
Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց թէ 13 պատմական վայրեր ներառուած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան պահպանման ժամանակաւոր ցանկին մէջ: Այդ վայրերէն երկուքը կիլիկեան թագաւորութեան կարեւոր նմուշներ են` Ատանայի մերձակայ «Անաւարզա» (Անարզաբա) ամրոցը եւ Մերսին նահանգի «Քըզ Գալեսի»-ն (Կոռիկոս) Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան շրջանէն հասած են մեր օրերուն, բայց նախարարութեան լուսաբանութեան մէջ այս մասին որեւէ նշում չէ կատարուած: Այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս»-ի աշխատակից Բագրատ Էսդուգեան:
Անաւարզա պատմական քաղաքը կը թուարկուի ՆՔ. ԺԹ. դարուն, որուն մէջ գտնուող եւ շինութիւնը Լեւոն Բ. թագաւորի վերագրուած միջնաբերդին ու պարիսպներուն համար գրուած է` «Ատանայի շրջակայքի մէջ եզակի միջնադարեան ամրոցը իր երեք մուտքերով ու յաղթանակի կամարով, դաշտին կեդրոնը կղզիի մը նման բարձրացող բլուրի մը վրայ կը գտնուի»:

Տարածաշրջանի պատմութիւնը Պոլսոյ համալսարանի գրական բաժանմունքի դասախօսներէն փրոֆ. Մուսթաֆա Համտի Սայարի կողմէ հետեւեալ կերպով կը ծանօթացուի.
«1137 թուին, Բիւզանդիոնի Յովհաննէս Կոմնենոս Բ. կայսրը 37 օրուան շրջապատումէ ետք կը յաջողի գրաւել: 1188-ին Լեւոն Բ. ժայռաբլուրի վրայ կը կառուցէ ամրոցը, որ մինչեւ օրս լաւագոյն ձեւով պահպանուած է: 1279-ին թիւրքմէններ կը փորձեն քաղաքը գրաւել»: Ինչպէս կը տեսնուի, այստեղ նշուած է Լեւոն Բ.-ի անունը` առանց նշելով անոր Կիլիկիոյ հայոց արքայ ըլլալը:
Նոյն ճակատագրին կ՛արժանանայ Կիլիկիոյ իշխան Լեւոնը, որ Կիլիկիոյ թագաւորութիւնը հիմնելէ ետք գահ բազմելով` Լեւոն Ա. արքայի կոչումին արժանացած թագաւորի մը այլ գործը:
Թագաւորութեան կարեւորագոյն նաւահանգիստ Կոռիկոսի պաշտպանութեան համար 1199-ին կառուցուած Քըզ Գալեսիի համար ալ հայկական պատկանելիութեան նշում մը չենք տեսներ նախարարութեան կայքէջի վրայ:
Հոս ալ թէեւ նշուած է որ Քըզ Գալեսի ամրոցը 1199 թուին կառուցուած է Լեւոն Ա.-ի կողմէ, բայց նոյնպէս անտեսուած անոր հայոց թագաւոր ըլլալու իրողութիւնը:
Պոլսոյ «Քըզ Գուլեսի»-ի առասպելին մէկ նմանը կը պատմուի Մերսինի Քըզ Գալեսիի համար ալ, ըստ որուն, գուշակներ թագաւորին յայտնած են, թէ իր միակ դուստրը պիտի թունաւորուի օձի մը խայթոցով: Գուշակութեան ազդարարած չարիքը կանխելու համար թագաւորը ծովուն վրայ պատսպարան մը կը կառուցէ աղջկան համար, բայց միրգերու կողովին մէջ թաքնուած օձ մը կը խայթէ զայն:
