
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր մօտ կանչած է Գահիրէի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան գործավարը` կարգ մը թուրք պաշտօնատարներու Եգիպտոսի նախագահական ընտրութեան առնչութեամբ կատարած յայտարարութեանց նկատմամբ դժգոհութիւն յայտնելու համար:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պատըր Ապտելաթի յայտնեց, որ արտաքին գործոց նախարար Նեպիլ Ֆահմիի ցուցմունքներուն հիմամբ Արեւելեան եւ Հարաւային Եւրոպայի պետութեանց հարցերով անոր օգնականը Թուրքիոյ դեսպանատան գործավարը կանչած է նախարարութիւն եւ անոր փոխանցած, որ վերոնշեալ յայտարարութիւնները ընտրական հոլովոյթին ծանօթ չըլլալու կամ դիտաւորեալ անտեսումի արտայայտութիւն են` նշելով, որ այդ ընտրութիւնը արդար ու թափանցիկ եւ միջազգային ընտանիքի հետաքրքրութեան առարկան էր եւ անոր հետեւեցան միջազգային, շրջանային եւ տեղական կազմակերպութիւններ:


