Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Ընդհանուր Գործադուլի Օրեր Կը Յայտարարէ 9 Եւ 10 Յունիսը

June 5, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հաննա Ղարիպ
Հաննա Ղարիպ

Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ բողոքի նստացոյց մը գործադրեց Յաւելուած արժէքի տուրքի կեդրոնին դիմաց` պահանջելով ուսուցիչներու եւ պետական մարզի պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումներուն վաւերացումը:

Նստացոյցին ընթացքին խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ յայտնեց, որ խորհուրդը անշեղ կը մնայ իր կեցուածքներէն եւ կը միտի սառեցնել պետական մարզն ու պոյքոթի ենթարկել պետական քննութիւնները:

Ան մաղթեց, որ երեքշաբթի, 10 յունիսին գումարուելիք օրէնսդրական նիստին ընթացքին կարելի ըլլայ վաւերացնել իրենց իրաւունքները եւ վերջ տալ այս հարցին, որուն համար եռամեայ պայքար կը մղուի:

Նշենք, որ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան խորհուրդին առնելիք մագլցողական յաջորդ քայլերը:

Նիստէն ետք խորհուրդին կողմէ երկուշաբթի, 9 եւ երեքշաբթի, 10 յունիսը յայտարարուեցան ընդհանուր գործադուլի օրեր` պետական բոլոր հաստատութիւններուն, նախարարութիւններուն, քաղաքապետարաններուն, նահանգապետութիւններուն եւ վարչապետարանին մէջ:

Խորհուրդին համաձայն, երկուշաբթի, 9 յունիսին բողոքի նստացոյց մը պիտի կատարուի Պիր Հասանի մէջ` հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան դիմաց, իսկ երեքշաբթի, 10 յունիսին առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ:

Ըստ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին, եթէ 10 յունիսի խորհրդարանի նիստին ընթացքին աշխատավարձերու յաւելումները չվաւերացուին, ապա իրենք չորեքշաբթի, 11 յունիսին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, բաց նստացոյց մը պիտի կատարեն կրթութեան նախարարութեան դիմաց, ինչպէս նաեւ կիրակի, 15 եւ երկուշաբթի, 16 յունիսին երեկոյեան ժամը 6:00-ին,  նստացոյցներ պիտի կատարեն արհեստից եւ թեքնիք դպրոցներու ընդհանուր տնօրէնութեան կեդրոնին դիմաց, Տըքուանէ:

Խորհուրդը կոչ ուղղեց նաեւ պոյքոթի ենթարկելու 12 յունիսին սկսելիք պետական քննութիւնները` հարցարաններ պատրաստելու, քննութիւններուն հսկելու, սրբագրութեան հիմքերը ճշդելու եւ սրբագրելու առումով:

 

Նախորդը

Զօր. Քահուաժի Ընդունեց Մուքպելը

Յաջորդը

Վարչապետ Սալամ Մտահոգ Է Օրէնսդիր Իշխանութեան Սառած Իրավիճակով

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։