

Նախորդ շաբաթավերջին Արժանթինի մէջ սկսաւ «Քոփա Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքը, որ Մոնտիալէն ետք շատ կարեւոր կը նկատուի հարաւային ամերիկացիներուն համար, այնպէս ինչպէս եւրոպացիներուն համար շատ կարեւոր կը նկատուի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը:
Հիւրընկալ երկիրը` Արժանթին, հաւասարութեամբ սկսաւ այս մրցաշարքը, երբ քիչ մը դժուարութեամբ 1-1 արդիւնքով բաժնուեցաւ Պոլիվիայէն: Էտիվալտօ Ռոխաս նշանակեց Պոլիվիոյ կոլը (47-րդ), իսկ Սերճիօ Ակուերօ` Արժանթինի կոլը (77-րդ):
Նոյն խմբակին (Ա. խմբակ) մաս կազմող Քոլոմպիա 1-0 արդիւնքով յաղթեց Քոսթա Ռիքայի, որ մրցումը աւարտեց տասը մարզիկով: Ատրիան Ռամոս նշանակեց Քոլոմպիոյ կոլը (45-րդ):


