Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանը Կ՛աջակցի Համայն Աշխարհի Մէջ Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ձեռնարկներու Համակարգման

June 9, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Անցեալ շաբաթ Երեւանի մէջ գումարուեցան երկու կարեւոր համաժողովներ` յաջորդ տարուան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներու  նախապատրաստութեան ծիրին մէջ:

Մայիս 26-ին կայացած առաջին հանդիպման աշխարհի 40 երկիրներէ ներկայ էին Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ, որոնք տեղեկացուցին 2015 թուականի ապրիլ 24-ի իրենց ծրագիրներուն մասին: Այս առիթով ներկայացուեցան հարիւրամեակի խորհրդանշանը եւ կարգախօսը` «Ես կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ»: Մասնակիցներուն համար համաժողովը եզակի հնարաւորութիւն էր տեղեկատուութեան փոխանակման եւ միասնական ջանքերու համախմբման քննարկման առումով:

Մայիս 27-ին տեղի ունեցած երկրորդ հանդիպումը համախմբեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի անդամները, տարածաշրջանային յանձնախումբերու ներկայացուցիչներն ու տասնեակ մը հայ դիւանագէտներ եւ հոգեւոր դասի բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ համայն աշխարհէն: Պետական յանձնաժողովի կազմին մէջ են Հայաստանի եւ Արցախի ղեկավարութիւնը եւ սփիւռքի մեծագոյն հայկական կազմակերպութիւններու նախագահները:

Նախագահ Սարգսեան յանդուգն քայլ կատարելով` յայտարարեց, որ հրաւիրած է Թուրքիոյ նախագահը այցելելու Հայաստան 2015 թուականի ապրիլ 24-ին` Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութեան առերեսուելու նպատակով: Անակնկալի գալով` թրքական իշխանութիւնները դեռ չեն պատասխանած այս մարտահրաւէրին: Հայաստանի նախագահը նաեւ տեղեկացուց համաժողովին մասնակիցներուն, որ հրաւէրներ ուղարկած է շարք մը պետութիւններու ղեկավարներուն` այդ օրը այցելելու Երեւան: Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտը արդէն հաստատած է, որ մտադիր է մասնակցելու Հայաստանի մէջ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ձեռնարկներուն:

Պետական յանձնաժողովի անդամներու ելոյթներէն ետք, Արժանթինի, Ֆրանսայի, Լիբանանի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչները հնարաւորութիւն ունեցան հանդէս գալու համաժողովին: Ինձմէ եւս խնդրեցին ելոյթ ունենալ իբրեւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնախումբի համանախագահ:

Ելոյթս սկսայ` բացատրելով, որ աշխարհասփիւռ հայութիւնը պէտք չէ համակուած ըլլայ այն ակնկալիքով, թէ արդեօք նախագահ Օպամա պիտի ներառէ՞ ցեղասպանութիւն բառը 2015 թուականի ապրիլ 24-ի իր «յիշատակման» ուղերձին մէջ: Հակառակ տարածուած թիւրըմբռնման` Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը բազմիցս ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը` սկսեալ 1951 թուականէն պաշտօնական փաստաթուղթ ներկայացնելով  միջազգային դատարան, Ներկայացուցիչներու տան 1975 եւ 1984 թուականներու բանաձեւերով եւ 1981 թուականի ապրիլ 22-ին նախագահ Ռոնալտ Ռիկընի նախագահական հռչակագիրով: Հետեւաբար շատ անհրաժեշտ չէ պնդելու, որ նախագահ Օպամա եւս ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը` բացի իր տուած խոստումը յարգելու եւ սեփական պատիւը փրկելու համար:

Ես իմ ելոյթիս մէջ նաեւ առաջարկեցի, որ քանի Հայոց ցեղասպանութիւնը տեւած է 1915-էն մինչեւ 1923 թուականը, ուստի հարիւրամեակի առթիւ նախատեսուած ձեռնարկները պէտք է երկարաձգել 2015-էն մինչեւ 2023 թուական: Ասիկա իսկական մղձաւանջ պիտի ըլլայ թրքական կառավարութեան համար, որ ստիպուած պիտի ըլլայ դիմակայելու հարիւրամեակի ոչ թէ մէկ, այլ ութ տարուան ձեռնարկներուն:

