Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենիքի Խմբագրական. Պաքուի Որջին Մէջ

June 24, 2014
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Hayrenik_bakou-1Անտառի քաղաքականութիւնն է, որ կիրարկուեցաւ, վերջերս Պաքուի մէջ կազմակերպուած ՕԹԱՆ-ի խորհրդարանական վեհաժողովին, որ կը կրէր «Հարաւային Կովկաս. մարտահրաւէրներ եւ հնարաւորութիւններ» խորագիրը:

Այսպէս, իրենց որջին մէջ ազերի ղեկավարութիւնը կազմակերպելով եւ հիւրընկալելով այս համագումարը` զայն վերածեց աժան քարոզչական բնոյթ ունեցող հաւաքներու, ուր ամէն լաւ բան կը պատկանի նոյնինքն տեղւոյն երկրին ու ղեկավարութեան, իսկ չարն ու գէշը` թշնամիին:

Այս մթնոլորտին մէջ է, որ Հայաստանի ներկայացուցիչները` հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար Հանրապետական կուսակցութեան երեսփոխան Կորիւն Նահապետեան, «ժառանգութիւն» խմբակցութեան երեսփոխան Թեւան Պօղոսեան եւ մասնագիտացած փորձագէտ Ռիչըրտ Կիրակոսեան ժամանած էին Պաքու:

Անշուշտ Արցախն էր ազերի քարոզչական մեքենային կարեւորագոյն նիւթը: Աղաւաղուած եւ կեղծուած պատմութեամբ Արցախի հիմնահարց մը, ուր շահագործողը վերածուած էր շահագործուողի, օգտագործողն ալ` օգտագործուողի… Աւելի իրապաշտօրէն նկարագրելու համար, ջարդողը` ջարդուողի եւ սպաննողն ալ` սպաննուողի: Խոճալուի ներկայացուած կեղծիքը օրինակներէն մէկն է այս յարձակողական քաղաքականութեան:

քաղաքագէտներու համար յստակ է, որ Պաքուի կատարածը բոլորովին հեռու է քաղաքական եւ քաղաքակրթուած աշխարհի փրոթոգոլներէն: Անոնք իրենց ծայրայեղութեամբ փաստեցին, որ լրջօրէն քննարկելու կարողութիւն եւ նոյնիսկ պատրաստակամութիւն չունին:

Ազերի ղեկավարութիւնը այնքան մը «կոյր» է, որ խստիւ քննադատած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի նախկին համանախագահ, Ազրպէյճանի մէջ Միացէալ Նահանգներու նախկին դեսպան Մեթիու Պրայզան:

Այս վերջինը պարզապէս յայտնած էր, որ անհրաժեշտ է աշխատանքը շարունակել` Արցախի տագնապի լուծման զինուորական ճամբու կիրարկումը նուազեցնելու համար, եւ աւարտած էր իր խօսքը` նշելով, թէ Ազրպէյճան պէտք է որ անպայման արձակազէնները հեռացնէ սահմանային գիծերէն:

Բամբասանքային մակարդակի վրայ մնալով` ազերի պատուիրակութիւնը Պրայզային յիշեցուցած է, որ հայերը դէմ էին իր դեսպան ըլլալուն այն պատճառով, որ անոր կողակիցը ազգութեամբ թուրք է:

Վստահաբար միեւնոյն ճղճիմ ու մանկական բնոյթ ունեցող մտայնութեան պտղաբեր արդիւնքն է երեք հայ պատգամաւորներու իջեւանած պանդոկին առջեւ կատարուած ցոյցը` այսպէս կոչուած Ղարաբաղի ազատագրման կազմակերպութեան խումբ մը ազերիներու կողմէ: Աւելի՛ն. նոյնիսկ ոստիկանութիւնը, որ ցրուած է այս ցուցարարները եւ գրաւած` անոնց պաստառները, այդքան ալ սիրայօժարո կերպով չէ կատարած իր պարտականութիւնը:

հաւանաբար տեղացիին համար շատ աւելի խանդավառութիւնն ու հրճուանքը իր գագաթնակէտին հասած պիտի ըլլար, եթէ Ռամիլ Սաֆարով իր կացինով մասնակցած ըլլար թէ՛ համագումարին եւ թէ՛ ցոյցին:

 

Նախորդը

Որտեղից Են Սերում Ազրպէյճանցիները

Յաջորդը

«Լիպանիզ Միւզիք Սքուլ»-ի Ուսուցիչներն Ու Աշակերտները Ներկայացուցին Հայ Եւ Միջազգային Աշխարհահռչակ Երաժշտահաններու Գործերը

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.