Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Խայծերը` 2015-ին Ընդառաջ

June 10, 2014
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Turkey-is-Guilty_tsouytsԼրագրող վերլուծաբան Հայկանոյշ Ալոյեան «Մետիամաքս» կայքին վրայ տեղադրուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ. «2015 թուականին կ՛ամբողջանայ Հայոց ցեղասպանութեան 100- ամեակը: Թէ՛ հայկական, թէ՛ յատկապէս թրքական կողմը հանգամանօրէն կը պատրաստուին 2015-ին:

«Եւ այսպէս, ամփոփելով փաստերը, համախմբելով մինչեւ հիմա Թուրքիոյ կատարած քայլերը, պիտի փորձեմ ներկայացնել Ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ քայլերու իմ տեսակէտս:

«Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նախօրեակին նախապատրաստական աշխատանքներ կը տանին ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայկական սփիւռքի մէջ, այլ նաեւ` Թուրքիոյ մէջ, ուր այդ հարցին շատ աւելի լուրջ ու համակարգուած մօտեցում ցոյց տուած են:

Տեւլեթ Պահչելի
Տեւլեթ Պահչելի

«2001-ի մայիսի 25-ին թրքական կառավարութեան կողմէ ստեղծուեցաւ «Անհիմն ցեղասպանութեան պնդումներու դէմ պայքարը համակարգող խորհուրդ»-ը: Կառոյցի նախագահ կը նշանակուի այն ժամանակուան փոխվարչապետ Տեւլեթ Պահչելի, իսկ խորհուրդի համակարգող` Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարի առաջին տեղակալը: «Խորհուրդի ստեղծման նպատակը տարբեր երկիրներու մէջ օրակարգ բերուող Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղուած ջանքերու չէզոքացումն էր: «Խորհուրդի կազմին մէջ ներառուած էին գրեթէ բոլոր պետական մարմինները, ինչպիսիք էին, օրինակ, ազգային պաշտպանութեան, արդարադարտութեան, ներքին եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններու, ազգային հետախուզութեան կազմակերպութեան, Թրքական պատմագիտական ընկերութեան նախագահութեան, Պետական արխիւներու գլխաւոր վարչութեան եւ այլ մարմիններու ներկայացուցիչներ: Խորհուրդը ղեկավարած է նաեւ Թուրքիոյ ներկայ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլը:

«Խորհուրդին գործունէութեան շնորհիւ` տպագրուած են հարիւրաւոր գիրքեր, Թուրքիոյ դպրոցներուն, համալսարաններուն ու այլ կառոյցներուն մէջ կազմակերպուած են ուրացման հարիւրաւոր «գիտաժողովներ»: Վերջերս ալ լոյս տեսան 35 հատորնոց «Հայերն ու թուրքերը պատմութեան մէջ» «գիտական» աշխատութեան 10 հատորները, որոնց վրայ աշխատած է շուրջ 350 գիտնական: Կը նախատեսուի հատորաշարքի 6-7 հատորները թարգմանել գերմաներէնի, անգլերէնի, ֆրանսերէնի, ռուսերէնի: Միւս հատորները լոյս պիտի տեսնեն 2015-ին:

«Կարելի է համարել, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նախօրեակին Թուրքիոյ պետութեան նախապատրաստութիւններու ծիրին մէջ եղած է նաեւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` հայերուն ուղղուած ուղերձը, որ հրապարակուեցաւ սոյն թուականի ապրիլ 24-ի նախօրեակին:

«(…) կրնանք եզրակացնել, որ 2015 թուականին նախօրեակին թրքական իշխանութիւնները պիտի աշխատին հետեւեալ ուղղութիւններով.

– Թուրքիոյ կրթական համակարգին մէջ ուրացման քաղաքականութեան ամրապնդում` գիտաժողովներ կազմակերպելով եւ գիրքեր հրատարակելով:

– Հայկական սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու հաստատում:

– Ցեղասպանութեան զոհերու եւ պատերազմի ժամանակ ունեցած թրքական կորուստներու հաւասարեցում:

– Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներուն Թուրքիոյ քաղաքացիութեան շնորհում:

– «Յայտարարութիւն-խայծերու» միջոցով Հայաստանի հանրապետութեան կառավարութեան հետ յարաբերութիւններու կարգաւորում:

«Ակնյայտ է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները 2015-ին կը պատրաստուին համակարգուած, եւ բուռն իրադարձութիւններով լեցուն տարի կը սպասուի, սակայն հարցական է, թէ հայկական կողմին պատասխանը որքա՛ն համակարգուած ու համարժէք պիտի ըլլայ թրքական ժխտողականութեան յարձակողապաշտ քաղաքականութեան»:

Նախորդը

Ըստ «Տը Կարտիընի», Իրան Եւ Ասատ Յաղթած Են

Յաջորդը

Շատախի (Վան) Հայկական Եկեղեցիներն Ու Մշակութային Ժառանգութիւնը Փրկելու Փորձ

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.