Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Հաճոյքէն Անդին

June 7, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹՈՐԳՈՄ

14067411569_d775ee6d1e_oՎաստակաւոր  ծառայասէր, ասմունքող եւ Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի  երբեմնի անդամ Յակոբ Կիւլոյեան քանի մը տարի առաջ Պէյրութի Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ կից գտնուող շէնքին առջեւէն անցած ատեն կանգ կ՛առնէ մուտքին դիմաց եւ «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի նախկին սթիւտիոյին ուղղութեամբ կ՛արտասանէ անունները հանգուցեալ բեմադրիչին եւ դերասաններուն. «Ժորժ Սարգիսեան, Զեփիւռ Շանթ, Խաչիկ Արարատեան, Ժորժ Շահապեան, Դաւիթ Պոյաճեան…», զանոնք այդ ձեւով վերապրեցնելու շատ յուզիչ եւ վիպապաշտ մղումով մը:

Իսկ այդ երանելիները, վերջերս Աստուծոյ կողքին նստած, վստահաբար վայելեցին Անոր «կատակերգութիւնը», որ ներկայացուեցաւ «Յակոբ Տ. Մելքոնեան» թատերասրահի բեմին վրայ, իրենց արժանի ժառանգորդներուն, խումբ մը «խենթեր»-ու կողմէ:

Շատ կը ներէք, բայց ուրիշ ինչ անուն կրնայի տալ մարդոց, որոնք իրենց առօրեայ տաղտկալի աշխատանքէն ետք, զիրենք ճնշող հոգերը ճզմելով, ամիսներ շարունակ ամէն գիշեր թատերական փորձեր ըրին` ենթարկուելով  քմայքներուն այնպիսի տղոց եւ աղջիկներու, որոնք տարիքային առումով իրենց զաւակները, նոյնիսկ թոռները կրնային ըլլալ: Ինչ բան այդ երիտասարդները կապեց այնպիսի պապուկներու, որոնք ներկայացման ժամանակ իրենց շարժելիք ուղղութիւնը կամ արտասանելիք բառերը կրնային մոռնալ…

Ի՞նչ անուն կարելի է տալ մարդոց, որոնք համատարած տափակութեան, արժէքներու համայնակուլ անկումի, արհեստագիտութեան սատանա-հրաշքներու այս ժամանակաշրջանին Արարիչին գործերուն միջամուխ կ՛ըլլան` ներկայացնելով «Աստուածային կատակերգութիւնը», տպաւորիչ-ժամանակակից բեմադրութեամբ, համոզիչ խաղարկութեամբ եւ ընդունելի արեւմտահայերէնով (նուազագոյն սխալներով… անսխալականը միայն Աստուած է):

Թատերական քննադատը այս ներկայացման մէջ վստահաբար տեսաւ բաներ, որոնք մեզի պէս մահկանացուներուս անմատչելի էին: Քննադատին մասնագիտական միտքը անպայման նշեց թերութիւնները, հասկցաւ (հաւնեցաւ կամ չհաւնեցաւ) բեմադրութիւնը, խաղարկութիւնը: Բայց պարզ հանդիսատեսին գործը չէ ատոնք հասկնալը (ան հաճոյք պիտի զգայ), ինչպէս որ կօշիկ գնողը պէտք չունի հասկնալու, թէ այդ կօշիկը ինչպէ՛ս արտադրուած է. կարեւորը` ինք հաւնի, հանգիստ զգայ: Հանդիսատեսն ալ գեղարուեստական հաճոյք պիտի ստանայ:

Ամիսներու տքնաջան աշխատանքն ալ թատերական քննադատին համար ոչ մէկ նշանակութիւն ունի: Կարեւորը արդիւնքն է, գործն է, որ առարկայականօրէն պէտք է վերլուծել, քննարկել, քննադատել:

Այս հոլովոյթին մէջ, սակայն, պէտք է հաստատել արուեստի հետ քիչ առնչութիւն ունեցող ազգային մանրամասնութիւն մը:

Միութեան մը թատերախումբի «խենթեր»-ուն խմբային հետեւողական աշխատանքի ոգին է, որ վարակիչ է, հաճոյք կը պատճառէ եւ մութ ներկան լուսաւորելով` անորոշ ապագան յուսալի կը դարձնէ: Գեղարուեստական հաճոյքին համազօր է, թերեւս` մեր ազգային ներկայ պայմաններուն մէջ, քիչ մըն ալ աւելի:

Իսկ տասնամեակներ ետք անպայման պիտի ըլլայ մահկանացու մը, որ «Յ. Տ. Մելքոնեան» թատերասրահի դրան առջեւէն անցած ատեն կանգ պիտի առնէ եւ պոռայ.

«Յակոբ, Զաւէն, Եուսուֆ, Վարդան, Արին, Արփի, Նժդեհ, Ժանօ, Ծովիկ, Կարօ, Հրայր…»:

 

 

Նախորդը

Վահան Հաճէթեանի Մահուան Քառասունքին Առթիւ . Մտորումներ` Տարբեր Տեսակի

Յաջորդը

Պարոն Արտաշէսը (Փոխան Իր Հեղինակած Հատորներու Գրախօսականի)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։