Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն

June 11, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԲԸ Միութիւնը կը դատապարտէ Հալէպի Նոր Գիւղի եւ այլ հայաշատ շրջաններու հրթիռակոծումները եւ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ օգնութեան արտակարգ նախաձեռնութիւններ կազմակերպելու:

Սուրիական պատերազմը կը շարունակուի: Ռմբակոծումներու եւ հրթիռակոծումներու տեղատարափին, ահեղ եւ կործանիչ ռմբահարումներուն ու պայթումներուն պատճառով ամէն օր կը զոհուին անմեղ եւ անզէն խաղաղ բնակիչներ, գաղթական կը դառնան հարիւր հազարաւոր սուրիացիներ, կ՛աւերուին քաղաքներ, կը քանդուին շէնքեր, տուներ, հաստատութիւններ եւ անբողջ թաղամասեր` յարաճուն մահ եւ աւեր սփռելով Սուրիոյ տարածքին:

Պատերազմական գործողութիւններու մագլցումին առընթեր, մանաւանդ վերջին շրջանին` Հալէպը, մասնաւորապէս Նոր Գիւղի հայահոծ շրջանը, թիրախ դարձան դաւադիր հրթիռներու ու հրասանդներու` խլելով անմեղ հայորդիներու կեանքեր, նիւթական ծանր վնասներ հասցնելով հայկական վարժարաններուն, եկեղեցիներուն եւ ազգային հաստատութիւններուն, հրոյ ճարակ դարձնելով, ամբողջական քանդումի կամ կիսակործան վիճակի ենթարկելով մեր հայրենակիցներուն բնակարանները, գործատեղիները, վաճառատուները եւ իրերայաջորդ սերունդներու քրտինքով ստեղծուած անոնց սեփականութիւնները: Հալէպի Նոր Գիւղ շրջանի հարիւրաւոր հայ ընտանիքներ, ճարահատեալ եւ մազապուրծ, ապաստան գտած են բաղդատաբար աւելի ապահով նկատուած շրջաններու մէջ:

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ սուրիական պատերազմի առաջին իսկ օրէն երկրին անդորրութեան եւ խաղաղութեան կողմնակից սուրիահայութեան դէմ ուղղուած քստմնելի ամէն յարձակում: Սուրիահայ խաղաղ քաղաքացիներու բնակավայրերու դէմ գործողութիւնները, որոնք սկիզբ առած էին Քեսապի վրայ յարձակումով, այսօր կը շարունակուին Նոր Գիւղի եւ Հալէպի հայաբնակ այլ շրջաններու վրայ հրթիռներու եւ հրասանդներու արձակումով, որոնք լրջօրէն կը սպառնան սուրիահայութեան եւ ի մասնաւորի` հալէպահայութեան ֆիզիքական գոյութեան եւ կեանքի ու ապրելու իրաւունքին:

ՀԲԸՄիութիւնը միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղէ` անյապաղ միջոցներու դիմելու` պատերազմական գործողութիւնները դադրեցնելու, խաղաղ բնակչութեան դէմ ուղղուած եւ միջազգային իրաւունքով դատապարտելի բռնարարքներուն վերջ տալու, նաեւ զինադուլ կնքելու ուղղութեամբ, որպէսզի կարելի ըլլայ կենսական մարդասիրական օգնութիւն հասցնել աղէտեալներուն:

ՀԲԸ Միութիւնը` շարունակելով սուրիահայութեան մարդասիրական կարիքներուն հասնող իր ծրագիրները եւ նիւթական թէ բարոյական ամէն աջակցութիւն ցոյց տալով անոնց, միեւնոյն ատեն իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ Հալէպի եւ Նոր Գիւղի մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն օգնութեան արտակարգ միջոցառումներ կազմակերպելու նպատակով սերտօրէն գործակցելու ազգային բոլոր մարմիններուն եւ կառոյցներուն հետ:

 

 

Նախորդը

Քեսապի Հայաթափումը – Ահազանգի Ղօղանջներ. 3. Հաւաքական Մեր Ուժին Զինանոցը Լուրջ Կարիք Ունի Նորացման Եւ Հզօրացման

Յաջորդը

Նշմար. Կուշտը Անօթիին Վիճակէն Չի Հասկնար

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.