Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԵՐ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ. ՊԵՏԱԿԱՆ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ԵՏՔ

July 9, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յաջողութեամբ աւարտեցինք Լիբանանի պետական քննութիւնները` միջնակարգի (պրէօվէ) եւ երկրորդական բարձրագոյնի (պաքալորէա): Մամուլը արձագանգեց յաջողած աշակերտներուն եւ անոնց վարժարաններուն ուրախութեան: Մամուլը լայն տեղ տուաւ այս յատկանշական երեւոյթին, որ ամէն տարի կրթական տարեփակին երեւան կու գայ, եւ երկու ամիսներու վրայ կը տարածուի նախ մղձաւանջը, ապա` յաջողածներուն ցնծութիւնը: Այս հրճուանքին մէջ մեծ բաժին մը ունին ամէն բանէ առաջ դասատու ուսուցիչները, որոնք սրտատրոփ կը հետեւէին քննութեան արդիւնքներուն: Անոնք հոգեկան գոհունակութիւնը ունեցան, թէ իրենց սպառած շունչը յումպէտս չէ վատնուած: Նոյն ատեն անոնք տրտմեցան աննշան թիւով ձախողածներուն համար, ձախողածներ, որոնց նկատմամբ չար բախտը ցուցաբերեց իր անգութ տրամադրութիւնը: Հոս կարելի է կողմնակի ակնարկ մը կատարել ձախողածներուն հաշուոյն, որոնք քննութեան ժամերուն թերեւս հանդիպեցան խիստ հսկիչներու անզիջող նայուածքներուն, իսկ «հազիւ յաջողածներն» ալ օգտուեցան բարեխիղճ, աչք փակող հսկիչներուն բարեմիտ տրամադրութիւններէն, նաեւ` ՔՈՓԻ կատարելու ճարպիկութենէն: Այս մասին խօսքը տանք պաքալորէայի քննութեանց մասնակցող քանի մը աշակերտներուն:

Արազն է պատմողը, որ «Շատ լաւ» յիշատակութեամբ յաջողեցաւ:

– Իմ ետեւի աթոռին վրայ տեղացի տղայ մը կար, անդադար հարցումներ ուղղեց, մանաւանդ գիտական եւ փիլիսոփայութեան դասերուն, օգնեցի իրեն, երբ հսկիչը հեռու էր մեզմէ: Բայց ան այնքան չափը անցուց եւ սկսաւ լեզուական դասերու կապակցութեամբ բառերու իմաստը հարցնել, ալ համբերութիւնս հատաւ եւ բարկացած ըսի իրեն.

– Կը ներես, կեդրոնացումս կը խանգարես, կրնամ սխալիլ, ա՜լ կը բաւէ…

Այլ օրինակ. հայկական երկրորդական վարժարանի աշակերտ Մարիան ալ ունեցաւ այլ փորձառութիւն մը:

Ան իր դասարանին լաւ աշակերտներէն էր, լաւ պատրաստուեցաւ պետական պաքալորէայի քննութեան, բայց երբ արդիւնքները ելան, իր թիւը չյայտարարուեցաւ, դասարանին բոլոր աշակերտները յաջողած են, իր թիւը չկար: Պրպտումներէ ետք տեսան, թէ դասերուն նիշերը յաջողութիւն կը թելադրեն, բայց իր թիւը չկար: Իրարանցում մը եւ յուզում ու արցունք: Ինչո՞ւ այսպէս եղած է…

Եկէք արդար ըլլանք ու ըսենք, թէ հսկիչները, քննիչները, սրբագրիչները, լրատուները բոլորն ալ մարդեր են, եւ կրնան շուարիլ կամ սխալիլ: Նման պարագաներու պէտք է դիմել առ որ անկ է: Ի վերջոյ, Մարիային յաջողութեան թիւը ուրիշ ցանկի մը մէջէն ելաւ օր մը ետք…

