Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին յատուկ հրաւէրով, 22-24 յունիսին եռօրեայ այցելութեամբ Հայաստան պիտի այցելէ ճատրակի աշխարհի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն:
Անոր այս այցելութեան առիթով նախատեսուած են շարք մը հանդիպումներ` տարբեր մարզերու ներկայացուցիչներուն հետ: Այդ հանդիպումներուն մասին յառաջիկային յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի փոխանցէ ճատրակի ֆետերասիոնը:


