ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Թէեւ զարմանալի չէ գիտնալ, որ Թուրքիան եւ Միացեալ Նահանգները համաձայնեցուցած են իրենց պաշտօնական յայտարարութիւնները Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ, սակայն վերջին բացայայտումները հաստատած են անոնց ամօթալի գաղտնի ծրագիրները:
Նախորդ տարի Աւստրալիոյ մէջ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճոն Էւանս եղաւ առաջին բացայայտողը, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը պարբերաբար խորհրդակցած է Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան հետ` Հայոց ցեղասպանութեան ապրիլքսանչորսեան տարեկան ուղերձին բովանդակութեան վերաբերեալ:
Ասիկա յստակօրէն իր արտացոլացումը կ՛ունենայ Ցեղասպանութեան հարցով Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ համագործակցութեան մէջ, եւ նոյնիսկ աւելի սոսկալին` ամերիկեան իշխանութիւնները լռեցնելու քաղաքականութիւնը պարտադրուած է Թուրքիոյ ժխտողական վարչակարգին կողմէն…
Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ ամերիկեւթրքական գաղտնի համաձայնութիւնը վերջերս հաստատած է Տենիզ Քահրաման «Այտինլիք» թրքական թերթի մէջ` բացայայտելով, որ երկու կառավարութիւնները միասնաբար մշակած են այն յայտարարութիւնը, որով 2014 թուականի ապրիլ 23-ին հանդէս եկած էր Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան: Ան ցաւակցած էր հայերուն, թուրքերուն եւ այլոց, որոնք տարբեր պատճառներով մահացած էին Ա. Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին, այսպիսով, սպաննուած թուրք զինուորները հաւասարեցնելով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն:
Դիւանագիտական անանուն աղբիւրներու վրայ հիմնելով իր տեղեկութիւնը` Քահրաման կը գրէ, որ Սպիտակ տունը լիովին տեղեակ եղած է Էրտողանի յայտարարութեան բովանդակութեան մասին` նախքան անոր հրապարակումը: Փաստօրէն, Թուրքիոյ վարչապետին խօսքին բովանդակութիւնը պատրաստուած է Միացեալ Նահանգներու հետ միասին եւ վերջնական տեսք ստացած է երկու երկիրներու պաշտօնեաներուն կողմէն: Ըստ երեւոյթին, նախնական բնագիրը նախապատրաստուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէն, որմէ ետք Սպիտակ տունը որոշ փոփոխութիւններ կատարած է` այս հարցի առնչութեամբ «ամերիկեան զգայնութեան հիման վրայ»: Ապրիլ 21-ին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերջնական բնագիրը փոխանցած է վարչապետ Էրտողանի գրասենեակ, որ զայն հրապարակած է ապրիլ 23-ին:
Քահրաման նաեւ բացայայտած է, որ Էրտողանի յայտարարութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու կատարած փոփոխութիւնները ընդունելու դիմաց` Ուաշինկթըն առաջարկած է խափանել Հայոց ցեղասպանութեան ընթացիկ բանաձեւը ծերակոյտին մէջ` ապրիլի սկիզբը արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէն անոր ընդունումէն ետք:
«Այտինլիք» կը հաղորդէ, որ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուն նախորդ տարուընէ սկսեալ անձամբ կը հետեւի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով հայկական սփիւռքի նախապատրաստական աշխատանքներուն: Թուրքիան, ըստ հաղորդագրութեան, կ՛որոշէ իր հակաքայլերը, ներառեալ` մահաքունի մէջ գտնուող հայ-թրքական արձանագրութիւնները վերակենդանացնելու համար Հայաստանի կառավարութիւնը համոզելը, միաժամանակ աշխուժացնելով ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի միջնորդական ջանքերը ղարաբաղեան հակամարտութիւնը հանրային դիւանագիտութեան միջոցով լուծելու համար:
Ըստ «Այտինլիք»-ի, Անգարան գնահատականը կը կատարէ իր ծրագիրներուն, որպէսզի լաւագոյնս պայքարի հայերուն դէմ, որոնք Թուրքիայէն կը հետապնդեն իրենց պահանջները երեք առանձին ուղղութիւններով` «իրաւական, քաղաքական եւ հասարակական կարծիք»: Քահրաման կը յայտնէ, որ անցեալ տարուան յունիսին Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յառաջացած է լուրջ քաղաքական խզում, որմէ ետք Ուաշինկթըն սկսած է ճնշում գործադրել Թուրքիոյ վրայ, որպէսզի վերջինս աւելի վճռական քայլերու ձեռնարկէ Հայոց ցեղասպանութեան հարցի ուղղութեամբ եւ կարգաւորէ յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ: Միացեալ Նահանգները հանգստացնելու համար Թուրքիոյ վարչապետը հանդէս եկած է ապրիլ 23-ի յայտարարութեամբ` Հայոց ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցի նախօրէին:
«Այտինլիք»-ը նաեւ կը հաղորդէ, որ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին որոշումը` յօգուտ թուրք ժխտողական Տողու Փերինչեքի, ամրապնդած է Անգարայի ազդեցութիւնը միջազգային շրջանակներուն մէջ: Սակայն, Ուաշինկթըն կը փափաքի, որ Թուրքիան աւելի զիջողական ըլլայ Հայոց ցեղասպանութեան հարցով: Ահա թէ ինչու Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու իշխանաւորները կազմակերպեցին ապրիլ 23-ի Էրտողանի յայտարարութիւնը` նախագահ Օպամայի ապրիլքսանչորսեան ուղերձէն անմիջապէս առաջ:
Ուստի զարմանալի չէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի բարձր գնահատեց Էրտողանի ապրիլ 23-ի յայտարարութիւնը` զայն ներկայացնելով իբրեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման համար ճանապարհ հարթելու դրական քայլ: Ըստ էութեան, արտաքին գործոց նախարարութիւնը անտեղեակ հանրութեան դիմաց կը գովաբանէր իր իսկ մշակած յայտարարութիւնը:
Մինչ Թուրքիան եւ Միացեալ Նահանգները անազնիւ խաղ կը խաղան` հրապարակայնօրէն իրարու աջակցելով Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ նիւթուած յայտարարութիւններով, արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու խորհրդարանի մէջ կը բացայայտէ գաղտնիքը` յայտարարելով, որ Էրտողանի ապրիլ 23-ի ցաւակցական ուղերձը մաս կը կազմէր թրքական քարոզարշաւին` խոչընդոտելու Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման ուղղուած հայկական ջանքերը:
Վերջապէս կ՛ուզեմ յիշեցնել բոլոր անոնց, որոնք սխալմամբ կը պնդէին, թէ Էրտողանի ապրիլ 23-ի ուղերձը թուրք առաջնորդին կողմէ կատարուած աննախադէպ յայտարարութիւն էր, որ գրեթէ 90 տարի առաջ` 1926 թուականի յունիս 22-ին, նախագահ Քեմալ Աթաթուրքը «Լոս Անճելըս էքզամինըր» թերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին իսկապէս համարձակ յայտարարութիւն ըրած էր. «Երիտթուրքերու կուսակցութեան մնացորդները պէտք է հաշիւ տան մեր քանի մը միլիոն քրիստոնեայ հպատակներուն համար, որոնք դաժանօրէն արտաքսուեցան իրենց հայրենի օճախներէն եւ ոչնչացուեցան….»:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը


