Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հիւանդանոցային Փորձառութիւն. Սիրտս Ինչո՞ւ Արժէք Ունի (Եղեր)…

June 28, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

«… Հիւանդանոցի այս փորձառութեանդ մասին բան մը պիտի գրե՞ս: Կ՛արժէ, որ գրես. գրէ՛, գրէ՛ անպայման», հրամայելու պէս յորդորեց ընկերս` հեռաձայնին միւս ծայրէն, բարի ապաքինման մաղթանքներ ընելէ ետք:

Միակ բարիք մաղթողը չէր: Շատեր հեռաձայնեցին, բացիկներ կամ ե-նամակներ յղեցին, այցելեցին, մինչեւ իսկ ուրախ ծաղիկներ ստացայ: Սակայն փորձառութեանս մասին գրելու նման յորդոր միայն իրմէ եկաւ: Առաջին անգամը չէր, որ նման հրամայական յորդորներ կ՛ուղղէր: Ի վերջոյ, աւելի քան 45 տարուան մտերմութիւն մը կը լիազօրէր զինք…

Մտածեցի. ուրախ կամ անպատեհ պայմաններու մէջէն անցնողներ ինծի պէս սրտակցութիւն կը վայելեն, եւ փոխադարձաբար, բացիկով կամ մամուլով շնորհակալութեան արտայայտութիւն մը կ՛ունենան ընդհանրապէս: Ընկերոջս յորդորը հրաւէրի պէս հնչեց, որպէսզի ես ալ բոլորին շնորհակալութիւն յայտնելու ձեւ մը գտնեմ: Ու խոստացայ գրել` «անմիջապէս որ ի վիճակի զգամ», եւ յուսացի, որ այդ օրը չուշանայ:

Հիմա այդ օրն է արդէն…

***

… Զիս կռնակիս վրայ պառկեցուցած ու անշարժացուցած են վիրաբուժութեան սեղանին վրայ. վիրաբուժն ու օգնականները կը բացատրեն, որ զիս պիտի չզգայազրկեն, միայն կողիս մէկ ծայրամասը մասնակի զգայազրկումի պիտի ենթարկեն: Կը պատուիրեն մնալ բացարձակապէս անշարժ, մանաւանդ` սրունքներս եւ իրանս անշարժ պահել: Պէտք չեն զգար ակնոցս հանելու, իսկ գլխուս տակ, իբրեւ յենակ, դրած են փոքր բարձ մը. իրաւունք կու տան գլուխս քիչ մը աջ կամ ձախ շարժելու:

Ձախ կողմս, բժիշկներուն դիմաց, քիչ մը բարձրադիր, կան համակարգչային պաստառներ, որուն վրայէն վիրաբուժը կը հետեւի իր ընելիքներուն: Քանի որ պահած եմ ակնոցս, կը փորձեմ ըստ կարելւոյն հետեւիլ անցած-դարձածին: Հոն, սեւ-ճերմակ պաստառին վրայ կ՛երեւին սիրտս, անոր մեծ ու փոքր երակները, բաբախումները: Վիրաբուժին եւ օգնականներուն գործը սրտիս հետ է. կ՛աշխատին խցուած երակներ դարմանել:

Ուշադրութիւնս ուրիշ ուղղութեամբ կը բանի: Մտահաղորդակցութեամբ (telepathy) հարցում մը կ՛ուղղեմ բժիշկին. «Այս պաստառին ճամբով, կարելի՞ է նաեւ տեսնել, թէ մարդոց սրտին մէջ որո՞նք կան. կրնա՞մ տեսնել, թէ քանի՞ բարեկամ, ծանօթ ու հարազատ տեղ գրաւած են սրտիս մէջ…»: Բժիշկը, նմանապէս մտահաղորդակցութեամբ, կը բացատրէ, որ տակաւին նման համակարգիչ կամ արդիական սարք չէ հնարուած, հետեւաբար պարզ աչքերով կարելի չէ ունենալ հարցումիս պատասխանը: Ուրեմն ինծի կը մնայ վիրաբուժութեան այս ժամերը լեցնել` ուղեղ-համակարգիչիս պաստառին ճամբով պեղելու սիրտիս բջիջներուն այդ երեսը, վստահելով յիշողութեանս, որ փոքրաթիւ հարստութիւններէս մէկն է…

