Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-Ի ԺՏԷՅՏԷ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ- ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ

July 7, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 25 յունիս 2011-ի երեկոյեան Նահր Քելպ շրջանի «Նահր Ըլասրար» ճաշարանին մէջ կը տիրէր խանդավառ եւ ՀՄԸՄ-ի բնորոշ եւ իւրայատուկ մթնոլորտ: ՀՄԸՄ Լիբանանի Ժտէյտէ մասնաճիւղի վարչութեան Սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետութեան կազմակերպութեամբ, հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան տեղի ունեցաւ պարահանդէս մը, որուն ներկայ գտնուեցան «Սողոմոն Թեհլիրեան» եւ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութիւններէն անդամներ, ՀՄԸՄ-ի համակիրներ ընդհանրապէս եւ ՀՄԸՄ Լիբանանի Ժտէյտէ մասնաճիւղի ծնողներ, սկաուտներ, արենուշներ մասնաւորապէս, ինչպէս նաեւ հիւրեր եւ բարեկամներ:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄ Լիբանանի Ժտէյտէ մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Գէորգ Հաննէեան: Ան ներկաները ողջունելէ ետք հաստատեց, որ ՀՄԸՄ-ը իր բոլոր միաւորներով եւ մարմիններով կարեւոր դեր կը կատարէ ապագայ մարդուն եւ ազգային նկարագիրի տէր հայու կերտման մեծ աշխատանքին մէջ: Գէորգ Հաննէեան յայտնեց, որ հայեցի կրթութեան եւ դաստիարակութեան համար դասագիրքեր չկան, ուստի ծնողներ կրնան ըլլալ առաջին դասագիրքերը: Այս կէտին իրագործման մէջ կրնան գնահատելի գործ կատարել հայ վարժարանները, որոնք իրենց ջամբած ուսման կողքին կրնան նաեւ իրենց խնամքին յանձնուած սերունդը կրթել կեանքի օրէնքներուն նկատմամբ գիտակցութեան ոգիով: Սակայն այնուամենայնիւ ՀՄԸՄ-ը իր կարգին կու գայ օժանդակելու տան եւ հայ վարժարանին տարած աշխատանքին: Պատանիներն ու երիտասարդները ՀՄԸՄ-ի շարքերուն ընդմէջէն կը սորվին անհատական եսերը ծառայեցնել հաւաքական մենքին, նշեց ան` աւելցնելով, որ ՀՄԸՄ-ի շարքերուն մէջ տասնամեակներ շարունակ գործած, նուիրուած, կերտուած եւ իրենց կարգին սերունդներ կերտած սկաուտներ, մարզիկներ եւ միութենականներ գիտակցած են այս միութեան արժէքին եւ միշտ առաջնահերթ նկատած են «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանը:

Ան իր խօսքի աւարտին յիշեցուց ներկաներուն, թէ ինչպէս վերջին ամիսներուն  մեծ դժուարութիւններ ունեցած էին սկաուտական հաւաքներու յարմար վայր ապահովելու գծով: Վարչութեան ատենապետը այս առիթով հաստատեց, որ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ջանքերով կարելի եղած է ունենալ յատուկ վայր մը, որ սակայն շատ մեծ հոգատարութեան կը կարօտի: Ասկէ մեկնած ան կոչ ուղղեց ներկաներուն իրենց օժանդակութեամբ, ներդրումով եւ քաջալերանքով նեցուկ կանգնելու այս նպատակի իրականացման:

Գէորգ Հաննէեան իր խօսքը եզրափակեց` շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՄԸՄ Շրջանային վարչութեան եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, ինչպէս նաեւ «Գարեգին Նժդեհ» եւ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէութիւններուն ու ներկաներուն:

Այնուհետեւ բեմ բարձրացաւ երիտասարդ երգիչ Գէորգ Փարիզեան, որ իր գրաւիչ ձայնով եւ համայն հայութեան սրտին խօսող հայերէն սիրային, էսթրատային, ժողովրդային երգերով ճոխացուց մթնոլորտը մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր:

Ձեռնարկին ընթացքին իբրեւ վիճակահանութիւն վաճառուեցան գաւաթներ, հայելիներ եւ գլխարկներ: Նշենք, որ բոլորին վրայ տպուած էին ՀՄԸՄ-ի Շուշանն ու ՀՄԸՄ   Ժտէյտէ անունը:

Նախորդը

«ՍԹԱՐ ԱՔԱՏԵՄԻ»Ի ՅԱՅՏԱԳԻՐԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՅ ՄԱՍՆԱԿՑՈՂԸ . ՏԱՂԱՆԴԱՒՈՐ ՀԱՅ ՄԸ ԺԻԼՊԵՐ ՍԻՄՈՆ

Յաջորդը

«ՄԵԾԱՐԱՆՔ ՏԱՌԱՊՈՂ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐՈՒՆ» ԱՐՁԱՆԸ ՄԹԷՅՆԻ ՄԷՋ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.