Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 165-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

July 4, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վեր. Գարակէօզեան կ՛ուղղէ իր պատգամը

Հովանաւորութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան (ՄԱՀԱԵՄ), Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 165-ամեակին առիթով երէկ` կիրակի, 3 յուլիս 2011-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր պաշտամունք:

Պաշտամունքին ընթացքին կարդացուեցան Աստուածաշունչէն հատուածներ, տեղի ունեցաւ երգեցողութիւն եւ փոխասացութիւն` ընկերակցութեամբ ներկայ ժողովուրդին, աղօթք, ինչպէս նաեւ «Արմիս» երգչախումբը (ղեկավարութեամբ Կարօ Աւէսեանի) մեկնաբանեց «Հիանալի շնորհք Յիսուսի»ն եւ Տէրունական աղօթքը:

Օրուան պատգամը փոխանցեց ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահ վեր. դոկտ. Մկրտիչ Գարակէօզեան: Ան նկատել տուաւ, որ Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ 165-ամեակին առիթով կ՛ուզեն յիշել կեանքի այն որակը, զոր հետապնդեցին առաջին աւետարանականները, եւ այսօր իրենք եւս կ՛ուզեն հետապնդել: «Այս որակը կ՛ենթադրէ մտքի արթնութիւն, սրտի ազնուութիւն, նուիրման եւ վարմունքի սրբութիւն, որոնք առաջնորդ եղան մեր առաջիններուն եւ շարունակութիւն հանդիսացան դարերու վրայ տարածուող ու մեզի հասնող, մեր ազգին մէջ հիմնաւորուած սուրբ աւանդին, որպէսզի մենք եւս ջանանք նոյն տեսիլքով նոյն աւանդը վառ պահել, բարձր պահել», հաստատեց վեր. դոկտ. Մկրտիչ Գարակէօզեան` աւելցնելով, որ Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցին շեշտած է եւ այսօր ալ կը շեշտէ Յիսուս Քրիստոսի վրայ հիմնուած գիտակից եւ գործնական հաւատքը:

Ան ընդգծեց, որ մշակոյթը եւ պատմութիւնը մեզի կրնան ցոյց տալ, թէ ուրկէ՛ եկած ենք, սակայն անոնք մեզ պիտի չփրկեն անցեալի թէ ներկայի բարոյական եւ հոգեկան տառապանքներէն: Եզրափակելով իր խօսքը` վեր. Գարակէօզեան յորդորեց ներկաները արթննալու անկեղծ մտքով, արմատանալու Տիրոջ խօսքին մէջ, ապաշխարելու եւ դառնալու Տիրոջ ճշմարտութեան, ձգտելու սրբութեան, կեանքը ապրելու խաղաղութեամբ` աւելցնելով, որ «իբրեւ ժառանգորդները Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ, կ՛ուզենք տօնել կեանքի այսպիսի որակ, որովհետեւ Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցին ծնունդ առաւ հաւատալով այս որակին: Թող այս եկեղեցին այսօր նորոգէ իր ուխտը` հաւատարիմ ըլլալու այս տեսիլքին, իր բոլոր հաստատութիւններով ու կառոյցներով, եւ մեր ազգը պայծառանայ…», եզրափակեց վեր. դոկտ. Մկրտիչ Գարակէօզեան:

Աւարտին, կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի, «Մաթոսեան» արուեստի ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ցուցահանդէս: Ներկայացուած էին հրատարակութիւններ, խմբանկարներ, եկեղեցական սպասներ:

Ցուցահանդէսի բացման արարողութեան ընթացքին խօսք առաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ բացատրութիւններ տուաւ ներկայացուած նկարներուն, հրատարակութիւններուն եւ սպասներուն մասին:

Իր կարգին, վեր. դոկտ. Մկրտիչ Գարակէօզեան հաստատեց, որ մեր նախնիները հաւատքը իւրացուցին, ապրեցան, պահեցին եւ մեզի կտակեցին` աւելցնելով, որ պէտք է այս բոլորին գիտակցինք եւ հաւատարիմ մնանք:

Նախորդը

ՓԱՌԱՏՕՆ Ի ՔԱՂԱՔՆ ՎԱՆ» ՆԻՒԹՈՎ ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՓԱԿՄԱՆ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Յաջորդը

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕԾՄԱՆ 16 –ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ` ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.