Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անգարա Հայկական Հարցով Կը Փորձէ Հրապուրել

May 23, 2014
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

CNN-TURK-Watertown«Սի. Էն. Էն. թիւրք»-ի եւ «Հիւրիյէթ»-ի անգլերէն բաժնի լրագրող Պարչին Եինանչ «Տը Մաժալլա» պարբերաթերթին մէջ կը գրէ, որ Թուրքիա անգամ մը եւս դիմացաւ տարուան այն ժամանակահատուածին, երբ օտար երկիրներու դեսպանները Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան առջեւ շարքի կը կենան ապրիլ 24-ին հայերու կողմէ ցոյցերու ժամանակ: Այս տարի Անգարայի մէջ Հոլանտայի եւ Վրաստանի դեսպանները անոնցմէ էին, որոնք արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուեցան իրենց երկրին մէջ սպաննուած կամ աքսորուած անատոլուցի հայերու յիշատակին յուշակոթողներու կանգնեցման վերաբերեալ պաշտօնական հակազդեցութիւնը լսելու համար:

Սակայն այս տարի` հայկական ողբերգութեան 99-ամեակին, ոգեկոչումներուն նկատմամբ Թուրքիոյ պաշտօնական կեցուածքին մէջ նկատառելի փոփոխութիւն մը գոյութիւն ունէր: Նախորդ տարիներուն Թուրքիա այդ ոգեկոչումներուն կ՛առարկէր: 2012-ին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց. «Մեզի համար ապրիլ 23-ին եւ ապրիլ 24-ին միջեւ տարբերութիւն չկայ»: Այս տարի Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ապրիլ 23-ին հրապարակեց անակնկալ գրաւոր յայտարարութիւն մը, որով կը նշէր. «Ապրիլի 24-ը իւրայատուկ նշանակութիւն մը ունի մեր հայ քաղաքացիներուն եւ աշխարհի տարածքին բոլոր հայերուն համար, եւ կարեւոր առիթ մը կը ներկայացնէ պատմական հարցի մը շուրջ ազատօրէն կարծիքներ փոխանակելու»:

Այս յայտարարութեամբ, Թուրքիա ապրիլ 24-ը պաշտօնապէս ընդունեց իբրեւ յիշատակման օր, ինչ որ մեծ քայլ մըն է, որովհետեւ առաջին անգամն է, որ թուրք ղեկավար մը պաշտօնապէս ցաւակցութիւն յայտնեց զանգուածային սպանութիւններուն համար:

Հանգստեան կոչուած դիւանագէտ Էօմեր Լիւթեմ, որ քառասուն տարի զբաղեցաւ Հայկական հարցով, կը հաւատայ, որ Էրտողանի յայտարարութեան դրդապատճառը գազանութիւնները իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչնալու հայերու ջանքերն են, որոնք կը նախատեսուին յառաջիկայ տարի 100-ամեակի առթիւ իրենց գագաթնակէտին հասնիլ: «Կը կարծեմ, որ այդ է գլխաւոր պատճառը», ըսաւ ան:

Վարչապետին յայտարարութիւնը անկասկած որ յառաջիկայ տարի սպասուող հայկական արշաւը դիմակայելու ջանքերուն մաս կը կազմէ, սակայն բոլորը համաձայն չեն, որ սպասուող հարիւրամեակը Թուրքիոյ կեցուածքի փոփոխութեան պատճառն է: Մէկ այլ հանգստեան կոչուած դիւանագէտ Վոլքան Վուրալ կը հաւատայ, որ ինքզինք քննելն ու Թուրքիոյ փոքրամասնութեանց հետ հաշտուելու ջանքը կառավարութեան արտօնած է անցեալը վերատեսութեան ենթարկելու: Իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը փորձած էր այս հարցը լուծել` բարելաւելով իրաւունքները Թուրքիոյ փոքրամասնութեանց, ներառեալ` հայերուն, ինչպէս նաեւ` փորձելով բնականոնացնել յարաբերութիւնները հայերուն հետ, որոնց հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունի:

Սակայն Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու 2009-ի ջանքը լաւ աւարտ մը չունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին շուրջ տարակարծութեան պատճառով: Նկատի ունենալով, որ Թուրքիոյ` Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները աւելի կարեւոր են, քան` Երեւանի հետ յարաբերութիւնները, Հայաստանի հետ հաշտութեան նոր փորձերը անհաւանական կը թուին: Զիջումի մը հաւանականութիւնը առաւել նուազ կը թուի` նկատի ունենալով, որ Թուրքիոյ մէջ օգոստոսին նախագահական ընտրութիւններ եւ յառաջիկայ տարի խորհրդարանական ընտրութիւններ նախատեսուած են:

Մինչ այդ թրքական կառավարութիւնը, որ կը մերժէ 1915-ի դէպքերը իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչնալ, կը շարունակէ 100-ամեակի վերաբերեալ հայերու ծրագիրներուն դէմ «հակայարձակումը»:

Շատեր այն կարծիքը ունին, որ հարիւրամեակի ազդեցութիւնը պէտք չէ չափազանցել: Վուրալ կը յայտնէ. «Անպայման որ գլխացաւեր պիտի ըլլան: Հաւանաբար ատիկա պիտի թունաւորէ յարաբերութիւնները կարգ մը երկիրներուն հետ, ոչ բոլորին հետ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու նման երկիրներու հետ` որոշ չափով, ինչպէս նաեւ` լատինամերիկեան երկիրներուն հետ եւս: Սակայն չեմ կարծեր, որ ասիկա Թուրքիոյ համար շատ մեծ հարց պիտի ըլլայ»:

Նախորդը

Թուրք Պատմաբան. «Թուրքերը 97 Տարի Առաջ Էլ Էին Ներողութիւն Խնդրել»

Յաջորդը

«Համազգայինը Դասական Դպրոց Չէ, Այլ Ամէն Ոճի Ներկայացուցիչը Պէտք Է Ըլլայ» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Յակոբ Տէր Ղուկասեան

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.