Կազմակերպութեամբ Պէյրութի միջազգային մարաթոնի միութեան, երէկ` կիրակի, 4 մայիսին տեղի ունեցաւ կիներու 2014-ի վազքի մրցումը, մասնակցութեամբ` հազարաւոր վազողներու, «Վազէ առաջ» անուան ներքեւ:
Աղջկանց 10 եւ 5 քմ վազքի այս մրցումին մասնակցեցան նաեւ տղամարդիկ ալ` առ ի զօրակցութիւն կիներու իրաւունքներուն:
Անոր ներկայ գտնուեցան Լիբանանի առաջին տիկինը` Ուաֆա Սլէյման, Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթ եւ բազմաթիւ ուրիշներ:
Այս վազքի մրցումը սկսաւ «Պիել»-էն եւ աւարտեցաւ Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին մօտ:


