Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեամբ Ա. Սէ. Միլան յայտարարեց, որ պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` Քլարենս Սիտորֆը, որ իր պաշտօնին վրայ մնաց հգին ամիսէն նուազ:
Ակումբին կրտսերներու մարզիչը` Ֆիլիփօ Ինցակի, ստանձնեց անոր պաշտօնը:
38 տարեկան Սիտորֆի հետ Ա. Սէ. Միլան 19 մրցումի ընթացքին արձանագրեց 11 յաղթանակ:
Հոլանտացի միջազգային նախկին միջնապահ Սիտորֆ, նախքան Ա. Սէ. Միլանի կողմէ իրեն մարզիչի այս առաջարկը ներկայանալը, իբրեւ մարզիկ Պոթաֆոկոյի (Պրազիլ) մաս կը կազմէր:


