Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ էյթ»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին Ամշիթ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ի տղոց ներկայացուցչական խումբը, 111-95 արդիւնքով (11-14, 43-37, 79-68 եւ 111-95) յաղթանակ մը արձանագրելէ եւ 3-0 արդիւնքով գերազանցելէ ետք ՀՄԸՄ-ը ապահովեց «ֆայնըլ ֆոր»-ի մրցումներուն իր տոմսը, ուր կը ճակատի Սաժեսի դէմ:
ՀՄԸՄ-ը եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Տիոն Տիքսըն (36′ 39″, 34 կէտ), իսկ մնացեալ կէտերը նշանակեցին եւ այս մրցումին դաշտ ներկայացան հետեւեալ մարզիկները.
Յարութ Տեքերմենճեան (1′ 58″), Հայկ Խաչերեան (6′ 49″), Սեւակ Քեթենճեան (18′ 09″), Ռալֆ Աքըլ (18′ 20″, 5 կէտ), Թերենս Լիթըր (39′ 13″, 27 կէտ, 12 ռիպաունտ), Հայկ Կէօքճեան (40′ 00″, 22 կէտ եւ 4 ռիպաունտ), Ճօ Վոկըլ (36′ 49″, 7 կէտ, 7 ռիպաունտ) եւ Մարք Քորճեան (1′ 58″):
Իսկ Ամշիթէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ժերեմիա Մէյսի (40′ 00″, 32 կէտ, 9 ռիպաունտ) եւ Ֆատի Խաթիպ (40′ 00″, 31 կէտ, 13 ռիպաունտ):
Ինչ կը վերաբերի շաբաթ օր տեղի ունեցած մրցումներուն, Սաժես ապահովեց յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը` 3-0 արդիւնքով գերազանցելէ ետք Թատամոնը:
84-70 եւ 87-76 արդիւնքով յաղթանակներ արձանագրելէ ետք, Սաժես այս անգամ եւս յաղթեց` 86-69 արդիւնքով (19-19, 42-34, 63-47 եւ 86-69)` Ղազիրի դաշտին վրայ կատարուած յաջորդական երրորդ մրցումին ընթացքին:
Շաբաթ օրուան երկրորդ մրցումը, որ իրարու դէմ հանեց Ռիատի Պէյրութը եւ Շանվիլը, աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Ռիատիի յաղթանակով` 104-60 արդիւնքով (24-14, 45-26, 79-34 եւ 104-60):
Այսպիսով, Ռիատի 2-1 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը: Առաջինին յաղթանակ արձանագրած էր Ռիատի 74-50, մինչ երկրորդին Շանվիլ` 75-66 արդիւնքով:
Ռիատիէն Ահմետ Իպրահիմ նշանակեց 38 կէտ:


