Ռէալ Մատրիտի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբի նախկին մարզիկ, Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի անցեալի նախկին աստղ Զինետին Զիտան նշանակուեցաւ Ռէալ Մատրիտի Բ. խումբի գլխաւոր մարզիչ, նոր` 2014-2015 տարեշրջանէն սկսեալ:
Անոր օգնական նշանակուեցաւ Սանթիակօ Սանչես:
Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանին աւարտին Ռէալի Բ. խումբը իր արձանագրած ոչ այդքան համոզիչ արդիւնքներուն պատճառով Բ. դասակարգէն փոխադրուեցաւ Գ. դասակարգ:


