Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանաստեղծ Յակոբ Մանուկեանն Ալ Մեկներ Է` Անձայն-Անշշուկ…

July 5, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԵՒՈՆ  ՇԱՌՈՅԵԱՆ 

Յապաղումով է, որ պէյրութաբնակ գրասէր մը, առջի օր, ինծի կ՛իմացնէր մահը գրչի լիբանանահայ վաստակաւոր սպասարկուի մը` «Ազդակ»-ի մնայուն աշխատակից Յակոբ Մանուկեանի:

Ողբացեալը մեր աշխարհին հրաժեշտ տուեր է անցնող մայիսի սկիզբները, Պէյրութ, ուր ծնաւ, ապրեցաւ ու ծառայեց իր կեանքին ամբողջ տեւողութեան:

1998-ին, երբ Պէյրութ այցելեր էի, Յակոբ Մանուկեանին ծանօթացայ իր ընտանեկան յարկին տակ, Պուրճ Համուտի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ թաղը: Անմիջապէս իմ անունին մակագրեց 1979-ին «Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակ»-ի մատենաշարով հրատարակուած բանաստեղծութիւններու իր հատորը` «Անրջական վաղորդայն»-ը:

Նախապէս Յակոբ Մանուկեանի անունին բազմիցս հանդիպեր էի «Բագին» գրական ամսագրի 1970-ական թուականներու հին թիւերուն մէջ: Այնտեղ Յ. Մանուկեան թէ՛ քերթուածներ կը ստորագրէր, թէ՛ ալ վարպետօրէն ու հետեւողականութեամբ կը կատարէր նորատիպ գիրքերու ներկայացումներ, գրախօսականներ: Այդ կարեւոր կալուածին մասնագէտն էր կարծէք:

Բայց կը թուի, որ աւելի շատ բանաստեղծական հոգի մը ունէր: Մենասէր էր, հանրային կեանքէ հեռու կը մնար, ատոր փոխարէն` կ՛ախորժէր գիրքերու աշխարհէն, կը սիրէր յաճախակիօրէն թրթռացնել իր քնարին լարերը:

Այսօր, եթէ փորձուէի արագ վերաքաղը ընել իր քերթողական վաստակին, զայն պիտի ուզէի բաժնել երկու մասերու: Նախ` 70-ականներու կամ 80-ականներու  իր արտադրութիւնը, որուն հարազատ նմուշն է վերը յիշատակուած իր քերթողագիրքը: Քիչ մը արձակունակ դիմագիծ ցուցադրող, բայց, այնուհանդերձ, դժուար ընթեռնլի, դժուար ընկալելի էջեր էին անոնք իրենց ընդհանրութեանը մէջ… Չափածոյ այդ էջերուն խորագիրներն անգամ արտասովոր էին ու… «անրջական». «Հեռահայեաց լուսամուտներ», «Հորիզոնական ձգտումներ»,  «Գեղեցկութիւն անիծապարտ», «Անյայտ իմացումի մը կամրջակին», «Վաղորդայնի մը հողաթումբին», «Մտապատկերին անպսակ» եւ այլն…

Սակայն 90-ական թուականներէն ետք Յակոբ Մանուկեանի բանաստեղծութիւնները զգեցան տարբեր տարազ մը, որ առինքնող շատ բան ունէր իր մէջ: Իր վաստակին (ու կեանքին) երկրորդ հանգրուանի արտադրութիւններն էին ասոնք: Եւ ատոնք բազմիցս երեւցան «Բագին»-ի, «Կամար»-ի, «Հասկ»-ի մէջ եւ այլուր` հրապուրելով ընթերցողը: Անձնապէս հոն կը գտնէի միշտ թէ՛ յղկուած ոճ մը, թէ՛ ճոխ ու հրապուրիչ բառամթերք, թէ՛ գաղափարներու յստակութիւն կամ թելադրականութիւն, թէ՛ փոխանցուող ուշագրաւ միտք ու պատգամ: Այս բոլորը, արդէն, զինք կը դարձնէին հասուն ու յարգելի բանաստեղծ մը:

Յակոբ Մանուկեան ծնած էր 1935-ին: Համալսարանաւարտ էր ու երկար տարիներ պաշտօնավարեց Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ` իբրեւ քարտուղար կամ հաշուապահ: Ուսուցչագործեց հայկական վարժարաններու մէջ ալ:

Այս վերջին տասնամեակին Յակոբ Մանուկեան մնայուն ներկայութիւն էր «Ազդակ»-ի մէջ, որուն խմբագրութիւնը իրե՛ն վստահած էր թերթին յղուած հայերէն նորատիպ գիրքերը հանրութեան ծանօթացնելու, զանոնք գրախօսելու կարեւոր պարտականութիւնը: Ու ինք իր այդ ծառայութիւնը կը կատարէր խղճամիտ մօտեցումով ու պարտաճանաչութեամբ:

Հիմա, իր մահէն ետք, կ՛արժէր, որ բարի ձեռք մը ժողվէր այդ հարիւրաւոր գրութիւններուն գէթ ընտիրները ու զանոնք լոյսին բերէր վերստին` հատորի մը կողքին տակ: Ատիկա բարոյական կոթող մը պիտի ըլլար միշտ լուսանցքի մէջ ապրած ու անձայն-անշշուկ մեկնած այս հէգ բանաստեղծին անշուք հողաթումբին վրայ:

Հալէպ

 

Նախորդը

Արտադպրոցական Հայեցի Դաստիարակութիւնը Եւ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը

Յաջորդը

Յովսէփ Աշճեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.