Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Թուրք-Ազրպէյճանական Հասարակաց Գիծ Մը

June 28, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

2806vahoԱզրպէյճանի իշխող «Ենի Ազրպէյճան» կուսակցութեան գործադիր քարտուղարի տեղակալ, Ազրպէյճանի խորհրդարանի անդամ Սիյաւուշ Նովրուզով յայտարարեց, որ ազրպէյճանցի իրաւապաշտպան Լէյլա Եունուս, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի մէջ հաստատուած եւ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն դէմ բողոքող ազրպէյճանցիները ծագումով հայ են: Ըստ երեսփոխանին, վերջիններս Եւրոպայի մէջ կը պնդեն, որ Ազրպէյճանի մէջ զիրենք ճնշած են իրենց հայկական ծագումին համար: Ազրպէյճանի իշխող կուսակցութեան անդամ երեսփոխանը փաստօրէն կը հետեւի իր ղեկավար Իլհամ Ալիեւի օրինակին, որ հազիւ քանի մը օր առաջ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին առջեւ բացայայտ սուտեր «գլորած» էր:

Ազրպէյճանի նախագահը Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին նիստին ընթացքին իր ունեցած կոշտ ու սուտերով լեցուն ելոյթով պարզապէս հաստատեց այդ կառոյցին մէջ իր վարչակարգին հասցէին հնչած քննադատութիւնները, աւելի՛ն, իր քաղաքական սնանկութիւնը փաստելով բրիտանացի երեսփոխանի մը վրայ մատ թափահարեց` մոռնալով, թէ ինք այդ պահուն Եւրոպա կը գտնուի եւ ոչ թէ Ազրպէյճան:

Ան իր այդ ընթացքով ինքն իր մասին այնպիսի հակաքարոզչութիւն մը կատարեց, որ հայկական կողմը չէր կրնար նոյնիսկ այդ մասին մտածել. շնորհակալութի՜ւն պարոն Ալիեւ:

Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կը թուին նաեւ կապկել Թուրքիոյ պատմութեան հիմնարկի նախկին տնօրէն Եուսուֆ Հալաճօղլուն եւ թրքական Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավարները, որոնց ընդդիմախօսներուն հակաճառելու վերջին զէնքը զանոնք հայկական ծագում ունենալու յանցանքով «ամբաստանելն է»:

Վերջերս Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք առաջարկած էր թրքախօս պետութիւններուն համար միասնական այբուբեն եւ լեզու ստեղծել, իսկ Ալիեւ Չիչեքի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտարարած էր. «Թուրքիայէն եւ Ազրպէյճանէն բացի թրքական աշխարհի միութեան համար պայքարող որեւէ այլ երկիր չկայ»` աւելցնելով. «Մենք մէկ ժողովուրդ, երկու պետութիւն ենք»:

Այս հասարակաց գիծերուն վրայ եթէ նաեւ նկատի ունենանք այն իրողութիւնը, որ Թուրքիա Հայաստանի հետ սահմանը փակած է առ ի զօրակցութիւն Ազրպէյճանի, եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն կարգաւորումը ղարաբաղեան տագնապի ազրպէյճանամէտ լուծումով կը պայմանաւորէ, ապա կարելի է եզրակացնել, որ փանթուրանականութիւնը տակաւին ողջ ու առողջ է:

 

Նախորդը

139 Շրջանաւարտ` Հայկազեան Համալսարանէն

Յաջորդը

«Հարաւային Հոսք»-ը Պէտք Է Կանգնեցնել` Մինչեւ Եւրոպական Միութեան Արժեչափերուն Ամբողջովին Համապատասխանելը» Ըսաւ Օթինկըր

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.