ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր երկրին խորհրդարանին փոխանցեց օրինագիծ մը, որ իրաւական մակարդակով կ՛ամրապնդէ իր կառավարութեան եւ ՔԱԿ-ի ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանի միջեւ բանակցութիւնները: Օրինագիծը որդեգրելու համար խորհրդարանը իր ամառնային արձակուրդի սկիզբը յետաձգեց մինչեւ 25 յուլիս: 7 կէտերէ բաղկացած օրինագիծը կ՛ամրապնդէ Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատուող ՔԱԿ-ի հետ բանակցութիւններու մասնակիցներուն, այս պարագային ՄԻԹ-ի ղեկավար Հաքքան Ֆիտանի եւ անոր անմիջական օգնականներուն անձեռնմխելիութիւնը: Օրինագիծին մէջ նաեւ բարելաւուած են պայմանները այն քիւրտերուն համար, որոնք կ՛որոշեն լքել ՔԱԿ-ը: Օճալան Էրտողանի նախաձեռնութիւնը «պատմական» նկատեց: Այս նախաձեռնութեան կողքին, թրքական իշխանութիւնները վերջերս սկսան ազատ արձակել ՔԱԿ-ի թեւերէն` Քրտական համայնքի միութիւն խմբաւորման հարցով արգելափակուած քիւրտերը:
Այս քայլերուն դրդապատճառը 10 օգոստոսին նախատեսուած Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւնն է, որուն առաջին փուլէն իսկ նախագահ ընտրուելու համար Էրտողան կը փորձէ քիւրտերը սիրաշահիլ: Եթէ քիւրտերը սեփական թեկնածու մը առաջադրեն, կրնան վտանգել առաջին հանգրուանէն նախագահ ընտրուելու Էրտողանի ծրագիրը, իսկ եթէ թեկնածու չառաջադրեն կամ ընտրութիւնը պոյքոթի ենթարկեն, ապա Էրտողան առաջին փուլէն իսկ կրնայ իր «գահին» տիրանալ:
Թուրքիոյ վարչապետին յաղթանակը ամէն պարագայի ապահով է, սակայն անոր խառնուածքն է, որ զինք խոցելի կը դարձնէ եւ առիթ կ՛ընծայէ, որ քիւրտերը որոշ օգուտ քաղեն: Էրտողանի նախագահական ընտրութեան 2-րդ փուլի մը կայացումէն խուսափիլ ջանալուն դրդապատճառը միայն անոր մեծամտութիւնը չէ, այլ նաեւ այն, որ առաջին հանգրուանին արձանագրուած յաղթանակը մեծապէս կ՛ամրապնդէ ժողովուրդին կողմէ ընտրուած նախագահին դիրքը: Այս պարագային գոյութիւն ունի այն վտանգը, որ քննադատութիւն եւ ընդդիմախօսութիւն չհանդուրժող, ցուցարարները ապտակող եւ զանոնք գործակալներ նկատող նոր օսմանական վարչապետը նոր սուլթանի մը վերածուի:
Իբրեւ նախագահ կրաւորական չմնալ երդուած Էրտողանի նախագահական նստաշրջանի սկզբնական շրջանը անկասկած փոթորկոտ պիտի ըլլայ, որովհետեւ, ըստ Թուրքիոյ ներկայ սահմանադրութեան, նախագահի պաշտօնը պատշիրային է: Էրտողան կարիքը պիտի ունենայ բարեփոխելու սահմանադրութիւնը եւ կառավարման նախագահական համակարգ որդեգրելու: Կը մնայ տեսնել, որ նոր վարչապետը, որ, ըստ շրջանառուող նախատեսութեանց, արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուն, փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչը կամ գործող նախագահ Ապտիւլլա Կիւլը պիտի ըլլայ, որքանո՛վ հաւատարիմ պիտի մնայ Էրտողանին, եւ գործադիր ու իրողական իշխանութիւնը ձեռք ձգելէ ետք զայն պիտի զիջի անոր: Եթէ նոր վարչապետը իշխանութեան կառչած մնայ, Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կրնայ պառակտուիլ եւ Թուրքիոյ մէջ 2015-ին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք քաղաքական վերադասաւորում մը կրնայ տեղի ունենալ, այդպիսով վերջ դնելով Արդարութիւն եւ բարգաւաճում ներկայ տարազով կուսակցութեան 13-ամեայ իշխանութեան:


