Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Մէջ Նշանաւոր Դարձած Թրքերէն Երգերը Որքա՞նով Թրքական Են. Երաժշտութիւնը Համամարդկային Է, Բայց…

July 8, 2014
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ատնան Պաշթոփճու համացանցի վրայ հրատարակած է բաւական ծաղրական ոճով գրի առնուած յօդուած մը, ուր կը պատմէ, թէ Թուրքիոյ մէջ թրքերէն կարծուած կամ նշանաւոր թուրք երգիչներու վերագրուած երգերը իրականութեան մէջ օտար յօրինողներէ փոխ առնուած երգեր են: Ան մօտաւորապէս հետեւեալը կը գրէ այս մասին:

***

«Աքթիւէլ» շաբաթաթերթը գրեր է, որ «Կը ծփծփար Սեւ ծովը» անուն երգին երաժշտութիւնը հին հայկական յօրինում մըն է: Թերթը, առանց մտածելու, թէ կը խանգարէ թուրք երաժշտասէրներու բարոյական ուժը, աւելցուցեր  է, որ Այթեն Ալփմանի նշանաւոր «Իմ երկիրս» (Մեմլեքեթիմ) անուն երգն ալ հրէական երգ մըն է, որուն նիւթն է հրեայ խախամ մը: Այս բոլորը չեն խախտեր իմ բարոյական ուժը, մանաւանդ որ ես լաւ գիտեմ, որ բոլորիս կողմէ այնքան խանդավառութեամբ երգուած «Տաղ պաշընը տուման ալմըշ» քայլերգն ալ իրականութեան մէջ յօրինուած է շուէտացի յօրինող Ֆելիքս Քէօրլինկի կողմէ: Ասիկա անտառապահներուն համար գրուած երգ մըն է եղեր:

Հիմա հոս պիտի չաւելցնեմ, որ «Սարը կելին» երգն ալ հայերու կը պատկանի: Միայն պատմեմ, որ անգամ մը, երբ Եգէականի մէջ պտոյտ մը կը կատարէինք, մեզի ընկերացող լրագրող ընկեր մը` Զաֆեր Օփսար, ի ձեռին ունէր ձայնասփիւռի փոքրիկ գործիք մը, ուրկէ յունական ձայնասփիւռի կայանները մտիկ կ՛ընէր ու ամէն վայրկեան զարմանքով կը բացագանչէր. «Բայց ասիկա Իպրահիմ Թաթլըսեսին երգը չէ՞ր: «Վա՛յ անպիտան, ես այս երգը Զեքի Միւրենին կը կարծէի»: «Նայէ՛, նայէ, Սիպել Ճանին երգը յունարէնով կ՛երգուի»: Թէ՛ ինք կը զարմանար, թէ՛ մեզ կը զարմացնէր:

Այդ օրերուն ԱՆԱՓ եւ Տէ-Եէ-Փէ կուսակցութիւնները իրարու հետ կռիւ կ՛ընէին, որովհետեւ երկուքն ալ կ՛ուզէին որպէս ընտրական արշաւի երգ ընդունիլ «Հէյ կիտի Գարատենիզ» երգը: Ի վերջոյ յայտնի դարձաւ, որ երգը յոյնի մը յօրինումն էր:

Բայց ես շատ կը խնդայի, երբ հանգուցեալ նախագահ Թուրկուտ Էօզալի հեռատեսիլէն կատարած քարոզչական խօսակցութիւններու ընթացքին իբրեւ յայտագրի ենթաերաժշտութիւն կը գործածուէր «Քարմինա Պուրինա» երգը: Մեր մօտ ամէն անգամ որ մէկը մեր բարոյական ուժը բարձրացնել, մեզ ոգեւորել ուզէ, այս երգը կը գործածէ: Մինչդեռ այս երգին յօրինողը` Քարլ Օրֆ, այս երգը գրելու ընթացքին ներշնչուած է Քաթալլուսի մէկ բանաստեղծութենէն, որ գրի առնուած է Լուվենթուս անուն միասեռականի մը մասին: Քարլ Օրֆ աւելի վերջ այս երգին համար բանադրուեր է: Հիմա եկուր եւ մի՛ խնդար, երբ մերինները հեռատեսիլէն «Քարմինա Պուրինա»-ն կը նուագեն մեզ խանդավառելու համար:

Ի՞նչ կարեւորութիւն ունի այն հարցումը, թէ ո՞վ է գրէր «Կը ծփծփար Սեւ ծովը» երգը: Կարեւո՞ր է գիտնալ, թէ որո՛ւ կը պատկանի «Սարը կելին» երգը: Ի վերջոյ կրնանք մխիթարուիլ` ըսելով, որ երաժշտութիւնը համամարդկային է:

Աստուա՛ծ իմ, միայն թէ չըլլա՛յ, որ մէկն ալ օրին մէկը մեզի ըսէ, որ Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյին պատկանող «Տասներորդ տարեդարձի քայլերգը» («Օնունճու եըլ մարշը») ուրիշի մը կողմէ յօրինուած է: Մեր ձեռքը միայն այդ մէկը մնացած է, ան ալ ձեռքէ չերթայ…

Նախորդը

Մահ` Տիգրանակերտի «Վերջին» Հայ Բնակիչ Պայծառ Ալաթայի

Յաջորդը

«Մա՛հ Քրիստոնեաներու» Կարգախօսով Յարձակում. Գործեցին Եշիլգիւղի Լատին Եկեղեցւոյ Վրայ

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.