
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Աշրաֆ Համտին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ անկէ ստացաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի երդմնակալութեան արարողութեան մասնակցելու հրաւէր մը:
Պըրրի ընդունեց նաեւ խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլին, որուն հետ քննարկեց ընդհանուր իրադարձութիւնները:
Պըրրիի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէ:
Միւս կողմէ, Պըրրի շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի` շնորհաւորելով զայն պաղեստինեան ազգային համաձայնութեան կառավարութեան կազմութեան առիթով:


