Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Լուիս Ֆելիփէ Սքոլարի իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ կը սխալին բոլոր անոնք, որոնք կը կարծեն, որ «ՖԻՖԱ»-ն կը փափաքի եւ ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ, որպէսզի Պրազիլ հանդիսանայ աշխարհի ախոյեան:
Ըստ սպանական «Մարքա» մարզական օրաթերթին, Սքոլարի նմանօրինակ յայտարարութիւն կատարած է 6 լրատուամիջոցներու հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին:
Նշենք, որ հինգ անգամ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Պրազիլ 2014-ի Մոնտիալի քառորդ աւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ զօրաւոր խումբ մը` Քոլոմպիան:


