Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մերժելով Եւրոպական Դատարանի Վճիռը` Թուրքիան Կը Դառնայ Խայտառակուած Պետութիւն

May 24, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) 12 մայիսին արձակած է իր մեծագոյն դատավճիռը, որ երբեւէ կայացուցած է որեւէ երկրի դէմ` պարտաւորեցնելով Թուրքիան վճարել 123 միլիոն տոլար վնասուց փոխհատուցում անհետ կորած կիպրացի յոյներու հարազատներուն եւ հիւսիսային Կիպրոսի յունական բաժնի բնակիչներուն:

«Կիպրոսն ընդդէմ Թուրքիոյ» գործով դատարան դիմուած էին 1999 թուականին` հիւսիսային Կիպրոսի գրաւումէն 25 տարի ետք: Դեռ 2001 թուականին, երբ դատարանը վճռած էր, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը խախտած է եւրոպական համաձայնագիրի մարդու իրաւունքներու բազմաթիւ յօդուածներ, ՄԻԵԴ-ը յետաձգած էր Թուրքիոյ կողմէ վճարուելիք տուգանքի չափին սահմանումը:

Այդ որոշումը կայացուեցաւ այս ամսուան սկիզբը, երբ ՄԻԵԴ-ի Մեծ պալատի 17 դատաւորները հրապարակեցին իրենց վերջնական դատավճիռը: 16 թեր եւ 1 դէմ քուէարկութեամբ (հայ եւ կիպրացի դատաւորները քուէարկած էին մեծամասնութեան հետ, իսկ թուրք դատաւորը միակ ընդդիմադիրն էր) Եւրոդատարանը վճռեց, որ դատարանի 2001 թուականի որոշումը անվաւեր չի կրնար ճանչցուիլ այն պատճառով, որ անցած է 13 տարի, ինչպէս կը պնդէր Թուրքիան: 15 թեր եւ 2 դէմ քուէարկութեամբ ՄԻԵԴ-ը ընդունեց, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը պարտաւոր է վճարել 41 միլիոն տոլար, յաւելեալ հարկեր եւ տոկոսներ (եթէ չվճարուի երեք ամսուան ընթացքին) 1456 կիպրացի յոյներու համար, որոնք անհետ կորած են 1974 թուականին Կիպրոս թրքական ներխուժման պատճառով: Մէկ այլ` 15 թեր եւ 2 դէմ ձայներով ՄԻԵԴ-ը վճռեց, որ Թուրքիան պէտք է վճարէ յաւելեալ 82 միլիոն տոլար, աւելցուցած ցանկացած հարկեր եւ տոկոսներ (եթէ չվճարուի երեք ամսուան ընթացքին) այն վնասներուն համար, որ կրած են Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած հիւսիսային Կիպրոսի Կարպաս շրջանի թերակղզիին մէջ բնակող կիպրացի յոյները:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուն, դատարանի վճիռէն անմիջապէս առաջ զուր ջանքեր գործադրեց կանխելու ՄԻԵԴ-ի ակնկալուող բացասական որոշումը` նախազգուշացնելով, որ Թուրքիոյ դէմ կայացուող վճիռը պիտի խոչընդոտէ Կիպրոսի տագնապի կարգաւորման ընթացիկ բանակցութիւնները: Դատարանը արդարացիօրէն անտեսեց Տաւութօղլուի սպառնալիքը եւ արձակեց իր որդեգրած սկզբունքային վճիռը` յօգուտ Կիպրոսի:

Անկարող ըլլալով դատաւորներուն սպառնալու` Տաւութօղլուն արհամարհանքով յայտարարեց, որ Թուրքիան կը մերժէ Մարդու իրաւունքներու Եւրոպայի բարձրագոյն դատարանին դատավճիռը` նշելով, որ իր երկիրը պիտի մերժէ վճարել 123 միլիոն տոլար գումարը իբրեւ վնասի փոխհատուցում:

Հարկ է յիշեցնել Տաւութօղլուին, որ ՄԻԵԴ-ի «Մեծ պալատի դատավճիռները վերջնական են». անոնք  վերանայման ենթակայ չեն, եւ ըստ դատական գործերու նիւթերուն, «բոլոր վերջնական դատավճիռները կը փոխանցուին Եւրոպայի խորհուրդի նախարարներու կոմիտէին` անոնց գործադրման վերահսկողութեան համար»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին ամբարտաւան յայտարարութիւնը անկասկած մօտիկ ապագային յաճախանք պիտի դառնայ իր կառավարութեան համար: Եւրոպայի խորհուրդի բոլոր անդամները, առանց բացառութեան, պարտաւոր են ենթարկուիլ Եւրոդատարանի որոշումներուն: Դատարանին վճիռները պարտադիր են բոլոր անդամ պետութիւններուն համար: Վերջին քանի մը տասնամեակներուն ընթացքին Թուրքիան հարիւրաւոր դատական գործեր կորսնցուցած է Եւրոդատարանին մէջ եւ կամայ-ակամայ տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներ վճարած է իբրեւ տուգանք: Թուրքիան այլընտրանք չունի, եթէ կը փափաքի մնալ Եւրոպայի խորհուրդի անդամ: Պատահած է, որ ՄԻԵԴ-ի որոշումներուն իբրեւ արձագանգ` թրքական իշխանութիւնները սկիզբը յոխորտացած են, որ պիտի չվճարեն սահմանուած տուգանքները, սակայն, ի վերջոյ, ամբողջութեամբ վճարած են պահանջուած փոխհատուցումն ու տոկոսները եւս:

Եթէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը յամառօրէն կառչած մնայ Տաւութօղլուի պարծենկոտ մերժման, ուստի Թուրքիան պիտի զրկուի ոչ միայն Եւրոպայի խորհուրդի անդամակցութենէն, այլ նաեւ պիտի կորսնցնէ Եւրոմիութեան միանալու իր շատ խեղճ կարելիութիւնն անգամ…

Եւրոպայի խորհուրդի անդամ պետութիւնները իրաւունք չունին որոշելու՝ արդեօք կը փափաքի՞ն կատարել ՄԻԵԴ-ի վճիռները: Հակառակ պարագային, ինչո՞ւ 47 եւրոպական  երկիրներ միասնաբար տարեկան մօտ 100 միլիոն տոլար պիտի ծախսեն դատարան պահելու համար, եթէ անոր վճիռները անիմաստ են կամ ենթակայ են կամաւոր կատարման:

Վերջերս Թուրքիոյ ղեկավարները արհամարհած են գրեթէ բոլոր ներքին եւ միջազգային օրէնքները` բանտարկելով մրցանիշ նկատուող մեծ թիւով լրագրողներ, կրակելով Կեզի հանրապարտէզի խաղաղ ցուցարարներուն վրայ, ծեծելով հանքերու պայթումէն տուժածներու ընտանիքի անդամները, հակասեմական յայտարարութիւններ ընելով, սպառնալով վտարել Միացեալ Նահանգներու դեսպանը եւ Սպիտակ տան մէջ մատ թափահարելով նախագահ Օպամային դիմաց…

Եւրոպայի խորհուրդի նախարարներու կոմիտէն պէտք չէ հանդուրժէ խայտառակուած անդամ պետութիւնը, որ մարդու իրաւունքներու հիմնական խախտողներէն է: Խորհուրդը պէտք է Թուրքիան ազդարարէ, որ եթէ ան անյապաղ միջոցներու չձեռնարկէ 123 միլիոն տոլար տուգանքը վճարելու համար, ուրեմն պիտի հեռացուի Եւրոպայի խորհուրդէն եւ պիտի բռնագրաւուին անոր կալուածները երրորդ երկիրներու մէջ` ստիպելով անոր ի կատար ածել դատարանին վճիռը:

Եւրոպան պէտք է խիստ դիրքորոշում ցուցաբերէ այս դատավճիռին հարցով, քանի որ տակաւին նման բազմաթիւ դատավճիռներ պիտի արձակուին Թուրքիոյ դէմ Կիպրոսի վերաբերեալ, եւ հաւանաբար օր մը նաեւ` հայկական փոխհատուցման եւ հողային պահանջներով…

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

Նախորդը

Սահակ Մուրատեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

Յաջորդը

Ճամպազ. Վաղը` Աղջկանց Ախոյեանութիւնը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.