Քանի որ հարիւրամեակը պատմական կարեւոր իրադարձութիւն է, ուստի ես կոչ ուղղեցի հայկական համայնքներուն` կազմակերպելու իւրայատուկ ձեռնարկներ, որոնք զանգուածային բնոյթ պիտի կրեն եւ հնարաւորութիւն պիտի ունենան ապահովելու համազգային կամ համաշխարհային հրապարակայնութիւն Թուրքիայէն հայ ժողովուրդի արդար պահանջներու համար: Հարիւրամեակի առթիւ պէտք չէ կրկնել նախկին ամէնամեայ ձեռնարկները: Սակայն, նախքան որեւէ ծրագիրի նախաձեռնելը, պէտք է սկիզբը յստակացնել այն նպատակները, որոնք պիտի իրականացուին, այնուհետեւ որոշել, թէ արդեօք նախատեսուած ձեռնարկները կ՛իրագործե՞ն այդ նպատակները:

Այնուհետեւ ես կարդացի համաժողովի մասնակիցներուն համար Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնախումբին որդեգրած առաքելութիւնը.

«Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը կը շեշտադրէ աշխարհասփիւռ հայութեան եւ բարի կամքի տէր բոլոր մարդոց պահանջատիրական պայքարը` յանուն արդարութեան: 2015 թուականին պիտի յիշատակուի 20-րդ դարու մարդկութեան դէմ գործած մեծագոյն յանցագործութիւններէն մէկը` Հայոց ցեղասպանութիւնը: 1915-ին թրքական կառավարութիւնը սկսաւ իր կանխամտածուած եւ համակարգուած արշաւը` արմատախիլ ընելու հայ բնակչութիւնը իր հայրենիքէն եւ կոտորելու 1,5 միլիոն անպաշտպան տղամարդիկ, կիներ եւ փոքրեր: Թուրքիան պէտք է վերջապէս ընդունի իր պատասխանատուութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան համար եւ համապատասխան բարոյական, նիւթական եւ տարածքային փոխհատուցումներ տայ` ըստ հիմնարար միջազգային չափանիշներու եւ քաղաքակիրթ հասարակութեան օրէնքներու»:

Ելոյթս աւարտեցի` առաջարկելով աշխարհասփիւռ հայութեան հարիւրամեակի իրենց գործողութիւնները այնպէս համակարգելու, որ միեւնոյն ուղերձը հասանելի ըլլայ ինչպէս բարեկամին, այնպէս ալ` թշնամիին: Ես նաեւ առաջարկեցի, որ պետական յանձնաժողովին կողմէ ընտրուած կարգախօսը` «Ես կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ», փոխուի հետեւեալ կերպով` «Մենք կը յիշենք եւ արդարութիւն կը պահանջենք»…

Թէեւ այս հանրահաւաքը պէտք է աւելի շուտ տեղի ունենար, սակայն անիկա  առաւել կարեւոր էր հարիւրամեակի նախատեսուած ձեռնարկներու համակարգման առումով: Զարմանալի չէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուն անցեալ շաբաթ յայտարարեց, որ իր կառավարութիւնը ուշի ուշով կը հետեւի հարիւրամեակի յանձնախումբերու երեւանեան հանդիպման: Բարեբախտաբար Հայաստանի մէջ կազմակերպիչները զգուշ էին հարիւրամեակի ծրագիրները հրապարակաւ չներկայացնելու եւ զանոնք թրքական իշխանութիւններէն գաղտնի պահելու հարցով` հնարաւորինս քիչ ժամանակ տալով անոնց հայկական նախաձեռնութիւններուն հակազդելու համար…

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

Նախորդը

Հայաստան-Նախիջեւան Սահմանը . Ազրպէյճանը Նոր Ճակա՞տ Է Բացում

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Պետական Յանձնաժողովը Համահայկական Հռչակագիր Կը Պատրաստէ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.