Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութիւնը Եւ Արեւմտահայաստանի Ազատագրութիւնը

May 20, 2014
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Այս «ԱՊՐԻԼ 24»-ն ալ անցաւ: Խանդավառող եւ յուզող ճառեր` բարեկամ օտարներէ լսուած, ինչպէս որ սովորութիւն է: «Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու-ճանչցնել»-ու զարդարանքը նոյնն էր,  ինչպէս` անցեալ տարի: Այսինքն «զիս սպասէ ես կու գամ»-ի եղանակը` զանազան ձեւերով կրկնուած: Երաժշտութեան մէջ ծանօթ «Լ’Արլէզեէն»-ին պէս:

Ինչո՞ւ մենք չենք ըսեր, նախ մենք, որ ցեղասպանութիւն գործուեցաւ հողի համար: Ինչո՞ւ մեզ սիրող, մեզի համար սիրելի մեր բարեկամները, ցեղասպանութեան, արեան, տառապանքի, ջարդի, անմարդկային արարքներու յիշեցման կողքին, չեն խօսիր հողի տիրացման համար գործուած ցեղասպանութեան մասին, քանի որ ան է բացատրութիւնը, եւ եթէ լուծում կարելի պիտի ըլլայ օր մը, այդ հանգոյցը պէտք է քակել: Պատահածը ո՛չ քրիստոնէական, ո՛չ իսլամական հաւատքի խնդիր էր:

Տասնամեակներէ ի վեր հայ հանրային կարծիքը զբաղեցնող եւ ենթադրաբար միջազգային շրջանակները լուսաբանելու կոչուած Ցեղասպանութեան որպէս այդպիսին փաստելու իմաստուն-գիտական ճիգերը եւ սպառումը թմրեցուցին հայ ազգային քաղաքական միտքը` ուշադրութեան կեդրոնը տեղափոխելով կեանքէն խօսքի մակարդակ: Մեր «բարեկամներ»-ը մենք վարժեցուցինք այդ ընելու:

Մինչեւ Լոս Անճելըս պիտի գայի լսելու համար Մարի-Ռոզ Ապուսեֆեանի անշպար խօսքը, որ գրուած-ըսուած է այլ եղանակներով եւ այլ երկինքներու տակ,  առանց լսող գտնելու, որ այս պարագային ծափահարուեցաւ, այդքա՛ն, արեւու մայրամուտին հետ մռռցուելու համար, Մոնթեպելլոյի յուշարձան-կոթողին շուրջ գտնուող ինքնաշարժները երբ հեռացած ըլլան Քալիֆորնիոյ գրեթէ անսահմանութեան մէջ:

Փաստի, պատմագիտական եւ փաստագրական աղմկարարութիւնը «Հայկական հարց»-ը նստեցուցած է սպասման սենեակներու մէջ եւ վնասազերծած է այն, ինչ որ սովորութիւն դարձած է «Հայ դատ» կոչել: Անհանգստացող չկայ: «Հայ դատ», որ շարունակութիւնն է միջազգային քաղաքական շրջանակներու երկու հարիւր տարիէ ի վեր ծանօթ «Հայկական հարց»-ին:

Բարոյական պարգեւի եւ մխիթարութեան ակնկալութենէ եւ շնորհէ անդին չանցանք, ազգովին, եւ գինովցանք շռայլուած աղուոր խօսքերով, որոնք իրաւունքի վերահաստատման յանձնառութիւն չէին:

Անշրջանցելի իրատեսութիւն է, որ իսկական քաղաքական ներկայացուցչութիւն է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը` վերանկախացումէն ի վեր: Բայց ան, քայլ պահելով դասական դարձած կեցուածքի հետ, Ցեղասպանութեան հարցին տրուող պատմագիտական եւ բարոյական արժեւորումով կը գոհանայ եւ «Հայկական հարց»-ը որպէս ազգային-քաղաքական խնդիր իր արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ, մասնաւորաբար Թուրքիոյ հետ, չ’արձանագրեր որպէս առաջնահերթութիւն: Կրնայ առարկուիլ, որ  դիւանագիտական ըմբռնումներու հակառակ է այդ եւ կը խանգարէ դրացիական յարաբերութիւնները (որոնք չկան): Ինչո՞ւ չխորհիլ, որ ճիշդ, մտածուած եւ հետեւողական դիւանագիտական յարաբերութիւններու ճամբով կարելի է երկխօսութիւն հաստատել, հարցերու աստիճանական լուծման ճամբայ հարթել:

