
Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ նախագահական դատարկութեան ընթացքին կառավարութեան որդեգրելիք աշխատանքային ծրագիրը:
Շուրջ երեք ժամ տեւած նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ շեշտեց, որ կառավարութիւնը սահմանադրութեան համաձայն եւ համախոհութեան շրջագիծին մէջ պիտի գործէ` նկատի ունենալով երկրին մէջ տիրող քաղաքական զգայուն իրավիճակը, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
Ժրէյժ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Սալամ յայտնած է, որ կառավարութեան նախորդ նիստին ընթացքին նախագահական աթոռի թափուր մնալուն զուգահեռ կիրարկուելիք կառավարութեան աշխատանքային մեքանիզմը առաւելագոյն լրջութեամբ եւ համախոհութեամբ քննարկուած է, «իսկ այսօր ժամն է արդէն, որ այդ քննարկումները յանգին լուծումներու», աւելցուցած է Սալամ: Սակայն այդ մեքանիզմին շուրջ խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակուին:
Ժրէյժ յայտնեց, որ վարչապետ Սալամ կառավարութիւնը տեղեակ պահած է Միջազգային դրամատան նախագահ Ճիմ Եոնկ Քիմի հետ երէկուան իր հանդիպումին արդիւնքներուն մասին` նշելով, որ միջազգային ընտանիքը նախանձախնդիր է Լիբանանին տրամադրելիք իր օժանդակութիւններուն:


