Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին եւ օրինակելի արարքով մը, Լուէյզի վարժարանը (Զուք) պատուեց իր բոլոր մարզիչներն ու մարզիկները (երկսեռ), որոնք տեղական տարբեր ախոյեանութեանց եւ մրցաշարքերուն ընթացքին պատուաբեր արդիւնքներ արձանագրելով, ինչպէս նաեւ տիրանալով տիտղոսներու, մրցանակներու եւ մետալներու, բարձր պահեցին վարժարանին անունը:
Վարժարանին կողմէ, բոլոր մրցանակակիրները բաժակներ եւ մետալներ ստացան` առ ի քաջալերանք իրենց կատարած իրագործումներուն` տարբեր տեսակի մարզաձեւերուն մէջ, որոնց կարգին` քոնկ ֆու, ժիւտօ, թեքուանտօ, աթլեթիզմ, ֆութպոլ, պասքեթպոլ, վոլիպոլ, փինկ փոնկ եւ այլն:


