Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սիրաշահելու Թրքական Ոճը

May 13, 2014
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՀՈՐԻԶՈՆ»

ՍԻՐԱՇԱՀԵԼՈՒ-ԹՐՔԱԿԱՆ-ՈՃԸՊիւլենթ Քենեշ թրքական «Թուտէյզ Զաման» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կ՛անդրադառնայ Թուրքիոյ վարչապետին գրասենեակին կողմէ Ապրիլ 23-ին «1915-ի բռնի տեղահանութեան եւ ջարդին զոհ գացած հայերու զաւակներուն եւ թոռներուն ուղղուած» ցաւակցական պատգամին:

Ան կը գրէ, որ ինը լեզուներով, ներառեալ` թրքերէնով ու հայերէն երկու բարբառով, եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ ստորագրուած այս պատմական յայտարարութիւնը ճիշդ ուղղութեամբ քաջարի քայլ մըն է: Սակայն այդ մէկը չի ծածկեր այն իրողութիւնը, որ ի վերջոյ մարտավարական քայլ մըն էր, որովհետեւ այս պատգամին նպատակը հարցը լուծելը, անցեալին հետ առերեսուիլն ու ճշմարտութեան վրայ լոյս սփռելը չէ, այլ կը ձգտի ժամանակաւորապէս ձերբազատելու անմիջական հարցէ մը եւ ժամանակ շահիլ: Այն իրողութիւնը, որ յայտարարութիւնը հրապարակուեցաւ 23 ապրիլին, այսինքն` Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման օրուան` 24 Ապրիլէն մէկ օր առաջ, այս թեզը հաւաստի կը դարձնէ:

Ապրիլ 24-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ  աշխարհի տարածքին բազմաթիւ այլ նախագահներ, կառավարութիւններ եւ խորհրդարաններ «1915-ի ողբերգութեան» շուրջ յայտարարութիւններ կը կատարեն: Բոլորն ալ իրենց խղճին մէջ կը գիտակցին, թէ այս ողբերգութիւնը ցեղասպանութիւն մըն է, թէեւ քաղաքական, դիւանագիտական կամ տնտեսական շահերէ մեկնելով` այդ եզրը չեն օգտագործեր:

Հեղինակը կը գրէ. «Իրականութեան մէջ այս տարուան ապրիլ 24-ը մեր դիմակայելիք յոռեգոյնը չէ: Անիկա Թուրքիոյ համար 2015-ի բուն քննութեան համար փոքր փորձ մըն է: 2015-ը Հայոց ցեղասպանութեան 100- ամեակն է, որմէ Թուրքիան ո՛չ կրնայ խուսափիլ, ո՛չ ալ անտեսել»:

«Միւս կողմէ` սպասելի չէր, որ Էրտողան այսպիսի յայտարարութիւն մը հրապարակէր, երբ այնքան անտարբեր է իր իսկ պատճառած ցաւին: Իրապէս դժուար է հաւատալ, որ Ուլտերէի ողբերգութեան, որուն ընթացքին 34 քաղաքացիներ ահաբեկիչներու հետ շփոթուեցան եւ Շըռնաքի Ուլտերէ շրջանին մէջ օդային հարուածի ենթարկուելով` սպաննուեցան, կամ Կեզի զբօսայգիի ցոյցերուն ընթացքին զոհուած ցուցարարներուն նկատմամբ ամբողջովին անտարբեր գտնուած նոյն անձը ստորագրած ըլլայ այս յայտարարութիւնը»:

«Հարկ է նշել, որ այս պատգամը աւելի կը ջանայ միջազգային բեմի վրայ Թուրքիոյ վարկը վերականգնել, քան` հայերուն ցաւը կիսել: Կարելի է ըսել, որ Էրտողան այս քայլով սիրաշահելու թրքական ոճի արշաւի մը նախաձեռնեց: Հակառակ ատոր` այս պատգամը անարժէք չէ, սակայն նոյն ատեն անկեղծութեան չգոյութիւնը լոյսի տակ կ՛առնէ:

«Որեւէ սպասում, որ անձնաւորութիւն մը, որ այսօր այսքան ողբերգութեանց աղբիւրն է, կրնայ լուծել պատմական ողբերգութիւն մը, միայն յուսախաբութեան պիտի առաջնորդէ»:

 

 

 

Նախորդը

Երջանկութեան Լերան Անունը

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած 105-Ամեայ Քնար Եմենիճեանին Ոդիսականը

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.