Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Ֆորպզ»-ի Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանը Այցելութեան Արժանի Ինը Թանգարաններու Կարգին Է

June 13, 2014
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Forbes_TankaranՀայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը ընդգրկուած է ամերիկեան հեղինակաւոր «Ֆորպզ» ամսագիրին հրապարակած այցելութեան արժանի ինը յուշակոթողներու ցանկին մէջ: Ըստ «Ֆորպզ»-ի` մայիս 21-ին Նիւ Եորքի մէջ այցելուներուն համար առաջին անգամ ըլլալով իր դռները կը բանայ 11 սեպտեմբերի ահաբեկչական յարձակման զոհ դարձած մարդոց յիշատակին նուիրուած թանգարանը:

Թանգարանը արդէն մէկ շաբաթէ ի վեր բաց է ահաբեկչական յարձակման պատճառով սպաննուածներուն հարազատներուն համար: Այս առնչութեամբ ամսագիրը անդրադարձած է աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ կառուցուած այլ ութ յուշակոթողներու, որոնք նուիրուած են ողբերգութիւններու եւ աղէտներու ընթացքին սպաննուած մարդոց յիշատակին` փորձելով պարզել, թէ այդ համալիրները ի՛նչպէս կը գործեն այսօր: Այդ ութ յուշակոթողներն են` Ողջակիզումի թանգարանը Երուսաղէմի մէջ, Ջրային աղէտներու թանգարանը Խրիմի մէջ, Չեռնոպիլի թանգարանը` Քիեւի մէջ, «Կուլակ»-ի թանգարանը Մոսկուայի մէջ, Խաղաղութեան յուշահամալիր-թանգարանը Հիրոշիմայի մէջ, «Թայթենիք Պելֆասթ» թանգարանը, Ափարթէիտի թանգարանը Ճոհանեսպուրկի մէջ:

Երուսաղէմի «Եատ Վաշեմ» թանգարանը հիմնադրուած է Բ. Համաշխարհային պատերազմէն քիչ անց` 1953 թուականին եւ Իսրայէլի օրէնսդիր մարմինին` Քնեսեթի որոշումով: Թանգարանի հաւաքածոյին մէջ ընդգրկուած են Ողջակիզումի զոհերուն պատկանող անձնական իրեր, փաստաթուղթեր եւ արուեստի գործեր:

Ջրային աղէտներու թանգարանը բացուած է 2009 թուականին եւ կը գտնուի Մալոռեչենսքոյէ գիւղին մէջ: Անիկա նուիրուած է ջրային տարերքի զոհ դարձած նաւաստիներուն, ձկնորսներուն եւ ուղեւորներու յիշատակին: Ներսէն թանգարանը խորտակուած նաւու տեսք ունի, ցուցանմուշները տեղադրուած են անկանոն կերպով` նպատակ ունենալով այցելուներուն մօտ ջուրի յատակը գտնուելու տպաւորութիւն ստեղծել:

Forbes_tankaran-2Չեռնոպիլի թանգարանը նուիրուած է 20-րդ դարու մեծագոյն մարդկային աղէտին: 1992-ին բացուած թանգարանին մէջ աւելի քան 7000 ցուցանմուշ կայ` լուսանկարներ, գաղտնի փաստաթուղթեր, լրատուական հրապարակումներ, Չեռնոպիլի տարածքին մէջ եղած իրերու օրինակներ:

Մոսկուայի «Կուլակ»-ի թանգարանը նուիրուած է «Ճամբարներու եւ կալանավայրերու գլխաւոր վարչութեան» կողմէ ղեկավարուող զանգուածային բռնի ազատազրկման եւ կալանաւորման վայրերու բանտարկեալներուն: Թանգարանը բացուած է 2001-ին: Աշխատակիցները մինչեւ օրս կը շարունակեն նիւթերու հաւաքագրումը:

1955 թուականին Հիրոշիմայի մէջ բացուած է Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի ռմբակոծման յիշատակին նուիրուած Խաղաղութեան յուշահամալիր-թանգարանը: Թանգարանային հաւաքածոն կը պատմէ հիւլէական պայթիւնին ունեցած հետեւանքներուն մասին: Խաղաղութեան յուշահամալիր-թանգարան այցելութիւնը ներառուած է Ճափոնի դպրոցական ծրագիրին մէջ:

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը բացուած է 1995-ին` Օսմանեան կայսրութեան ղեկավարութեան կողմէ ծրագրուած եւ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութեան 80-ամեակին առիթով: Թանգարանին մէջ մնայուն կերպով կը ցուցադրուին փաստաթուղթեր, վաւերագրական արժէք ունեցող լուսանկարներ, բազմատեսակ նիւթեր, որոնք կ՛արտացոլացնեն միջազգային հանրութեան վերաբերմունքը Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ:

Նշանաւոր «Թայթենիք» նաւու զոհերուն նուիրուած «Թայթենիք Պելֆասթ» թանգարանը (Հիւսիսային Իրլանտա) աշխարհի մէջ մեծագոյնը կը նկատուի: Թանգարանը կառուցուած է այն վայրին մէջ, ուր ժամանակին կառուցուած էր «Թայթենիք»-ը: Թանգարանին շէնքը նաւու ձեւ ունի:

Ճոհանեսպուրկ քաղաքին մէջ գտնուող Ափարթէյտի թանգարանը կառուցուած է բանտի օրինակով եւ կը ներկայացնէ 1948-1994 տարիներուն այդ պետութեան որդեգրած ցեղային հալածանքներու քաղաքականութիւնը: Այցելուներուն կ՛առաջարկուի իրենց մորթին վրայ զգալ ցեղային անհաւասարութիւնը. թանգարանի մուտքին երկու տեսակի տոմս կը վաճառուի` սպիտակամորթներուն եւ սեւամորթներուն համար: Խորքին մէջ տոմսերը կը տրուին անկախ այցելուներուն ցեղային պատկանելիութենէն, սակայն տոմսին համապատասխան` այցելուները տարբեր մուտքերով կ՛առաջնորդուին թանգարան:

Նախորդը

Անտիոքի, Ալեքսանտրեթի Եւ Մուսա Լերան Հայերը

Յաջորդը

«Ձանձրացել Եմ Պետութեանս` Թուրքիայի Ստերից` Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին»

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.