Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Սեղանը Շրջող Հրաւէր Մը

May 31, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

3105vahoՀայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նախաձեռնողական քայլով մը Թուրքիոյ նախագահը հրաւիրեց 24 ապրիլ 2015-ին այցելելու Ծիծեռնակաբերդ: Հրաւէրը, հայ ժողովուրդի բոլոր հատուածներու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի նիստին ընթացքին յղուելով յաւելեալ նշանակութիւն եւ կշիռ ստացաւ: Թուրքիոյ ուղղուած այս հրաւէրը նաեւ շօշափելի քայլի դիմելու հրաւէր մըն է: Թրքական կողմը հայ-թրքական յարաբերութեանց կարգաւորման հարցին մէջ միայն յայտարարութիւններ կը կատարէ, ուստի անհրաժեշտ էր Անգարայի եւ միջազգային ընտանիքին ուշադրութեան յանձնել, որ «խօսքով ապուր չ՛եփիր»:

Այս մարտահրաւէրը թրքական կողմին համար անսպասելի էր, եւ այդ է պատճառը, որ մինչեւ այս պահը անճրկած եւ լուռ կը մնայ: Անգարա հաւանաբար չաճապարէ եւ իր պատասխանը յետաձգէ մինչեւ օգոստոս` Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւն` պատրուակելով, որ հրաւէրը ուղղուած է 2 ամիս ետք ընտրուելիք նախագահին, եւ ան է, որ պէտք է հրաւէրին պատասխանէ: Մինչ այդ, հայկական կողմը պէտք է ամէն պատեհ առիթի այս հրաւէրին ակնարկէ: Այդ ընթացքը պէտք է շարունակել նաեւ թրքական կողմի հաւանական մերժումէն ետք, որովհետեւ այս հրաւէրը քարոզչական գետնի վրայ կը հակակշռէ թրքական կողմէն շարունակ հնչող այն պատմութիւնը, թէ իրենք նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին հրաւէր ուղղած էին արխիւները բանալու եւ պատմութեան միացեալ յանձնախումբ մը ստեղծելով ցեղասպանութեան հարցին շուրջ երկխօսութիւն կատարելու, սակայն հայկական կողմը մինչեւ այսօր կը մերժէ հրաւէրը: Անոնք այդ ձեւով կը փորձեն միջազգային հանրութեան ներկայանալ իբրեւ կառուցողական կեցուածքի եւ բարի կամքի տէր: Նոյնիսկ Հայաստանի մէջ իշխանափոխութեան կամ նախագահափոխութեան պարագային` պէտք է միջազգային ընտանիքին շարունակ յիշեցնել, որ մենք Թուրքիոյ նախագահը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման օրուան նման զգայուն օր մը Ծիծեռնակաբերդ հրաւիրելով բարի կամեցողութիւն ցոյց տուինք, սակայն թուրքերը մերժեցին, իսկ մեր հրաւէրը կը շարունակէ սեղանին վրայ մնալ:

Սեղանը շրջուած է եւ այժմ մեր կարգն է նոյն յանկերգը ամէն առիթի երգելով թրքական իշխանութիւնները ձանձրացնելու:

 

 

 

Նախորդը

Համազգայինի 7-րդ Պատգամաւորական Ժողովի Ծիրին Մէջ. Համազգայինը Եւ Սփիւռքի Նախարարութիւնը Համագործակցութեան Յուշագիր Ստորագրեցին

Յաջորդը

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Տօնակատարութիւններէն Ետք` . Մայիսեան Յաղթանակներու Ժողովրդային Տօնախմբութիւն Անթիլիասի Մէջ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.