***

Մեր մատնանշումները կը վերաբերին նաեւ պրէօվէի քննութեանց: Դպրոցներու տնօրէնները, ուսուցիչները, աշակերտները եւ ծնողները կ՛ապրին մղձաւանջային տրամադրութեամբ: Արդէն ամիս մը քննութեան դասերը սորվելու տագնապը կայ, գիշերը ցերեկին խառնած դաս սորվիլ: Կան նաեւ անտարբեր աշակերտներ, որոնք իրենց յոյսը դրած են այս կամ այն միջամտութիւններուն, ՔՈՓԻ-ին կամ հսկիչներու բարեացակամ վերաբերումին  վրայ: Բայց կայ հիմնական իրողութիւն մը, որ աշակերտին կեցուածքն է` դաս սորվելու լուրջ տրամադրութեամբ: Յաջողութիւնը յստակ կ՛ըլլայ այս պարագային, եթէ աշակերտը շատ զգայուն չըլլայ, վախն ու կասկածը չպղտորեն անոր ներաշխարհը, չքանդեն ինքնավստահութիւնը: Քաջութիւնը, ինքնավստահութիւնը ունին իրնց զօրութիւնը:

Պետական քննութեանց պարագային այլ գործօն մըն է յստակ ձեռագիր ունենալը: Եթէ աշակերտին ձեռագիրը ընթեռնելի չէ, կը ջղայնացնէ սրբագրիչը, որ չկարենալով կարդալ տուեալ ձեռագիրը, կը շուարի շօշափելի նիշ մը տալու: Նման պարագաներ եւս` կ՛արձանագրուին բոլոր տեսակի քննութիւններուն ժամանակ:

«Ազդակ» անխտիր լայն տեղ տրամադրեց մեր վարժարաններուն: Հաճելի էր տեսնել նկարները նորագոյն սերունդին, շրջանաւարտներուն` մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ երկրորդական բարձրագոյն վարժարաններու: Առատ էր հունձքը, այսուհանդերձ նկատելի էր մանկապարտէզներու «հունձքին» նուազումը: Կը նշանակէ, որ վերջին հնգամեակին մասնաւորաբար, ծնունդները եղած են քիչ թիւով, այս իրողութիւնը ցաւ կը պատճառէ բոլորիս` իբրեւ հայկական գաղութ, լիբանանահայ գաղութ: Աւելին չենք ըսեր, ընթերցողին կը թողունք այս մասին մտածելու հարցը:

Պետական քննութեանց յաջողութիւնները կարեւոր են եւ անհրաժեշտ: Հարկ է նկատի առնել նաեւ արհեստագիտութեան բերած մեծ նպաստը ասպարէզ մը ընտրելու լայն կարելիութեանց ընձեռումին մէջ: Դիւրութիւններ կան ասպարէզ մը որդեգրելու գիտութեան ընձեռած առաւելութիւններէն: Այս պարագային մենք կը մտածենք մեր լեզուին, արեւմտահայերէնին նկատմամբ տեսնուած անտարբերութեան մասին: Երանի թէ ունենայինք նաեւ ՀԱՅԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ պսակաւորներ: Ո՞ւր պէտք է փնտռել այս ոլորտին մէջ յաջորդական շարունակելիութիւնը: Եկէք մտածենք այս մասին, եւ ուժ տանք հայագիտական ուսման, որպէսզի վաղուան սերունդը ինքզինք անապատի մէջ չզգայ, երբ ներկայի հայագէտները բացակային կամքէ անկախ պատճառներով:

Մեր կրթական պատասխանատուները պէտք է մտածեն այս մասին, այսօր իսկ, որովհետեւ վաղը ուշ կ՛ըլլայ:

Կը շնորհաւորենք պետական քննութեանց յաջողածները, եւ կը մաղթենք, որ երկրորդ փուլին յաջողին նաեւ երէկուան ձախողածները: Յուսահատիլը հայուն չի վայելեր, միշտ դէպի առաջ:

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

 

 

Նախորդը

ՍՓԻՒՌՔԻ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ-ՀԻՄՆԱՐԿ

Յաջորդը

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏԻՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.