Պեղումներս ի յայտ կը բերեն, որ ունիմ ուրիշ հարստութիւն մըն ալ` հարազատներս, ընկերներս ու ծանօթներս, բոլոր անոնք, որոնք մանկութեանս օրերէն մինչեւ այս վայրկեանը մուտք գործած են սրտէս ներս եւ գրաւած են իրենց յատուկ տեղերը: Հոն են ընտանեկան հարազատներս, նախկին դասընկերներ, հին ու նոր ընկերներ, ծանօթներ ու բարեկամներ, պաշտօնակիցներ ու գործակիցներ, բժիշկներ ու դեռ` շա՜տ շատեր, որոնց հետ ունեցած եմ ծանօթութիւն, կարճ ու երկար գործակցութիւն, առաւել կամ նուազ չափով` մտերմութիւն: Եւ որովհետեւ հայ եմ, այսինքն` աշխարհակալ Մեծն Տիգրանի նորօրեայ մէկ «աշխարհակալ» ժառանգորդը, կը տեսնեմ, որ սրտիս մէջ տեղ ունեցող հարազատներս ու ծանօթներս տարածուած են Հալէպ-Պէյրութէն մինչեւ Հայաստան, Աւստրալիա, Եւրոպա,  Հարաւային Ամերիկա, Քանատա եւ Միացեալ Նահանգներ: Ունիմ այն զգացումը, աւելի՛ն` վստահութի՛ւնը, որ սիրտս ունի մուտքի բազմաթիւ անցքեր, բայց ոչ մէկ անցքի վրայ գրուած է «ելք», այսինքն` ներս մտնողներուն թոյլ չեմ տուած անգամ մըն ալ դուրս ելլելու, մինչեւ իսկ եթէ մէկն ու մէկը, կամայ թէ ակամայ, վիշտ պատճառած է ինծի (ես ալ հաւանաբար վշտացուցած եմ ծանօթ ու բարեկամ. չէ՞ որ ես ալ մարդ եմ…): Հոն իրենց պատուանդանները պահած են նաեւ անոնք, որոնք անցած են իմ աշխարհէս ու օր մը առյաւէտ հեռացած` անպայման հետք մը ձգելով կեանքիս մէջ: Օ՜, որքա՜ն հարուստ եմ եղեր…

Նոր տեսանկիւնէ մը կ՛ըմբռնեմ, թէ մարդուս սիրտը ինչո՛ւ համար այդքան կարեւոր է (եղեր), արժէքաւոր ու անփոխարինելի՛: Վիրաբուժութեան այս փորձառութիւնը աչքերս կը բանայ իրականութիւններու վրայ, զորս ա՛յսքան լիարժէք ու համապարփակ կերպով չէի տեսած օրերուս հեւքոտ թաւալումին հետ:

Եւ յանկարծ…սրդողում մը կը համակէ զիս: Կրնա՞յ պատահիլ, որ օր մը սրտիս բջիջները լեցուին, նոր եկուորներու տեղ բանալու համար ստիպուած ըլլամ հեռացնել այժմու բնակիչները: Վիրաբուժին դիմացի պաստառին վրայ նշաններ կ՛երեւին, որոնք ցոյց կու տան, թէ սրտիս բաբախումները արագացած են: Բժիշկը շփոթի կը մատնուի եւ կը փութայ թելադրանքներ ընելու օգնականներուն: Սակայն անբնական վիճակս շուտով կը փարատի, սրտիս բաբախումները կը վերագտնեն քիչ առաջուան կշռոյթը, բժիշկը ստիպուած չ՛ըլլար արտասովոր քայլերու դիմելու:

Կը յիշեմ, թէ տարիներ առաջ, օր մը տեղ մը կարդացած եմ, թէ մարդկային սիրտը անհաշիւ բջիջներով օժտուած է (տուն դառնալէ շաբաթներ ետք ստուգեցի, որ սրտի բջիջներուն թիւը կրնայ տարուբերիլ մէկէն 5 թրիլիընի միջեւ, թերեւս նաեւ` աւելի): Վախ չկայ, որ նորեկ մը նախկին «բնակիչի«» գալով` կը պատրաստուիմ կեանքիս մնացեալ օրերը անպարագիծ բաւարարութեամբ շարունակելու, շնորհակալ ըլլալով սիրտս օրէ օր ուռճացնող հարստութեանս աղբիւրներուն, եւ ես ինծի անձնասիրաբար մաղթելով, որ այս գանձերս կրկնապատկուին, բազմապատկուին…

***

Այս սիւնակը արդեօք անհամ փորձառութեանս մասին ընկերոջս յորդորին պատասխանը եղա՞ւ…

22 Յունիս 2014

Նախորդը

Ազգային Կեանքի Անխոնջ Ծառան

Յաջորդը

«Ո՛Չ» Ըսենք Թմրամոլութեան Մասնակցինք Թմրամոլութեան Դէմ Մինի Մարաթոնին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.