու Բաշխում

July 8, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

10513259_765510793470645_2152153491939308984_nԱրամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ, կիրակի, 6 յուլիս 2014-ին, յաւարտ Ս. եւ անմահ պատարագի, վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Խաչիկ Պապիկեան» միջդպրոցական մրցանքներու եւ «Արեւմտահայերէնի եւ հայ մշակոյթի երկամեայ խտացեալ դասընթացք»-ի վկայականներու բաշխման միացեալ հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ Խաչիկ Պապիկեանի դուստրերուն, դատակազմերու անդամներու, տնօրէններու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ մեծ թիւով աշակերտներու:

10530770_765510766803981_2113440242600308948_nՀանդիսութեան բացումը կատարելով` կաթողիկոսարանի Կրթական եւ հայագիտական բաժանմունքի վարիչ Սարգիս Կիրակոսեան նախ եւ առաջ ուրախութեամբ անդրադարձաւ, որ աւանդութեան կարգ անցած սոյն մրցանքներուն այս տարի եւս իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ գրեթէ բոլոր վարժարանները` անգամ մը եւս փաստելով, որ այս նախաձեռնութիւնը յատուկ տեղ կը գրաւէ լիբանանահայ կրթական կեանքին մէջ: Ապա,  Կիրակոսեան կեդրոնացաւ «Արեւմտահայերէնի եւ հայ մշակոյթի երկամեայ խտացեալ դասընթացք»-ին վրայ` իբրեւ անփոխարինելի եւ խիստ օգտակար նախաձեռնութիւն: Դասընթացքին մասնակից աշակերտներուն անունով իր սրտի խօսքը արտասանեց Սիլվա Պեքարեան-Գարաօղլանեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. կաթողիկոսին` նման խիստ օգտաշատ ծրագիր մը նախաձեռնելուն եւ հովանաւորելուն համար:

Մրցանքներու եւ վկայականներու բաշխումէն ետք իր եզրափակիչ պատգամը փոխանցեց Արամ Ա. կաթողիկոս, որ պատասխանատուներուն ծառայութիւնն ու նուիրումը բարձր գնահատելէ ետք, եզրափակեց. «Գօտեպնդիչ եւ հպարտութիւն ներշնչող երեւոյթ մըն է այս գեղեցիկ երեւոյթը, որ իր մէջ պատգամ մը ունի փոխանցելիք: Անոնք, որոնք կը հաւատան, թէ մեր լեզուն` արեւմտահայերէնը նահանջի մէջ է, այս երեւոյթին դիմաց պիտի գան ըսելու, որ մեր ժողովուրդի զաւակները, յատկապէս մեր երիտասարդները այս նահանջին դիմաց պիտի չընկրկին, այլ մեր լեզուն պիտի պաշտպանեն, պիտի մաքրեն օտար ազդեցութիւններէ եւ արեւմտահայերէնը, անոր ճշգրիտ գործածութիւնը պիտի տարածեն մեր ընտանիքներէն, մեր դպրոցներէն ու մեր կեանքէն ներս. ահա պատգամը այս գեղեցիկ երեւոյթին»:

 

 

 

Նախորդը

Այնճարի Մէջ. Գնահատանքի Հանդիպում` Նուիրուած ՀՄԸՄ Այնճարի Շեփորախումբին

Յաջորդը

Հարցազրոյց Դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեանի Հետ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.