Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սփիւռք(ներ)-ի Վերապրումին Համար Կը Մշակուի՞ Համապարփակ Ռազմավարութիւն Մը

June 11, 2014
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Սփիւռք(ներ)ի հոլովոյթը եւ յարափոփոխ դիմագծութիւնը կը թելադրեն ունենալ կացութեան ճիշդ պատկերացումը` խուսափելով հաճոյակատարական, զգացական, մարդորսական եւ մակերեսային «հայրենասիրութենէ»:

Մշակոյթը եթէ ՈՐԱԿ-ով չիրականացուի, շաբաթավերջի զուարճութիւն կ’ըլլայ, կրկնութիւն եւ աղմուկ: ՈՐԱԿ-ն է ենթահողը, որուն վրայ կրնայ ծաղկիլ եւ զարգանալ իրաւ մշակոյթը եւ կը պահուի ազգային ինքնութիւնը:

ՈՐԱԿ-ը կ’առաջնորդէ՞ մշակութային նախաձեռնութիւնը:

Աւուր պատշաճի, յիշատակի, ապսպրուած «մշակութային» ձեռնարկը կառուցողական չէ, կը տեւէ ձեռնարկին տեւողութեամբ, համեմի կը նմանի, հազիւ աւարտած… կ’աւարտի թղթակցութեան մը կեանքով:

Գիրքի մը շնորհահանդէսը միշտ ալ տեղի չունեցող «պարտականութիւն» է: Շատեր արդէն գիրքը նուէր ստացած կ’ըլլան: Կը նպաստե՞ն գրականութեան տարածման եւ արժեւորման` հեռանալով հաճոյակատարական խօսքէ, որ չ’առնչուիր լուրջ արժեւորման, որ օգտակար ըլլայ ընթերցողին եւ գրողին:

Նոյնը` երգին, պարին, գեղանկարչութեան, թատրոնին: Ցուցահանդէսի առաջին օրը, վերնիսաժ-ը, ժամադրավայրն է «էսթէպլիշմընթ»-ին` լսելու համար գովք, որ արժեւորում չէ, յաջորդող օրերուն ցուցասրահը դատարկ կը մնայ:

«Յաջող» կը համարուին անորակ եկամտաբեր (չ)երգահանդէսները, Ճարակ` ամբոխին, զայն վեր չեն քաշեր, մշակոյթի զարգացման չեն ծառայեր, ան ամբոխին կողմէ վար կը քաշուի, «ժողովուրդը այդ կ’ուզէ»-ի (չ)իմաստութեամբ:

Ի՞նչ ընել եւ ինչպէ՞ս, ապագայակերտ եւ ինքնութիւն ամրացնող, տեւելու կոչուած ստեղծագործ մշակոյթ եւ մշակուած հանրութիւն ունենալու համար: Հարցումը անպատասխան թողուլ` անպատասխանատուութիւն է :

Ձեռնարկ մը միութեան մը գոյութիւնը չ’արդարացներ: Հարկ է մանրուքով չբաւարարուելով, որակ եւ արժէք սեւեռել, կրկնել խորքի հարցը, տարբեր մակերեսայինէ եւ օտարը եւ օտարացածը տպաւորելու միտումէ:

Յարդի բոցը այդքան է:

Մշակութային աշխատանքի համար պէտք է խօսիլ պարզ հարցերու մասին: Ո՞ր մշակութային աշխատանքը տանիլ եւ ինչո՞ւ:

Երբ պատահմամբ մեր քաղաքը կու գայ «ասմունքող» մը, ձեռնարկ կը կազմակերպուի: Ինչո՞ւ: Ո՞ր հանրութեան համար: Ներկան ի՞նչ պիտի տանի իրեն հետ:

Դեռ կայ տխրութիւնը «կողմ»-ի մարդիկը «քաջալերելու» փոխան ստեղծագործականի: Պաղ պատերազմը չկայ եւ իմաստութիւն է ըստ այնմ գործել:

Կը ծրագրե՞նք անմիջականէն անդինը` հարց տալով, թէ ի՞նչ բանի կը ծառայեն նախաձեռնութիւնները, ինչպիսի՞ մշակութային ինքնութիւն կը ստեղծեն, նպատակ մը կ’արդարացնե՞ն: Այսինքն կ’երթա՞նք դէպի ժողովուրդը, զայն մասնակից կը դարձնե՞նք, որպէսզի ըլլայ ժառանգորդ, ցուցական-ցուցադրականէ եւ անվաղորդայնէ տարբեր հարստացման ձեռքբերումով, որ վարչական-ելեւմտային մտմտուքէ վեր է, այսինքն` ինքնութեամբ տոկալու եւ տեւելու կամք, թաղայինէ, աշխարհագրականէ եւ կողմնապաշտականէ անդին:

Ի՞նչ բան կ’արգիլէ, որ ծրագրում կատարուի, «աւուր պատշաճի»-ները եւ ամբոխային հաճոյակատարութիւնը մերժելով, լուսաբանելով ժողովուրդը, որպէսզի ան չդառնայ ամբոխ:

Ինչպիսի մշակութային ազգաշէն ծրագրուած աշխատանք կատարել, աստ եւ անդ, իրագործելի ամէնուրեք, նպատակ ունենալով բարձրացնել ինքնութիւն կերտող ազգային-մշակութային որակը, որ դրամական-ցուցադրականէ աւելի կարեւոր է: Պիտի հասկնանք, որ մակերեսայինը եւ մասնակին կը տանին որակի պակասի: Ինքնարդարացման փորձը աղէտ է:

Մշակութային ռազմավարութեան առանցքին պէտք է որ գտնուի (գտնուէր) հայերէնի էականութեան ըմբռնումը: Մեր պատմահայրերը ամենայն իրաւութեամբ ըսած են, որ Հայաստանի սահմանները կը տարածուին մինչեւ հոն, ուր հայերէն կը խօսուի: Այսօր այս «սահմանում»-ին պէտք է ընկերացնել երկրորդը. «Ո՞ւր է հայութեան, հայ ըլլալու սահմանը (սահմանումը): Առանց ազգային լեզուի` ինչպէ՞ս կը սահմանուի հայութիւնը, կարելի՞ է նման սահմանում: Մի՞թէ յաճախ պէտք չէ կրկնել, Ռ. Իշխանեանի հետեւութեամբ, թէ «առանց լեզուի ի՞նչ ազգ»…

Ազգային լեզուէն տարբեր հասարակ յայտարար չունի ազգը:

Հայերէնով գրականութիւնը մշակութային ռազմավարութեան առանցքին է: Ցաւցնող է ըսել, որ հայածնունդի օտարալեզու գրականութիւնը հայ գրականութիւն չէ, նոյնիսկ եթէ տիպարները եւ աշխարհագրութիւնը «հայկական» են: Կրնայ ծառայել քարոզչութեան (ամբոխավարութեան):

Հայերէնի որակը դպրոցներու եւ գործունէութեան բոլոր մարզերուն մէջ, ռազմավարական նշանակութիւն ունի հայ մշակոյթին համար, հետեւաբար` ինքնութեան պահպանման համար:

Աւելի կարեւորութիւն կը տրուի հայածնունդի օտարալեզու խօսքին եւ գիրին, որ ժառանգութիւն պիտի չըլլայ: Հայատառ-հայալեզու գրականութեան պէտք է զարկ տալ, աջակցիլ, ծանօթացնել, հասցնել բոլորին:

Հայերէնը ուսման եւ հաղորդակցութեան բոլոր աստիճաններուն պէտք է ջամբել, դարձնել կենդանի միջոց, օրինակ, դասերէն անդին, խաղի, մարզանքի, զբօսանքի, ճաշի ընթացքին, երթալ դէպի զանգուածը, ծնողները, մամուլով եւ հանդիպումներով:

Ինչպէ՞ս, հայերէն գիրը, թերթը, գիրքը, ձայնը պիտի հասնի իւրաքանչիւրին, օգտագործելով արդի արհեստագիտութիւնը, այն խոր ըմբռնումով, որ մոլորակի հայութեան հասարակ յայտարարը հայերէնը եւ խորքային մշակոյթն են:

Տեղականի պատշաճեցումը ռազմավարական ուղի չէ, մասնակին ընդհանրական նպատակ չէ: Դեդեւումները ազգը յիշատակ կրկնող համայնք կը դարձնեն:

Ամպագորգոռ կարգախօսներէ անդին` վերհամայնքային, վերկուսակցական, վերյարանուանական խորհրդաժողով մը ինչպէ՞ս կարելի կ’ըլլայ:

9 ապրիլ 2014, Լոս Անճելըս   

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութիւնը` «Վարձկան Զինուորի» Աչքերով

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.