Եթէ պետութիւնը չյաջողի, չուզէ կամ անկարող ըլլայ դիւանագիտութեան օրակարգ դարձնել «Հայկական հարց»-ը, անհատներ կամ սփիւռքի կազմակերպութիւններ ինչպէ՞ս պիտի կարենան այդ ընել: Օտարներու զօրակցութիւնը ապահովել` բարոյականէ անդին չ’անցնիր, բացի այն պարագայէն, երբ պետութիւն մը ուզէ իր խնդիրներու կարգադրութեան համար օգտագործել «Հայկական հարց»-ը եւ մեր միամտութիւնը: «Հայկական հարց»-ը քաղաքական օրակարգ դարձնելու համար ներկայ պէտք է ըլլալ եւ «ուժ» ունենալ: Խօսքի պղպջակները ուժը չեն փոխարիներ:

100-ամեակի մարմիններ ստեղծուած են: Գիրքեր պիտի հրատարակուին: Կրկին: Ցոյցեր պիտի ըլլան: Կրկին: Ոչ իսկ ցոյց, այլ` տողանցքներ: Ցուցադրական` ցուցականէ աւելի: Եթէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը «Հայկական հարց»-ը չուզէ միջազգայնացնել` ներկայանալով որպէս պահանջատէր, այս կամ այն համայնքի յանձնախումբերը ո՞ր դռնէն պիտի մտնեն իսկական քաղաքական առաջադրանք հետապնդելու համար, ո՞վ, որո՞նք եւ ո՞ւր պիտի լսեն հայկական պահանջները: Ինչպէ՞ս լսելի պիտի դարձնենք զանոնք:

Ինչ կը վերաբերի այդ պահանջներուն, այժմէականացուած եւ համազգային համախոհութեամբ բանաձեւուա՞ծ են անոնք: Միակ բանաձեւումը, որ կայ, Սեւրի դաշնագիրն է եւ անոր որպէս գործադրութիւն` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուիլսընի գծած սահմանները, որ նոր համաձայնութեան չէր կարօտեր, քանի որ որոշման մը գործադրութիւնն էր: Միացեալ Նահանգներու խուսափումը դրժումն էր յանձնառութիւններու` վասն ռէալ փոլիթիքի:

Գաղափարական եւ քաղաքական աշխատանքի ուղեգիծ ունի՞նք` որպէս հայ ժողովուրդի մնացորդաց մէկ միլիոնէ աւելի Թուրքիոյ տարածքին ապրող հայութեան անունով պահանջատիրական արշաւ կազմակերպելու, պայմանաւ որ այդ հայերը ընդունին, որ իրենց անունով «Հայկական հարց» հետապնդուի: Անոնք այսօր կրնան հանդիսանալ միջազգայնօրէն ընդունելի քաղաքական ազդակ: Ցարդ անոնք չեն ներառուած քաղաքական կեանքին մէջ: Հոս եւս Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որպէս իրաւասու անդամ միջազգային կազմակերպութիւններու, կրնայ դիմել նախաձեռնութիւններու: Սփիւռքը կրնայ զանազան բնոյթի օժանդակութիւններ բերել եւ ծառայութիւններ մատուցել: Հաւանօրէն յաճախ պէտք է կրկնել, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կոչուած է բանալի դերի, եթէ ի հարկէ ուզէ:

