«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Միացեալ Նահանգներու ուժային կառոյցները, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիոյ նահանգին մօտ ռուսական ռմբակոծիչներ նկատուած են:
Ըստ ամերիկեան կողմին, շաբթուան ընթացքին երկու «ԹՈՒ-95» օդանաւեր անցած են Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան սահմանին մօտէն` 50 քիլոմեթր հեռաւորութեամբ:
Անոնց պետական պատկանելիութիւնը ի յայտ բերած են օդ բարձրացած ամերիկեան կործանիչները: Կը շեշտուի, որ ռմբակոծիչները չեն խախտած Միացեալ Նահանգներու օդային սահմանը:
Առայժմ յայտնի չէ` արդեօք այս միջադէպին առնչութեամբ Ուաշինկթըն բողոք պիտի ներկայացնէ՞ Մոսկուային, թէ՞ ոչ:


