Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արեան Անվճար Քննութիւն` ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնին Մէջ

June 21, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

2006lokhՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժինին, ուրբաթ, 20 յունիսին «Արեան անվճար քննութեան օր» յայտարարուեցաւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ: Արդարեւ, շրջանի թաղամասերուն բնակիչները եկած էին վերատեսութեան ենթարկելու իրենց առողջական վիճակը:

Այս առիթով որդեգրուող միջոցառումներուն գծով «Ազդակ»-ի հարցումներուն պատասխանելով` ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէն Վերժին Սարաֆեան-Խորշիտեան ըսաւ. «Կազմակերպեցինք «Առողջապահական օր» նկատի ունենալով, որ Արամ Ա. վեհափառ 2014-ը յայտարարած է «Տարեցներու տարի»: Այս մասին կոչեր եւ յայտարարութիւններ ըրինք հրաւիրելով վաթսուն տարիքը բոլորած ազգայինները, որպէսզի կեդրոն ներկայանան այսօր, առաւօտեան ժամը 8:00-էն 12:00-ի միջեւ, արեան անվճար քննութեան համար»: Ոչ հայերու մասնակցութեան, ձեռնարկի գաղափարի որդեգրման ու յառաջիկայ տարիներուն եւս նման քայլեր կրկնելու, օգնականներու մասին հարցումներուն անդրադառնալով Խորշիտեան ըսաւ. «Սկզբունքով հայ ազգայիններու եւ միայն ԼՕԽ-ի յատուկ է այս առիթը, սակայն եթէ ոչ հայեր ալ գան, չենք մերժեր եւ զանոնք ալ կը քննենք: Մօտաւորապէս 200 հոգի կը նախատեսէինք, սակայն արդէն առաւօտեան  ժամը 7:00-էն իսկ սկսած է տարեց ազգայիներու ԼՕԽ-ի կեդրոն հասնիլը: Անոնք արեան քննութեան, շաքարախտի ստուգման եւ այլ քննութիւններու կ՛ենթարկուին»: Իր կարգին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամ եւ Շրջանային Առողջապահական յանձնախումբին մօտ Շրջանայինի ներկայացուցիչ` տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան յիշեցուց, թէ այսօր «երկրորդ «Առողջապահական օր»-ն է, որ կը կազմակերպենք, նախորդը անցնող  յունուարին  «կազմակերպած էինք, անխտիր բոլորին համար եւ ոչ միայն տարեցներուն»: Իսկ կեդրոնի տնօրէնը աւելցուց, որ ԼՕԽ-ը ընդհանրապէս ամէն տարի նման քայլերու կը ձեռնարկէ, ինչպէս օրինակ` կեդրոնին մէջ կազմակերպուող առողջապահական դասախօսութեանց մասնակիցները, դասախօսական շարքի աւարտին ինքնաբերաբար կ՛ենթարկուին արեան անվճար քննութեան, անկախ իրենց տարիքէն: Յուսամ մեր այս քայլով նախազգուշական կարեւոր իրագործում կատարած կ՛ըլլանք, որովհետեւ տարեցներ եղան, որոնք տեղեակ իսկ չէին եւ այսօր այս քննութեամբ իմացան, թէ կը տառապին կարգ մը հիւանդութիւններէ` շաքարախտ, սիրտ, արեան գերճնշում եւ այլն»: «Ի վերջոյ տարեցները մեր ընտանիքի անդամները կը նկատուին», ընդգծեց կեդրոնի տնօրէն Վերժին Խորշիտեան:

 

Նախորդը

«Կոկիկեան» Հիմնարկ. Աղբի Վերամշակումով Պատրաստուած Արուեստի Գործերու Ցուցահանդէս

Յաջորդը

Քեսապցիներուն Վերադարձին Նախապատրաստութիւնները Կը Շարունակուին

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.