Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քեսապի, «Ընդդիմադիրներու» Եւ Collateral Damage-ի Մասին

June 23, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ

Քեսապը ազատագրուած է: Երրորդ անգամ տարագրութեան դառն փորձառութիւնը ճաշակած Քեսապի բռնագաղթի ենթարկուած զաւակները այսօր կը վերադառնան պատմական Կիլիկիոյ իրենց բնօրրանը` քանդուածը վերաշինելու, խաւարը լուսաւորելու, կորուսեալ ծննդավայրը վերածաղկեցնելու, վերստին յառնելու:

***

Kessab_KaradouranՄիջին Արեւելքի մԷջ Սուրիոյ պատերազմի յարաբորբոք իրավիճակը տակաւին հեռու է խաղաղ հանգուցալուծման մը հասնելու հանգրուանէն:

Երկրագունդի այս տարածաշրջանը` Միջին Արեւելքը, ի սկզբանէ եղած է աշխարհաքաղաքական տարբեր բախումներու բեմադրավայր, հնագոյն դարերէն մինչեւ 21-րդ դար: Սակայն Սուրիոյ ներկայ պատերազմը տարբեր երանգաւորում ունի:

Արդեօ՞ք երկրին մէջ բարեփոխումներ կատարելու եւ ժողովրդավարութիւնը ամրագրելու «Արաբական գարուն»-ներու կրկնօրինակը Սուրիոյ մէջ նուիրագործելու ջանք մըն էր կատարուածը: Սակայն բոլորս ականատես եղանք այդ գարուններուն, որոնք բոլորն ալ շուտով վերածուեցան աշուններու, ուր բռնատէրերուն յաջորդեցին նոր բռնատէրերն ու իշխանութիւնները… Եթէ ժողովրդավարութեան տարրական սկզբունքները Մերձաւոր Արեւելքի մէջ արմատաւորելու յստակ միտում եւ մարմաջ կայ, հարց կը ծագի, թէ ինչո՞ւ «գարուն»-ներ չեն պատահիր Արաբական թերակղզիի տափաստաններուն վրայ…

Պատերազմը քաղաքացիական պատերա՞զմ է: Եթէ քաղաքացիական պատերազմ պիտի ըլլար, ուրեմն քաղաքական տրամաբանութիւնը կ՛ենթադրէ, որ միեւնոյն երկրի կամ պետութեան գաղափարապէս հակադրուած երկու հատուածներու քաղաքացիներ պիտի պայքարին իրարու դէմ, այնպէս` ինչպէս Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի կամ Մեքսիքայի քաղաքացիական պատերազմները, ուր նոյն հայրենիքին մէջ ծնունդ առած քաղաքացիներ, զէնքերը ուղղեցին իրարու դէմ եւ արիւնալի պատմական արարներէ ետք, այդ երկիրներուն համար գրուեցաւ պատմութեան նոր էջ մը: Սակայն Սուրիոյ պարագային, ընդդիմադիր հատուածը եթէ իր մէջ կը ներառէ երկրի քաղաքացիութիւնը կրող անդամներ, իր շարքերուն մէջ, յատկապէս` մարտնչող ստորաբաժանումներուն մէջ, ունի բազմահազար օտարահպատակներ, որոնք կը կազմեն ընդդիմութեան զինեալներու գրեթէ 50 տոկոսը:

Այս առնչութեամբ, վիճակագրական յստակ տեղեկութիւններ գրած է HIS Janes Terrorism and Insurgency Center-ի Միջին Արեւելքի բաժանմունքի նախկին ղեկավար եւ Միջին Արեւելքի բախումներու մասնագէտ Չարլզ Լիսթըր, որուն կատարած մասնագիտական վիճակագրական հաշուարկներով, Սուրիոյ ընդդիմադիրներու զինեալ խմբաւորումներու 46 տոկոսը, մօտաւորապէս` 42 հազար ըմբոստներ, կը պատկանին ծայրայեղ, արմատական իսլամական կազմակերպութիւններու, որոնց մեծամասնութիւնը Արեւմուտքի կողմէ կը դասուի որպէս ծայրայեղ ահաբեկչական կազմակերպութիւն: Ահա, արեւմտեան ռազմաքաղաքական վերլուծական կեդրոնի մասնագէտի մը վկայութիւնը, որ իր յօդուածին մէջ չի վարանիր խորհուրդ տալու Արեւմուտքի գերտէրութեանց, յատկապէս` Միացեալ Նահանգներուն, թէ այդ 50 տոկոսը կը կազմեն այն զինեալ խմբաւորումները, որոնց Սուրիոյ մէջ իշխանութեան հասնիլը կտրուկ կերպով կը հակասէ Սուրիոյ ապագայ իշխանութեան վերաբերեալ Արեւմուտքի պատկերացումին: Յստակ է, որ Սուրիան այսօր միջազգային տարբեր ուժերու բախման բեմադրավայրն է, գերտէրութիւններու աշխարհաքաղաքական հաշուեյարդարի ռազմադաշտն է, որուն մէջ ներառուած է նաեւ ուժանիւթի տարանցիկ ճանապարհներու տիրացման մրցակցութիւնը:

