Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քլինթըն Իր Յուշերուն Մէջ Կ՛անդրադառնայ Հայ-Թրքական Ցիւրիխի Համաձայնութեան

June 24, 2014
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Clinton_protocolՄիացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին նախարար Հիլըրի Քլինթըն հրատարակեց «Դժուար ընտրանքներ» խորագիրով իր յուշերը, ինչ որ շատերու կողմէ 2016-ի նախագահութեան իր թեկնածութեան ոչ պաշտօնական առաջադրումը նկատուեցաւ: Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը 656 էջերէ բաղկացած գիրքին մէջ յատուկ տեղ մը կը գրաւէ:

Յունիս 10-ին հրատարակուած գիրքին մէջ կը ներկայացուի Քլինթընի պաշտօնավարութեան ընթացքին իր կատարած դժուար բանակցութիւնները` Կիպրոսի հարցէն մինչեւ Հայաստան: Գիրքը Թուրքիան կը ներկայացնէ իբրեւ Քլինթընի մասնակցած բանակցութեանց մէջ դժուար դերակատար մը: Քլինթըն կը գրէ, որ Եւրոպայի մէջ Միացեալ Նահանգներու ունեցած յարաբերութիւններէն ոչ մէկը Թուրքիոյ հետ յարաբերութեան նման հոգատարութիւն պահանջած է:

Քլինթըն Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը կը նկատէ անձ մը, որուն` «ձեռքին մէջ կը գտնուի Թուրքիոյ եւ մեր յարաբերութեանց ապագան»: Ան Էրտողանը կը նկարագրէ իբրեւ փառատենչ, ուժեղ, հաւատացեալ եւ ազդու քաղաքագէտ մը:

Խօսելով Թուրքիոյ «Զերօ խնդիրներ» քաղաքականութեան մասին` Քլինթըն կը գրէ, որ այդ քաղաքականութիւնը լաւ բան մը կը թուէր եւ բազմաթիւ պարագաներու շինիչ էր, սակայն նաեւ Թուրքիան չափազանց նախանձախնդիր դարձուց ընդունելու Իրանի հետ դիւանագիտական համաձայնութիւն մը, որ Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին նկատմամբ միջազգային ընտանիքին մտահոգութիւնները փարատման ոչինչով նպաստեց:

Քլինթըն վերյիշելով հոկտեմբեր 2009-ին Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ Ցիւրիխի մէջ կնքուած համաձայնութիւնը` կը յայտնէ, որ իր քառամեայ պաշտօնավարութեան ընթացքին Թուրքիան ի յայտ եկած է իբրեւ կարեւոր եւ երբեմն յուսախաբ ընող գործընկեր մը: Ան այդ համաձայնութիւնը «մարտահրաւէր» մը կը նկատէ Միացեալ Նահանգների համար:

Քլինթըն կը գրէ. «Յաջորդ կէսօրէ ետք պանդոկէս դուրս եկայ եւ արարողութեան (համաձայնութեան ստորագրման, «Հ») համար ուղղուեցայ Ցիւրիխի համալսարան: Սակայն խնդիր մը կար: (Էդուարդ) Նալբանդեան` հայ նախարարը, կը հակառակէր: Ան ստորագրման ընթացքին Տաւութօղլուի արտասանելիք խօսքով մտահոգուած էր եւ յանկարծ կը մերժէր պանդոկէն դուրս գալ: Կը թուէր, որ ամիսներէ ի վեր զգուշութեամբ վարուած բանակցութիւնները կրնան տապալիլ»: Ըստ անոր, ան «հեռաձայնները գործի լծած է» եւ իր երկու պաշտօնակիցները համոզած` «փաստաթուղթը ստորագրելու, յայտարարութիւն չկատարելու եւ հեռանալու»:

Նախորդը

«Հայ Եղբայրներուս Եւ Սիրելի Հրանդին». Թուրք Լրագրողին Մրցանակ Շահած Յօդուածը

Յաջորդը

Պաքուի Մէջ Թէժ Մթնոլորտ` Լեռնային Ղարաբաղի Վերաբերող Քննարկումներուն Ընթացքին

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.