Ոգեկոչումները աւարտեցան: 365 օր մնացած է սպասուող «ֆեթիշ» թուականին: Եթէ «Հայկական հարց»-ը մինչ այդ չքաղաքականացուի, ի՞նչ պիտի ըսուի մեր ժողովուրդին եւ միջազգային համայնքին: Առանց այդ քաղաքականացման, մենք մեզ, եւ` օտարները մեզ, լուրջ պիտի համարե՞նք, պիտի համարե՞ն: Հարցումը պէտք է ուղղել առանց ճապկումներու եւ պատասխանել նոյնպէս առանց ճապկումներու:

Տիգրանակերտի վերկառուցուած եկեղեցիին մէջ մատուցուած պատարագը, սրտցաւ թուրք մտաւորականներու զօրակցութիւնը եւ բացայայտումները ենթահող են քաղաքական աշխատանքի, կը նպաստեն Ցեղասպանութեան որպէս այդպիսին ճանաչման, բայց «Հայկական հարց»-ի միջազգայնացում չեն:

Առանց զգացականութեան, մեր հայեացքը այս կամ այն պետութեան կամ միջազգային մարմիններու ուղղութեամբ սեւեռելու, նախ սեւեռենք դէպի Հայաստանի Հանրապետութիւնը` առանց գոհանալու երեւելիական խաբուսիկ բաւարարութիւններով: Ի՞նչ պիտի ընէ ան, եւ չ’ըներ «Հայկական հարց»-ը քաղաքականացնելու համար:

Եթէ խորհրդային օրերուն ըսող եղաւ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը ամենայն հայոց կառավարութիւն չէ, ներկայ վերանկախացած Հայաստանի Հանրապետութիւնը պարտք պէտք է համարէ, առանց խուսանաւելու, յստակութեամբ արտայայտուիլ, որպէսզի հայրենահանման հետեւանք սփիւռքը թերեւս կարենայ, ցուցականէ եւ ցուցադրականէ անդին, իրաւ ուղի որոնել (եւ գտնել), հանդէս գալ որպէս իրաւատէր եւ պահանջատէր:

Բացի պատկեր ըլլալու քաղքենիական բաւարարութենէ` խորհրդաժողովները ոչինչ ըսին այս մասին: Ներկայիս բազմիցս կեդրոնական անուններով երթեւեկը եւ լուսանկարներով ուշագրաւ ժողովները պիտի յանգի՞ն քարոզչական-լուսաբանական թափահարումներէ տարբեր քաղաքական նախաձեռնութիւններու: Այս կամ այն առիթով զանգուածները պիտի ըլլան սոսկ հանդիսատե՞ս, թէ՞…

Աւանդական դարձած տեղքայլը դեռ որքա՞ն կրնայ տեւել, երբ գիտենք, որ հայկական համայնքները տեւաբար կ’ապամշակութանան, ինքնութիւն կը կորսնցնեն, կը կծկուին: Այսինքն ուժի եւ յանձնառութեան ենթահողը կը փոքրանայ: Լաւ է զբաղիլ բաժակի լեցուն մասով` առանց աչքաթող ընելու դատարկ մասը, ինչ որ պէտք է կոչել իրապաշտութիւն:

Տպաւորող հասարակ տեղիք է ըսել, որ ժամանակը ի նպաստ մեզի չ’աշխատիր: Ինչպէ՞ս այդ ժամանակը մեզի ի նպաստ պիտի աշխատի եւ ո՞ր ազգային հարազատութեան-ինքնութեան որակով պիտի լեցնենք այդ թռչող ժամանակը: Մէկ օրուան հրավառութիւններէն ետք պիտի ուզե՞նք եւ պիտի կարենա՞նք պատասխան ճարել հարցումներուն:

Առանց գոհանալու եղածով` լուռ-լռած մեծամասնութիւնը ինչպէ՞ս պիտի բերենք, որպէսզի ան մասնակից ըլլայ պատասխաններու եւ ճարերու որոնման: Այս արդէն ուժի կերտման հեռանկարային օղակ է:

 

 

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Պատմագիտական Ընկերութեան Հակահայ Գիտաժողովին Միայն 7 Ունկնդիր Մասնակցած Է

Յաջորդը

Մուժամաա Հարիրի Սառեցուց Այս Տարեշրջանի Իր Փինկ Փոնկի Մարզը

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.