Այս է իրապատկերը, այլապէս ինչո՞ւ մէկ օրուան ընթացքին իր պապենական բնօրրանէն արմատախիլ պիտի ըլլար Քեսապի հայ բնակչութիւնը, որ ժողովրդավարօրէն եւ համատեղ խաղաղ գոյակցութեամբ կ՛ապրէր տարբեր կրօնի պատկանող իր համաքաղաքացիներուն հետ:

Kessab_MariamԱյո՛, մէկ օրուան ընթացքին, թրքական պետութեան անմիջական ռազմական օգնութեամբ, ծայրայեղական զինեալներ, օտարահպատակ չեչեններ ու տաղստանցիներ, Արաբական թերակղզիէն Սուրիա հանգրուանած արկածախնդիրներ, օր ցերեկով հատեցին թուրք-սուրիական սահմանը ու յարձակում գործեցին Քեսապի խաղաղ բնակչութեան վրայ: Յաջորդող դէպքերու շարանը ծանօթ է բոլորիս: Ահաւասիկ` թրքական ցեղապաշտ ու ազգայնամոլ աւանդական քաղաքականութեան շարունակութիւնը:

Համաշխարհային պատմագրութիւնը մօտակայ ապագային պիտի գրէ այն մասին, թէ Թուրքիոյ այսօրուան իշխանութիւնները յետին ի՛նչ նպատակներով հարուածը հասցուցին Քեսապին եւ իր հայ բնակչութեան, պատմական Հայաստանի սահմանամերձ այն միակ հայկական բնօրրանին, որուն բնիկ ժողովուրդը, հակառակ բազմաբնոյթ արհաւիրքներու եւ յատկապէս թրքական ցեղապաշտ բռնադատական արարքներու առկայութեան, ԴԱՐԵՐՈՎ կառչած մնացած է իր հայրենի հողին եւ լեռնաշխարհին:

Աներկբայօրէն յստակ է թրքական պետութեան գործօն դերակատարութիւնը Քեսապի բախումներուն մէջ, որուն փաստացի վկայութիւնները տարածուած են նաեւ համացանցի էջերուն վրայ, ուր Քեսապի անտառներուն մէջ կը տեսնենք թրքական դրօշը կրող զինեալ խմբաւորումներու լուսանկարները:

Քեսապի զինուորական գործողութիւնը ռազմական արդի եզրաբանութեամբ «անուղղակի վնաս» collateral damage չէր, այլ հաշուարկուած, ծրագրուած ու կանխամտածուած թրքական պետական սադրանք էր: Պետութեան մը կողմէ գործադրուած ահաբեկչական գործողութիւն. պետական ահաբեկչութիւն:

Ինչ կը վերաբերի «ընդդիմադիր» զինեալներուն, որոնք գրաւեցին Քեսապը, անոնք յստակօրէն դրսեւորեցին քրիստոնէական կրօնին եւ հաւատքին հանդէպ իրենց անհանդուրժողութիւնը: Քեսապը գրաւած «ընդդիմադիր» եւ այլ ծայրայեղական խմբաւորումներու զինեալներու իրագործած վանտալիզմի եւ քանդումի պատկերները այսօր սփռուած են համացանցի վրայ: Նոյն այդ զինեալները, որոնք ամիսներ առաջ համացանցի վրայ կը սփռէին յատուկ տեսերիզներ, ուր կը յայտարարէին, թէ Քեսապի հայկական եկեղեցիները իրենց հոգածութեան եւ խնամքին տակ են: Փաստը այն է, որ այդ «հոգածութեան» իբրեւ հետեւանք` ամէնէն ատելավառ մոլուցքով սրբապղծումի ենթարկուեցան Քրիստոսի հետեւորդներուն աղօթավայրերը, գետին շպրտուեցան եկեղեցիներու գմբէթներէն պոկուած խաչերը, փշրուեցան մարմարեայ խորանները ու պղծուեցան Աստուածամօր սրբապատկերները…

 

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Սուրիական Տագնապի Անխօս Զոհերը

Յաջորդը

Յաջող Փոքր Քայլերուն, Նաեւ` Մանր-Մունր Սխալներուն Մոռցուած… Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.