Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Պրազիլի հարաւը գտնուող, Սան Փաուլօ քաղաքը երկրին մեծագոյնն է, եւ Հարաւային Ամերիկայի ամէնէն շատ բնակիչ ունեցողը:
Սան Փաուլօ կը գտնուի 760 մեթր բարձրութեան վրայ, տափարակ դաշտավայրի մը վրայ, Ատլանտեան ովկիանոսէն 70 քմ հեռու: Հոն կլիման արեւադարձային է. օդը տաք է գրեթէ ամբողջ տարին եւ յաճախ կ՛անձրեւէ:







- Արուեստի թանգարանը: Այս շատ արդի թանգարանը Հարաւային Ամերիկայի արուեստի յատկացուած ամէնէն մեծ թանգարանն է. հոն ցուցադրուած են 8000 գործեր:
- Մեծ սպառնալիք մը` օդի ապականումը: Ինքնաշարժներու երթեւեկը օդի ապականումի շատ լուրջ հարցեր կը ստեղծէ Սան Փաուլոյի մէջ: Հանրային փոխադրակառքերու դրութիւնը բաւարար չափով չէ զարգացած: Ջուրի ապականումի հարցն ալ շատ ծանր է: Քաղաքապետութիւնը մտադրած է մաքրել քաղաքին մէջէն անցնող երկու մեծ գետերը:
Թիւեր
– Բնակչութիւն` 11.3 միլիոն
– Տարածք` 1520 քառ. քմ
– Լեզու` փորթուգալերէն
Հարցարան.
Ֆութպոլի Մասին
1) Աշխարհի ախոյեանութիւնը շահելէ ետք խումբ մը իր շապիկին վրայ ի՞նչ կը կարէ:
ա.- Պզտիկ բաժակ մը
բ.- Աստղ մը
գ.- Աքլոր մը
2) Աշխարհի ամէնէն բարձր դաշտը ի՞նչ բարձրութեան վրայ կը գտնուի:
ա.- 1510 մեթր
բ.- 2362 մեթր
գ.- 3637 մեթր
3) Ինչո՞ւ Փիքլզ շունը Աշխարհի ախոյեանութեան պատմութեան մէջ յիշուած է:
ա.- Ան եղած է առաջին անասունը, որ դարձած է խումբի մը մասքոթը (բախտաբեր խորհրդանիշը):
բ.- Ան դաշտ մտնելէ ետք միզած է մարզիկի մը վրայ:
գ.- Գողցուած բաժակը գտած է:
4) 1970 թուականին իրաւարարներ ի՞նչ նոր առարկայ մը ունեցան իրենց տրամադրութեան տակ, որպէսզի մարզիկները զիրենք աւելի յարգեն:
ա.- Քարտ
բ.- Սուլիչ
գ.- Գաւազան
5) Միացեալ Նահանգներու մէջ ի՞նչ կ՛անուանուի ֆութպոլը:
ա.- Սոքըր
բ.- Ֆութպոլ
գ.- Սոֆթպոլ
6) 1950 թուականին ինչո՞ւ Հնդկաստանի խումբը չկրցաւ խաղալ:
ա.- Որովհետեւ անոնք խթանիչ դեղեր առած էին:
բ.- Կօշիկներ չունէին:
գ.- Անոնք փիղերով ելած էին Հնդկաստանէն եւ` շատ ուշ հասած:
7) Մրցումի մը ընթացքին քանի՞ իրաւարար կայ:
ա.- 2
բ.- 3
գ.- 4
Պատասխանները՝ վերջաւորութեան
Կենդանի Առասպել Մը
Բազմաթիւ համակիրներ եւ մասնագէտներ կը հաստատեն, թէ պրազիլցի Էտսըն Արանթես տօ Նասիմենթօ` նշանաւոր Փելէն, ֆութպոլի ամբողջ պատմութեան եւ աշխարհի ամէնէն լաւ ֆութպոլ խաղցողն է: 1958-ին աշխարհի ախոյեանութեան իր առաջին մասնակցութեան, Փելէ արձանագրեց 2 կոլ` Պրազիլ-Շուէտ խաղին ընթացքին, եւ իր երկիրը 5-2 յաղթեց: Ան 17 տարեկան էր:
Տասնմէկ տարի ետք Փելէ արձանագրեց իր 1000-րդ կոլը: Ան ֆութպոլ խաղցողի իր ասպարէզը դադրեցուց 1977 թուականին:
Ժամանց




Պատասխաններ
1- Բ. Մրցանիշը 5 աստղ է եւ կը պատկանի Պրազիլի: 2- Գ.- Պոլիվիոյ մէջ Լա Փազի ողիմպիական դաշտը յատուկ արտօնագիր մը ունի ՖԻՖԱ-ին կողմէ տրուած, որովհետեւ ֆետերասիոնը ընդհանրապէս չ՛արտօներ, որ մրցումները 3000 մեթրէն աւելի բարձր դաշտերու վրայ խաղցուին, որովհետեւ թթուածինի պակասը խաղը շատ կը դժուարացնէ: 3- Գ. 1966 թուականին այդ շրջանին ախոյեաններուն տրուած Ժիւլրիմէ բաժակը գողցուեցաւ: Անիկա պահուած էր թուփի մը ետեւը, եւ Փիքլզ շատ դիւրութեամբ անոր հոտը առաւ: Հետաքրքրական է նշել, թէ «Միզող շան» դէպքն ալ պատահած է չորս տարիներ առաջ, Չիլիի մէջ տեղի ունեցած Մոնտիալին ընթացքին: 4- ա.- Դեղինը` իբրեւ ազդարարութիւն, կարմիրը` խաղէն դուրս ելլելու համար: 5- ա. երբ Նիւ Եորքի բնակիչի մը կը խօսիս ֆութպոլի մասին, ան կը հասկնայ ամերիկեան ֆութպոլ, որուն ընթացքին մարզիկները յատուկ դիմակներ եւ «զրահներ» հագուած` իրարմէ կը փորձեն խլել հաւկթաձեւ գնդակ մը: 6- բ. անոնք սովորութիւն ունէին բոպիկ ոտքերով խաղալու. սակայն միջազգային ֆետերասիոնը անոնց իրաւունք չէ տուած ախոյեանութեան ընթացքին նոյն ձեւով խաղալու: 7- գ. այս հարցումը թակարդ մըն էր: Դաշտին վրայ իրաւարարները երեք են. մէկը խաղին մէջ, իսկ երկուքը դաշտէն դուրս` երկու կողմերը: Սակայն չորրորդ իրաւարար մը պատրաստ է մրցումը վարելու, եթէ միւս իրաւարարներէն մէկը վիրաւորուի:


