Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՕՐԸ ՕՐԻՆ. ՀՈԳԵՄԱՇ ԲԱՅՑ ԵՒ ՀՈԳԵՇԱՀ

July 7, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հազարաւոր աշակերտներ հայկական, մասնաւոր եւ հանրային միջնակարգ դպրոցները աւարտելով պիտի մտնեն համալսարան, քոլեճ եւ կամ կեանքի ասպարէզ:

Այս հազարաւորներէն որոշ համրանք մը համայնքի շրջանակին մէջ պարբերաբար կ՛երեւի, կը գործէ, նոյնիսկ պատասխանատուութիւններ կը ստանձնէ երիտասարդական, մշակութային, եկեղեցական ու մարզական միութիւններու մէջ եւ իր ուսման կամ կեանքի նպատակներուն հետապնդման զուգահեռ կը նպաստէ հաւաքական մեր կեանքի յառաջընթացին:

Այդ տղաքն ու աղջիկները մեր բոլորին հիացմունքին առարկան են, գոնէ այդպէս կը յայտարարենք: Սակայն, որքան ալ գնահատենք ու հիանանք, այդ տղոց ու աղջիկներուն գործը դիւրացնելու, անոնց դէմ ծառացած մարտահրաւէրներուն համապատասխան միջոցներով անոնց օժանդակելու մեր քայլերը, մեր մասնակցութիւնը չափազանց անբաւարար կը թուին ըլլալ:

Ի՞նչ կ՛ընենք երիտասարդներուն համար մեր համայնքային միջավայրը հետաքրքրական, հաճելի, իմաստալից դարձնելու ուղղութեամբ: Մեզմէ շատեր արդէն այս հարցադրումէն փախուստ տալու ճամբաներ կը փնտռեն: Որո՞ւն ինչով օգնենք, որո՞ւն ինչով հետաքրքրենք, որո՞ւն ինչով ներգրաւենք: Ուրկէ՞ սկսինք: Վերջ ի վերջոյ հազարաւորներ ընդգրկելու, զանոնք մեր շուրջ պահելու համար մեր տրամադրութեան տակ պէտք է ըլլան աշխարհ մը միջոցներ ու կարելիութիւններ, զորս չունինք, չենք ծրագրած ունենալ, կամ սկսած ենք ծրագրել, սակայն յոգնած, սպառած ու հոգեմաշ զգացած եւ ձեռնթափ եղած ենք:

Սկսելու համար, հազարաւոր երիտասարդներուն հասնելու համար թիկունք կանգնինք այն տասնեակներուն, որոնք միութիւններ կը ղեկավարեն, սերնդակիցներու հետ աշխատելու կարողութիւնը եւ կարելիութիւնը ունին, բազմապատկենք իրենց կարելիութիւնները եւ ոգեւորենք զիրենք: Այդ է իսկական, հոգեշահ աշխատանքը:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

«Ասպարէզ»

Նախորդը

Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.- ԼԻԲԱՆԱՆԻ 34-ՐԴ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՌԵԼԻՆ` 16-18 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՍԿՍԻՆ 11 ՅՈՒԼԻՍԻՆ ԵՒ Կ՛ԱՒԱՐՏԻՆ 2 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ

Յաջորդը

ԷՐՏՈՂԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ԻՐ ՆՈՐ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.