Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Տանիելէ Տէ Ռոսսի Քոսթա Ռիքայի դէմ տեղի ունենալիք 2014-ի Մոնտիալին նախօրեակին ըսաւ, որ մրցակիցին թերագնահատումը իր խումբին համար անթոյլատրելի է:
«Մենք պէտք է զգուշանանք Քոսթա Ռիքայէն: Ոչ ոք չէր ակնկալեր, որ այս խումբը կրնայ 3-1 արդիւնքով յաղթել Ուրուկուէյի նման զօրաւոր խումբի մը: Քոսթա Ռիքայի դէմ պայքարելէ բացի, պայքար պիտի մղենք նաեւ տաքին դէմ: Իր արձանագրած այդ յաղթանակէն ոգեւորուած Քոսթա Ռիքա վարժուած է կլիմայական այս պայմաններուն եւ կրնայ մեծ վտանգ մը սպառնալ մեզի», կ՛ըսէ Տէ Ռոսսի:


